Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Փիլիսոփայական մտորումներ 32. Նպատակը Կ՛արդարացնէ՞ Միջոցները

Սուրէն Շէրիք

December 9, 2025
in Յօդուածներ
0
Փիլիսոփայական մտորումներ 32. Նպատակը Կ՛արդարացնէ՞ Միջոցները

Իրատես փիլիսոփայութեան ներկայացուցիչ Նիքոլա Մաքիավելլի, ծանօթ` Մաքիավել անունով  (ծնած՝ Ֆլորանս եւ ապրած 1469-1527 թուականներու միջեւ) իր վարդապետութիւնը կեդրոնացուցած է առաքինութիւն գաղափարին շուրջ։ Սակայն այս առաքինութիւնը մեզի այնքան ծանօթ առաքինութիւնը չէ․ արդէն իտալերէն համարժէքն է virtu, որուն առաջին վանկը՝ vir, մեզ կ՛առաջնորդէ արական ուժ (force virile) եզրին։  Մաքիավել  կը հաստատէ, որ ղեկավար մը «բարոյական»ի գաղափարով  պէտք չէ կաշկանդուած ըլլայ, այլ պէտք է ընէ այն ինչ որ անհրաժեշտ է, նախ իր սեփական փառքը ապահովելու  եւ ապա իր ղեկավարած պետութեան շահերը պաշտպանելու համար։ Մաքիավելին պաշտպանած փիլիսոփայութիւնը շուտով տարածուած է «Մաքիավելիզմ գաղափարախօսութիւն»  անուան տակ․ այս վերջինը իբրեւ սահմանում  անհատի մը այն վերաբերումն  է, որուն համաձայն՝ անձը իր նպատակներուն հասնելու համար կը գործադրէ հնարաւոր ամէն խորամանկութիւն եւ չար արարք։

Մաքիավել, այսուհանդերձ, չի պնդեր, որ նպատակը բացարձակ իմաստով կ՛արդարացնէ բոլոր միջոցները, ինչ կ՛ուզեն ըլլան այս վերջինները։ Խոհական իշխանը կամ ղեկավարը պարտի զգուշանալ որոշ միջոցներու դիմելէ, նոյնիսկ երբ այս վերջինները իրեն կը թոյլատրեն հասանելի նպատակներ  ձեռք ձգել, եթէ  այդ միջոցներու կիրարկումը զինք վտանգի պիտի ենթարկէ։

Արգիլուած միջոցները անոնք են, որոնք հպատակները կը մղեն ատելու իրենց ղեկավարը։ Ղեկավար մը պարտի ձգտիլ զինք սիրել տալու կամ վախցնելու, բայց ոչ ատելի դառնալու, որովհետեւ այս վերջինը կը ծնանի ապստամբութիւն։

Մաքիավելիզմ գաղափարախօսութեան ներկայ դարուս պարզած վիճակը հետեւեալն է․ մաքիավելիք անձերը ծածկամիտ, խաբեբայ, բացարձակ իմաստով զգոյշ, նաեւ չարաշահող անհատներ ըլլալով կը ներկայանան ընկերութեան մէջ։ Անոնք առանձնայատուկ են իրենց շնական եւ մարդատեաց վերաբերումով, զգացումէ զուրկ, մամոնայի եւ ընկերային դիրքի  ետեւէն վազող մարդիկ են առհասարակ։ Անոնք չեն վարանիր ամէն ջանք ի գործ դնելէ այս վերջիններուն տիրանալու համար։

Եթէ նկատի ունենանք քսաներորդ դարու աղիտալի պատերազմներուն գլխաւոր հեղինակներուն հրէշային արարքները, իրենց եսը փայփայելու, նաեւ իրենց ազգային շահերն ալ ամէն բանէ գերազանց պահելու ձգտումները` մաքիավելիզմի որոշ տարբերակներ ի յայտ կու գան։ Ներկայ 21-րդ դարու որոշ պետական ղեկավարներ այս գաղափարախօսութեան հաւատարիմ հետեւորդները ըլլալ կը թուին։ Նման աղէտներու դիմաց վերյիշենք անգլիացի փիլիսոփայ Պերդրան Ռասըլի հետեւեալ իմաստալից խօսքը․ «Աշխարհ վերածուած է, աւելի մօտ քան երբեք, Մաքիավելի երազած աշխարհին»։

Share64Tweet40
Previous Post

ՀՅԴ Լիբանանի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սահակեան Գոլէճ

Next Post

Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն. Նոր Հաճընի Աւագ Դպրոցը

Next Post
Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն. Նոր Հաճընի Աւագ Դպրոցը

Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն. Նոր Հաճընի Աւագ Դպրոցը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.