Անցնող տասնօրեակին, միջազգային լրասփիւռներու լուսարձակները կեդրոնացած էին Հռոմի նորընտիր սրբազան քահանայապետին վրայ, որ արտասահմանեան իր անդրանիկ այցելութինը կը կատարէր դէպի Թուրքիա եւ Լիբանան։ Առաջինը՝ հետզհետէ հզօրացող մահմետական մեծ երկիր մը, երկրորդը՝ քրիստոնեայ կարեւոր բնակչութիւն ունեցող արաբական փոքրիկ ու վիրաւոր հանրապետութիւն մը…։
Պապին Թուրքիա այցին հիմնական նպատակն էր ոգեկոչել Նիկիոյ Տիեզերական Ա. ժողովին 1700-ամեակը։ Նիկիան Պոլսէն ոչ-հեռու գտնուող այժմու Իզնիք քաղաքն է, ուր, 325 թուականին, գումարուած էր քրիստոնեայ աշխարհի առաջին ընդհանրական ժողովը եւ որուն մասնակցութիւն բերած էր նաեւ Հայ Եկեղեցին, յանձին Արիստակէս Պարթեւ հայրապետին։
Նիկիա ներկայիս շուրջ յիսուն հազար բնակչութիւն ունեցող գեղատեսիլ քաղաք մըն է, համանուն լիճի արեւելեան ափին: Մաս կը կազմէ Պուրսայի նահանգին: Մենք ամբողջ այս շրջանը կը կոչենք Բիւթանիա, որ կ՛երկարի Պոլսոյ ասիական ափի ծայրամասային արուարձաններէն մինչեւ Իզմիթ (Նիկոմիդիա), Ատափազար եւ Պիլէճիք, ներառնելով իր մէջ երբեմնի նշանաւոր Արմաշը, Պարտիզակը եւ տասնեակ հայաբնակ շէն գիւղեր, որոնք ամբողջովին հայաթափուեցան 1915-ի Մեծ Եղեռնի օրերուն…: Ըստ Օրմանեան սրբազանի «Հայոց եկեղեցին» հատորին (Պոլիս, 1911) Բիւթանիոյ տարածքին հայերը ունէին երեք եպիսկոպոսական թեմեր՝ աւելի քան 60 եկեղեցիներով ու 120 հազար հայութեամբ…:
Այսօր ոչի՛նչ մնացեր է այդ բոլորէն:
Թուրքիա, իր աշխարհագրութեամբ, բախտաւոր երկիր մըն է անկասկած։ Նուաճած ըլլալով երբեմնի Բիւզանդական կայսրութեան շքեղ մայրաքաղաքն ու անոր յարակից շրջանները (Բիւթանիա, Եգէականի ափերը ու մինչեւ հարաւ՝ ծովային, դաշտային ու լեռնային Կիլիկիան), այսօր տէրն է ան բազմաթիւ քաղաքակրթական հարստութիւններու եւ մշակութային հազուագիւտ ժառանգութեանց, որոնք իր ձեռակերտը չեն թէեւ, բայց իր սեփականութիւնը դարձած են…։
Տիեզերական առաջին երեք ժողովներու նստավայրերն ալ (Նիկիա, Կ. Պոլիս ու Եփեսոս) այսօր կը գտնուին Թուրքիոյ մէջ։ Հետեւաբար, եթէ քրիստոնեայ աշխարհը իր պատմութիւնը պիտի ոգեկոչէ անցեալի հռոմէական կամ բիւզանդական պատմական վայրերուն մէջ՝ ստիպողաբար պիտի ապաւինի Թուրքիոյ հիւրընկալութեան…։

Այդպէս պատահեցաւ Նիկիոյ Ա. Ժողովի 17-րդ դարադարձի սա վերջին տօնախմբութեան առթիւ ալ։ Հռոմի պապը, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներէ բազմաթիւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետեր իրենց շունչը առին Թուրքիա՝ մասնակից դառնալու համար Իզնիքի մէջ սարքուած եկեղեցական խորհրդանշական արարողութեան։ Իսկ Թուրքիա, լա՛ւապէս գիտակից իր աշխարհագրական եզակի դիրքին եւ ունեցած հարստութեանց՝ առաւելագոյն չափով շահագործեց այս առիթը ու քաղաքական, քաղաքակրթական ու զբօսաշրջական նորանոր շահեր մուծեց իր գանձանակին մէջ…։
ՄԻՋՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ
Պապին Թուրքիա այցելութինը առիթ մը ստեղծեց դարձեալ, որպէսզի քրիստոնեայ տարբեր դաւանանքներ քով-քովի գան ու արտայայտեն իրենց հաւատքի միութիւնը։ Այս համակամութեան ամէնէն ուշագրաւ երեւոյթը Լեւոն ԺԴ.-ի եւ յունաց Պարթոլոմէոս Տիեզերական պատրիարքին ողջագուրումն էր կրկին։ Այլ խօսքով՝ Կաթոլիկ եւ Օրթոտոքս մեծ եկեղեցիներու փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի արտայայտութիւնը։
Թէ՛ Իզնիքի եկեղեցական գլխաւոր արարողութեան ընթացքին եւ թէ՛ Պոլսոյ մէջ, պապն ու Պարթոլոմէոս պատրիարքը միասին եղան քանիցս։ Միասնաբա՛ր օրհնեցին իրենց հօտը։ Տուին համակամութեան եւ սրտակցութեան պատգամներ։
Պատկերները խօսուն էին եւ կը տեսնուէր, թէ դարեր շարունակ իրարու թշնամացած քրիստոնեայ այս երկու դաւանանքները այլեւս մէկդի դրած անցեալի իրենց տարակարծութիւններն ու հակադրութիւնները, ուս-ուսի եւ սիրտ-սրտի՝ կ՛աշխատէին քրիստոնէից միութեան համար։
Պատմութեան դասագիրքերը կը սորվեցնեն մեզի, որ Հռոմի (լատին) ու Կ. Պոլսոյ (յոյն) եկեղեցական մեծ աթոռները ինչ-ինչ տարակարծութիւններու հետեւանքով ամբողջովին խզուեցան իրարմէ 1054-ին (դէպքը կը կոչուի «Մեծ խզումը») ու այդ թուականէն սկսեալ, դարե՜ր շարունակ, հակադրուած մնացին իրարու, ա՛լ զիրար չհանդուրժեցին, նոյնիսկ զիրար չբարեւեցին…։ Այս անբաղձալի կացութիւնը շարունակուեցաւ շուրջ… ինը հարիւր տարի։

Բայց ամէն ինչ դրականօրէն փոխուեցաւ մեր թուականէն վաթսուն տարի առաջ, երբ 1964-ին Երուսաղէմի մէջ, Ձիթենեաց լեռան վրայ, պատմական հանդիպումով մը ի մի եկան երկու «թշնամի» եկեղեցիներու կամ դաւանանքներու այդ օրուան պետերը՝ Պօղոս Զ. պապը (վախճանած 1978-ին) ու Կ. Պոլսոյ յունաց Աթենակորաս պատրիարքը (վախճանած 1972-ին), եւ ողջագուրուեցան արար աշխարհի աչքերուն առջեւ։
Սառերը սկսան հալիլ ու կամուրջները վերահաստատուեցան…։
(շարունակելի)

