Մեծ գերդաստաններու մէջ ալ երբեմն կը պատահի, որ շողշողուն անդամներ պատշաճ կերպով չգնահատուին հարազատ ծնողաց կամ անդամներուն կողմէ, թողնելով որ անոնց արժանիքներու փայլքը շողշողայ անհատական նախաձեռնութիւններու կամ տարբեր շրջանակներու երկնակամարին վրայ: Ահաւասիկ այդ օրինակներէն մէկն է հանրածանօթ ազգային մտաւորական, հոգեւորական եւ հասարակական գործիչ, Ֆրիպուրկի համալսարանի դասախօս դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանը, որ Լիբանան այցելութեան բեղուն առօրեայէն կտրելով իր սուղ ժամանակը՝ պատիւ շնորհեց մեզի այցելելով հարազատ ի՛ր տունը՝ Արսէն Կիտուրներու, Միհրան Սէֆէրեաններու, Օննիկ Ճամպուլեաններու, Ժիրայր Նայիրիներու, Սարգիս Նաճարեաններու, Աւետիս Փօշողլեաններու… խմբագրատունը:
Աւազանի անունով Հրաչ Օղլուգեան, ծնած է Պէյրութի Նոր Հաճըն թաղամասը։ 1979-ին աւարտած է Էջմիածնի Աստուածաբանական դպրոցը, եւ 1980-ին ձեռնադրուած՝ քահանայ։ Շարունակելով ուսումը Վիեննայի համալսարանին մէջ՝ 1987-ին ստացած է Աստուածաբանութեան մագիստրոս, իսկ 1993-ին՝ դոկտորայի աստիճան։ Տասնամեակներու ընթացքին ծառայած է Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ համայնքներուն՝ Աւստրիա, Հայաստան, Գանատա եւ Զուիցերիա։ 1995-էն ի վեր ան Զուիցերիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ է, նաեւ գիտաշխատող՝ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու դաշնակցութեան մօտ, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ Կրօնական խորհուրդին ընդհանուր քարտուղարն է։
Դոկտ. Մանուկեան ուսումնասիրութեան գոհարներով հարուստ հատորներ ունի։ Անոր հեղինակած պատմագիտական աշխատանքները՝ հայերէնով թէ անգլերէնով, կը ներկայացնեն հրաշալի հետազօտական աղբիւրներ հայ ազգային-քաղաքական եւ առաւելաբար՝ Հնչակեան պատմութեան մէջ։ «The Origins of the Hnchakian Party in Geneva and the Legacy of the Twenty Gallows», «Հնչակեան կուսակցութեան կազմաւորումը եւ Քսան կախաղաններու անդրադարձը եւրոպական մամուլի ու դիւանագիտական թղթակցութեանց մէջ», «Հայրենիքի ազատագրութեան բանակին համոզուած զինուորները» եւ այլ հատորները հաստատուն եւ հետեւողական գիտաշխատութեան արգասիքներն են։ Անոնք նոր լոյս կը սփռեն Հնչակեան կուսակցութեան արմատներուն, հիմնադիրներու քաղաքական պայքարին, ինչպէս նաեւ Քսան կախաղաններու ազգային-քաղաքական նշանաբաններուն եւ պատմական կշռոյթին վրայ։ Դոկտ. Մանուկեանի ուսումնասիրութիւնները կը բացայայտեն հետաքրքրաշարժ փաստաթուղթեր ու պետական արձանագրութիւններ, որոնք շեշտակի կերպով կը կապուին հայ ազատագրական շարժումին եւ Հնչակեան յեղափոխական գործունէութեան հետ՝ հարստացնելով մեր պատմագիտական հորիզոնը։ Անոր կատարած աշխատանքները պիտի շարունակեն պատկանիլ ամբողջ համահայկական մտաւորական դաշտին։
«Արարատ»ի խմբագրատան մէջ մեր մտաւոր ժառանգութիւնը վերիմաստաւորող ջերմ հանդիպումը առիթ եղաւ թէ՛ շնորհաւորելու դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանը իր տարիներով կուտակած եւ բարգաւաճեցուցած գիտական, հոգեւոր ու ազգային աշխատանքին համար, թէ՛ մաղթելու նորանոր յաջողութիւններ՝ իր յառաջիկայ նախաձեռնութիւններուն մէջ։

