Առանձնայատուկ է Յակոբ Յակոբեան գեղանկարիչին արուեստը, իսկ սոյն կտաւին մէջ տաղանդաւոր արուեստագէտը քաղաքական բողոքը համատեղած է խորունկ, գրեթէ բնազանցական տխրութեան հետ։ Ի տարբերութիւն արուեստի գործ համարուելու յաւակնող վառ պատկերներու, անոր ստեղծագործութիւնը կը մղէ կեդրոնացումի, կը մղէ տեսնելու շատ աւելին քան այն, ինչ որ ընկալելի է պարզ հայեացքի մը համար։
Յակոբեանը չէ նկարած պայթիւն, չէ պատկերած ուժի արտայայտութիւն կամ կիրարկում։ Ոչ, փոխարէնը ան ի ցոյց դրած է ճնշումին հետեւանքը՝ լուռ, ահագնացող բողոքը, որ զօրեղ է ու ցնցող…
Նէյթրոնային ռումբը, ինչպէս գիտենք, զէնք է՝ նախատեսուած վերացնելու կենդանի էակները, կանգուն ձգելով շինութիւնները։
Յակոբեանի կտաւին մէջ մենք կը տեսնենք անմարմին հագուստներ, կարծես մարդկային ուրուականներ, որոնք, միտք-գաղափարին խորքը թափանցելու պարագային սարսափ կ’ազդեն եւ կը մղեն ելք փնտռելու, մարդկութիւնը այդ աղէտէն զգուշացնելու, հեռու պահելու համար։ Այս կտաւով արուեստագէտը արհաւիրքը վերածած է տեսողական մտախոհութեան։ Քաղաքական նկար՝ առանց կարգախօսի։ Զգայացունց, արժանապատիւ, խորհրդանշական։ Դիտորդը կ’անդրադառնայ, որ իրական բռնութիւնն ու ճնշումը նկարիչը արտայայտած է մեր ուշադրութիւնը հրաւիրելով վախճանին՝ հետեւանքին վրայ։

Յակոբեանին ներկապնակը կազմուած է խուլ հողային երանգներով, մեղմ կանաչորակի, նաեւ մոխրագոյնի՝ տեսակ մը յիշողութեան փոշիի գոյներով, որոնք այնպիսի զգացողութիւն կ’առաջացնեն, կարծես ամէն բան ծածկուած է նոյն՝ ճերմակի զարնող մոխրագոյնի քօղով։
Նշենք, որ այս կտաւը խորունկ արձագանգ գտած է թէ’ հայ, թէ’ այլազգի արուեստաբաններու, արուեստասէրներու մօտ, ատով իսկ բացատրելով անոր իւրօրինակ ուժը։
Յակոբեան կը «խօսի» ոչ միայն Պաղ պատերազմի, այլեւ փոքր ազգերու խոցելիութեան, կեանքի փխրունութեան մասին։ Իրը արժանապատիւ բողոքն է, ուղղուած մեծ տէրութիւններու շահադիտական, աշխարհասասան որոշումներուն դէմ։
Յակոբեանին վրձինը մեզի կը յայտնէ, որ ճնշումի բոլոր տեսակները կ’ոչնչացնեն ոչ միայն մարմինը, այլեւ միտքը, էութի’ւնը։
Ան ապրեցաւ ու շարունակեց ստեղծագործել երկրի մը մէջ, ուր համակարգը ճնշած էր ճշմարտութիւնը, լռեցուած, չէզոքացուած էր անհատականութիւնը, ուր ստեղծագործ միտքը ստիպուած էր բանակցիլ գրաքննութեան հետ եւ ուր գերագոյն արժէք էր ոչ թէ մարդը, այլ՝ գաղափարախօսութիւնը։ Ահա այս առումով, անոր բնանկարներն ու միայնակ իրերը փոխաբերութիւններ են, որոնք ի ցոյց կը դնեն, թէ ինչպէս պետութիւն մը (բռնատիրական պետութիւնները առհասարակ) կրնայ ջնջել (կը ջնջէ) մարդու հոգին, ոգին։
Այս կտաւը բողոք ու քննադատութիւն է՝ ուղղուած բոլոր այն ապօրինութեանց դէմ, որոնք մարդը կը պարպեն իր աւիշէն, կը դարձնեն ձայնազուրկ, կը դարձնեն բացակայ… Մենք մեզի հարցնենք, սիրելի ընթերցող, կա՞յ, գոյութիւն ունի՞ արդեօք բռնութեան աւելի դժնդակ ձեւ…։
Տաղանդաւոր արուեստագէտին ուղերձը յստակ է, ազդեցիկ, փշաքաղեցնող։ Ան հոգեկան ցնցումը, նաեւ խաղաղութիւնը արտայայտած է ընդարձակ տարածքներու, անհատականութիւն ընդգծող-բացայայտող կերպարներու եւ այլուրային կեանքի զգացողութիւն առաջացնող բնանկարներու միջոցաւ։
Յակոբ եւ Մարի Յակոբեան։ Երկու համախոհ, երկու արուեստագէտ-նկարիչ, որոնց կեանքը դիւրին չեղաւ, բայց եղաւ յագեցած, հետաքրքրական եւ ամէնէն էականը՝ հարուստ յետագիծով։
Անոնց համատեղ կեանքը սկսած է Եգիպտոսի մէջ՝ Գահիրէ, եւ հոն է նաեւ, որ սկիզբ առած է անոնց ստեղծագործական ուղին։
Դեռեւս 1958-ին, Յ. Յակոբեան որպէս նուէր Հայաստան կ’ուղարկէ տասը կտաւ, որոնք իրենց հանգրուանը կը գտնեն Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահին մէջ։
1962-ին Յակոբեաններուն չորս հոգինոց ընտանիքը կը հաստատուի Հայաստան, այդպիսիով իրենց կեանքին մէջ բանալով նախկինէն բոլորովին տարբեր ու անակնկալներով հարուստ նոր էջ մը…
Քառասնամեայ Յ. Յակոբեան կայացած ու ծանօթ նկարիչ էր արդէն, մինչդեռ Մ. Յակոբեան նոր պիտի սկսէր տուն տալ նկարելու իր բուռն մղումին։
Մարին բնածին շնորհքով օժտուած կին էր։ Երիտասարդական տարիներուն յաճախած է եգիպտահայ նկարիչ Աշոտ Զօրեանի արուեստանոցը, սակայն հետագային, ամուսնական կեանքի եւ ընտանիքի պարտաւորութիւնները թոյլ չեն տուած հետեւիլ իր հոգիի կանչին։ Այնուամենայնիւ, ան մատչեցաւ նկարչութեան, բայց աւելի հասուն տարիքին, իսկ մինչ այդ ձեւաւորող, վարպետ դերձակ էր, որ իր մոտելիսթի կարողութիւնները կատարելագործած էր Փարիզի մէջ։

Աւելի ուշ, Մարին կ’ըսէ՝
«Երբ կ’եթայինք քաղաքէն դուրս, բնութեան մէջ նկարելու, մաքուր օդին, լոյսին, լռութեան մէջ, ծառերուն տակ նստած, ալպոմը ծունկերուս… ազատութեան այնպիսի՜ զգացում կ’ունենայի յանկարծ… եւ այնքա՜ն երջանիկ կը զգայի…»։
Անոր նաթիւրմորթները նուրբ են ու լուսաւոր, գծանկարները՝ (graphic) արտայայտիչ, շարժուն. նկարչուհին գոյները ընկալելու, ընտրելու անթերի զգացողութիւն ունի եւ գրեթէ բոլոր գործերուն մէջ տիրական ու շեշտուած քնարականութեան զուգահեռ՝ կը հանդիպինք անհաւատալի հանգստութեան եւ ներդաշնակութեան։
Յակոբ եւ Մարի՝ երկու յարակից աշխարհներ, երկու կեանքի միասնական պատմութիւն։
Առաջինը աշխարհը ցոյց կու տայ մերկ ու կարծես սպիացած, մինչ երկրորդը՝ կ’արտայայտէ լուռ դիմադրութիւն ու երազանքներ։
Անոնց բազմախօս արուեստը վերածուած է տոկունութեան, արժանապատուութեան եւ ստեղծագործական ուժի իւրօրինակ երկխօսութեան, որ կենդանի է, ապրեցնող, լիացնող։
Մարիին արուեստը կը շնչէ ներքին անօրինակ լոյսով, անհաւատալի քնքշութեամբ, որ կարծես կը հակադրուի ամուսնոյն՝ Յակոբին խիստ, խորհրդածութեան մղող բնապատկերներուն։
Եթէ քով-քովի դնենք այս երկու արուեստագէտներուն ստեղծագործութիւնները, մեր առջեւ իր էջերը կը բանայ իրապէս գրաւիչ պատմութիւն մը։
Յակոբեաններուն տունը, ուր ապրեցան ու ստեղծագործեցին իրենց տեսակով հազուագիւտ ու օրինակելի այս մարդիկ, հակաճնշումի հանդարտ միքրօ-տիեզերք մըն էր՝ վայր մը, ուր զոյգ արուեստագէտները պաշտպանեցին մարդկային երեւակայութեան անմատչելիութիւնը։
Իրարմէ տարբեր երկու ձեռագիր, բազում զգայնութիւններ, որոնք ձեւ ստացան պատմական նոյն հորիզոնին դիմաց։
Անոնք երկուքով մաս կազմեցին նոյն ընկերա-քաղաքական մթնոլորտին, ենթարկուեցան նոյն սահմանափակումներուն, բայց ստեղծագործական արձագանգները եղան տարբեր։
Վապետին (այդպէս կը սիրէի դիմել իրեն) լռութիւնը ներամփոփ, միայնութեան դատապարտութիւնը ինքնուրոյն կրող մարդու լռութիւն է, լքուած դաշտերու, լուռ քարերու, անտեսանելի աղէտէն ետք մնացած իրերու փխրուն լռութիւն։ Հիմա աչքիս առջեւ են այդ կտաւներն ու անոնց զգայացունց կատարելութիւնը։
Մինչդեռ Մարիին լռութիւնը յուզական է՝ ներքին, կտաւներ՝ ուր կը գոյատեւեն յիշողութիւնը, կանացիութիւնը եւ նուրբ դիմադրութիւնը։
Վարպետին բնապատկերները մեզի կը ներկայանան որպէս հետեւանք, մինչ Մարիին նկարները՝ որպէս շարունակականութիւն։
Մէկը նկարած է այն, ինչ մնացեր է բռնութենէն ետք՝ ամայի տեղանք, մերկ հորիզոններ, իրեր, որոնք կը գոյատեւեն, իսկ միւսը այն, ինչ կը յամառի մնալ՝ քնքշանք, հոգեբանական խորութիւն եւ գոյներ, որոնք կը մերժեն խամրիլ։
Երկու իրարմէ տարբեր, իրար լրացնող արթիսթիք աշխարհներ։
Մէկուն արուեստը հիմք կը հանդիսանայ միւսին արուեստին համար՝ լիցք հաղորդելով այն աշխարհին, որ ան կը վերափոխէ իւրովի։ Մինչդեռ երկրորդին արուեստը մեղմութիւն կը սփռէ, առաջինին յիշեցնելով, որ վէրքը միակ իրականութիւնը չէ, որ կայ գեղեցկութիւնը, որ հակառակ ամէն ինչի կը շարունակուի։
Անոնք միասին կը կազմեն ամբողջական յուզական քարտէզ մը՝ ուր առկայ են վիրաւոր աշխարհին սթափեցնող պատկերները եւ մարդկային հոգիին խորքը։
Իւրօրինակ երկխօսութիւն, որ, հաւանաբար, չեն ալ նկատած երկու արուեստագէտները, եւ որ վերածուած է դիմադրութեան լուռ արարմունքի։
Անոնք ապրեցան համակարգի մը մէջ, ուր նախապատուութիւնը կը տրուէր համայնավարութեան, բայց Յակոբեան սքանչելի զոյգը նախընտրեց անհատն ու անհատականը, եւ ստեղծեց խորապէս անհատական երկու լեզու։
Այս երկու արուեստագէտներուն կեանքն ու գործունէութիւնը մեզի կը յուշեն, որ իրաւ դիմադրութիւնը ոչ միայն քաղաքական է, այլեւ գեղագիտական։ Ճնշումներու դիմաց արուեստը իւրայատուկ ելքով կը բացուի աշխարհին ու մարդոց առջեւ։
Այսպիսի արուեստը ժամանակի մէջ չի «հիննար», չի մաշիր, որովհետեւ արուեստագէտը ոչ թէ պարզապէս փորձած է նկարել իրականութի’ւնը, այլ փորձած է բուժե’լ զայն:
Յակոբ եւ Մարի Յակոբեաններ… Անոնք հեռացան, բայց որպէս յուսալի ապաստան մեզի կտակեցին իրենց լռութեան ու լոյսի լեզուն։

