Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ձայներ Աթէնքէն (արձագանգ յունահայ կեանքի)

Լ. Շ.

December 6, 2025
in Գաղութային
0
Ձայներ Աթէնքէն (արձագանգ յունահայ կեանքի)

ԱԹԷՆՔԻ «Ազատ Օր» օրաթերթի Հոկտեմբեր 31-ի թիւին մէջ «Մինսար» ծածկանունով յօդուածագիր մը կը գանգատի յունահայ գաղութի աստիճանական անկումէն, սերունդներու համատարած անտարբերութենէն, ազգային զգացումի ջլատումէն…։ Ան նկատել կու տայ որ ազգային-համայնքային մարմիններու համար կամաւոր վարչականներ գտնելը շատ դժուարացեր է այլեւս։ Մարդուժի պակասը ակնբախ է ամէն մարզի մէջ։ «Անձնազոհ, գիտակից եւ աշխատող» տարրեր գտնելը լուրջ մտահոգութիւն դարձեր է։ Ըստ յօդուածագրին՝ գաղութը «առողջ» եւ «աշխոյժ» պահելու տարիներու ճիգերը գրեթէ ապարդիւն մնացեր են, այնքան որ՝ «բացի որոշ փայլուն, յուսատու եւ նախանձելի փոքրաթիւ բացառութիւններէ, մեր գաղութին մէջ յարգանքի արժանի անձեր ալ չեն մնացած այլեւս»…։ Կը շեշտուի, թէ երբեմնի յունահայ հին գաղութը «ամբողջովին այլափոխուած է» (անշուշտ՝ ժխտական ուղղութեամբ…), իսկ միութեանց եւ հաստատութեանց մէջ «աթոռ» գրաւող անձերը չեն արժեցներ իրենց գրաւած պաշտօնները…։ Յօդուածագրին ինքնութիւնը յայտնի չէ, սակայն կը թուի թէ գաղութին հին սերունդի ներկայացուցիչներէն մին է ան։

ԱԹԷՆՔԻ «Լամպրոս Գոնսթանտարաս» թատերասրահին մէջ, 8 Նոյեմբերին, սարքուած է պարային բացառիկ ներկայացում մը, Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով։ Բացի նոյնինքն «Նայիրի»-էն, բեմ բարձրացած են նաեւ Համազգայինի Աթէնքի «Նանոր» եւ «Մարալօ», ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկէի «Մասիս» եւ «Կիլիկիա» ու Գոմոթինիի «Ուրարտու» պարախումբերն ալ, այսպիսով շուրջ 200 պարողներու մեծաթիւ խմբապատկեր մը կազմելով բեմին վրայ։ Անոնք 25 պարերու ընդմէջէն խանդավառ պահեր ապրեցուցեր են ներկաներուն։ Պաստառի վրայ նկարահանումներ ցուցադրուած են «Նայիրի» պարախումբի անցնող երեսուն տարիներու ելոյթներէն ու պարափորձերէն։ Նշուած է, թէ անոր առաջին պարուսոյցը Յովհաննէս Խաչիկեանն էր։ Յաջորդ օրը, պարախումբերու անդամ-անդամուհիները մէկտեղուած են Աթէնքի Նէա Զմիռնիի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին շուրջ, ուր կատարուած է պարային ներկայացման մասնաւոր նկարահանում մը։

ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 122-րդ տարեդարձին առթիւ Աթէնքէն Թեսաղոնիկէ ժամանած է յունահայոց առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան, Ազգային վարչութեան անդամներու հետ։ Առիթէն օգտուելով՝ սրբազանը այցելած է Հայ Գթութեան Խաչի Մալաքեան-Գասպարեան շաբաթօրեայ դպրոցը (Նոյեմբեր 22)։ Նոյն օրը, «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ նշուած է եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տարեդարձը։ Բարիգալստեան խօսք արտասանած է տեղւոյն հովիւը՝ Եղիա վրդ. Մալխասեան։ Խօսք առած է թաղային խորհուրդի անդամներէն Արամ Էսկիճեան։ Ելոյթ ունեցած է Համազգայինի տեղւոյն «Կիլիկիա» պարախումբը։ Առաջնորդին կողմէ պարգեւատրուեր են եկեղեցւոյ նուիրեալներէն Արթին Աբրահամեան եւ Էտվին սրկ. Զամպաքճեան։ Կիրակի, 22 Նոյեմբերին, Ս. Պատարագ մատուցած է Սահակ եպս., իր քարոզին մէջ շեշտելով հոգեւոր, հայրենական ու մշակութային եռեակ ժառանգութիւնները անվթար պահելու անհրաժեշտութիւնը։ Կատարուած է օրհնուած մատաղի բաշխում։

ԱԹԷՆՔԻ մէջ, 18 Նոյեմբերին, իր մահկանացուն կնքած է գաղութի երէց սերունդէն Յարութիւն (Արիս) Նաճարեան, 79 տարեկանին։ «Ազատ Օր»-ի մէջ հրատարակուած մահագրականը կը յայտնէ, թէ ողբացեալը յարգուած ազգային մըն էր Գոքինիոյ շրջանին մէջ եւ շրջանաւարտ՝ տեղւոյն Զաւարեան վարժարանէն։ Ասպարէզով ոսկերիչ էր եւ նիւթապէս ու բարոյապէս տեւաբար կ՛օժանդակէր միութենական ձեռնարկներու, մասնաւորաբար Հ.Մ.Ը.Մ.-ին եւ Հայ Կաթողիկէ յարանուանութեան, որոնց անդամ էր։ Ողբացեալը կարեւոր ու առաջատար դեր ունեցեր է Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի կառուցման աշխատանքներուն մէջ, տարիներ առաջ։

ԱԹԷՆՔԻ պետական համալսարանին մէջ գումարուած ու Նիկիոյ Տիեզերական Ա. Ժողովի 1700-ին ձօնուած եռօրեայ համագումարին (18-20 Նոյեմբեր) իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Յունահայոց թեմը երկու ներկայացուցիչներով՝ Նարեկ քհնյ. Շահինեան (Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ) եւ աստուածաբան Լեւոն սրկ. Ունանեան։ Համագումարին երրորդ օրը այս վերջինը յունարէնով կարդացած է դասախօսութիւն մը, ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնելով հայ եկեղեցւոյ տեսակէտներն ու աստուածաբանական ըմբռնումները։

ԱԹԷՆՔԻ Հ.Բ.Ը.Միութեան Արթաքի Գալփաքեան վարժարան այցելած է, 27 Նոյեմբերին, Միութեան Միջին Արեւելքի գործադիր տնօրէնուհի Արին Ղազարեան։ Դպրոցի սրահին մէջ կոկիկ հանդէս մը սարքուած է աշակերտներուն կողմէ, ի պատիւ հիւրին։ Աւարտին երգուած է «Հայերէն երգենք» ծանօթ երգը։ Հիւրը տեղեկութիւններ քաղած է դպրոցին կացութեան եւ գործունէութեան մասին։

ԱԹԷՆՔ ժամանած է, 1 Դեկտեմբերին, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի գլխաւորած մէկ պատուիրակութիւնը, պաշտօնական այցելութեամբ։ Սիմոնեան հանդիպումներ ունեցած է Յունաստանի նախագահ Գոնստանտինոս Թասուլասի, արտաքին նախարար Եորղոս Երափեթրիթիսի եւ Յունաստան-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի ղեկավարներուն հետ։ Քննարկուած են Հայաստանի Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւնները, հայ-ազերի խաղաղութեան գործընթացը, «Զանգեզուրի միջանցք»ի պարագան, Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու, ինչպէս նաեւ երկկողմ կապերու վերաբերեալ հարցեր։

Share66Tweet42
Previous Post

Ամանորեայ Տօնավաճառ Սահակեան Գոլէճին Մէջ

Next Post

Յակոբ Յակոբեան Եւ Մարի Յովէլեան-Յակոբեան Արուեստագէտ Զոյգին Զուգահեռ Աշխարհները. Հոն, Ուր Լռութիւնը Կը Հանդիպի Լոյսին

Next Post
Յակոբ Յակոբեան Եւ Մարի Յովէլեան-Յակոբեան Արուեստագէտ Զոյգին Զուգահեռ Աշխարհները. Հոն, Ուր Լռութիւնը Կը Հանդիպի Լոյսին

Յակոբ Յակոբեան Եւ Մարի Յովէլեան-Յակոբեան Արուեստագէտ Զոյգին Զուգահեռ Աշխարհները. Հոն, Ուր Լռութիւնը Կը Հանդիպի Լոյսին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.