Կազմակերպութեամբ ՀԿԲՄ Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճի Շրջանաւարտներու համախմբումին, երէկ երեկոյեան վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի ծառին լուսաւորումը եւ Ամանորեայ տօնավաճառ:
Ներկայ էին Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանը, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի անդամ Լութֆիկ Կոտալազեանը, Պէյրութի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ` ՍԴՀԿ-ի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Պչաքճեանը, ՀԿԲՄ-ի վարչութեան անդամները, Գոլէճի տնօրէն Կարօ Ղազարեանը, ուսուցչական կազմը, աշակերտներ, ծնողներ եւ հիւրեր:
Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին վարժարանին աշակերտները, որոնք տօնական երգերով ստեղծեցին ջերմ մթնոլորտ մը: Տօնածառին լուսաւորումը կատարուեցաւ ներկայութեամբ Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետ Նապիլ Քահալէի եւ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ` ՍԴՀԿ-ի ներկայացուցիչ Գարօլին Խաչիկեանի, որոնք ողջունեցին շրջանին մէջ Ամանորեայ ուրախ տրամադրութիւն սփռող այս նախաձեռնութիւնը: Տօնավաճառի ծիրին մէջ կը կազմակերպուի ուտեստներու, ձեռային աշխատանքներու եւ այլ արտադրանքներու վաճառք:

