ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐԾԱՐԾՈՒՄ ՄԱԿ-Ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ներկայացնող մեծ պատուիրակութիւն մը ժամանեց Լիբանան՝ քննարկելու համար զինադադարին ճակատագիրը եւ հարաւի մէջ տիրող իրավիճակը: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի մէջ պատուիրակութիւնը ընդունած ատեն յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ ընթացող բանակցութիւններուն նպատակն է վերջ տալ իսրայէլեան բռնարարքներուն, տուն վերադարձնել լիբանանցի գերիները, ապահովել իսրայէլեան ուժերուն նահանջը լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերէն եւ լուծումներ գտնել սահմանային տարակարծութիւններուն համար: Աուն միջազգային ուժերէն պահանջեց ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, ապահովութեան ներկայացուցիչներն ալ պատրաստակամութիւն յայտնեցին աջակցելու լիբանանեան բանակին:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին անընդունելի համարեց Իսրայէլի հետ կրակի տակ բանակցելու գաղափարը, պահանջելով նախ վերջ տալ ոտնձգութիւններուն: Իսկ ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ բանակցային հանդիպումները այժմ բարելաւուած են քաղաքացիական ներկայացուցիչներուն մասնակցութեան շնորհիւ:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Ապահովութեան խորհուրդի պատուիրակութիւնը ընդունելէ ետք յայտնեց, որ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք Լիբանան տակաւին կարիք ունի միջազգային ուժի մը աջակցութեան:
Արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռեժի ՄԱԿ-ի պատուիրակութեան առջեւ յայտնեց, որ զէնքի մենաշնորհին ծրագիրը կը բխի լիբանանեան շահերէն, պահանջելով առիթ շնորհել դիւանագիտական լուծումներուն:
Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մարքոս իր կարգին յայտնեց, որ նախագահը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի պատուիրակութիւնը տեղեկացուցած է, որ Իսրայէլի հետ բանակցութեանց նպատակն է վերջ տալ բռնութիւններուն:
ԵՈՒՆԻՖԻԼ-Ի ՆՊԱՏԱԿԸ
ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու բանբերը յայտնեց, որ միջազգային ուժերը աշխատանք կը տանին պահպանելու համար Կապոյտ գիծին վրայ տիրող փխրուն կայունութիւնը: «Մեր առաքելութիւնը պիտի շարունակենք եւ լիբանանեան բանակին հետ աշխատինք կայունութիւնը ամրապնդելու մինչեւ մեր առաքելութեան աւարտը՝ 2026-ին», ըսաւ բանբերը: Ան իսրայէլեան ոտնձգութիւնները համարեց ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւի բացայայտ խախտում:
ՈՒՂՂԱԿԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասէմ եւս մեկնաբանեց զինադադարի գործադրութեան հետեւող պատուիրակութեան մէջ լիբանանեան կողմէ քաղաքացիական ներկայացուցիչ մը նշանակելու որոշումը, զայն համարելով ձրի զիջում մը Իսրայէլին: Իսկ ամերիկացի պատուիրակ Թոմ Պարրաք կոչ ուղղեց ուղղակի բանակցութիւններ կազմակերպելու Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ, աւելցնելով որ Հըզպալլան կարելի չէ բռնի ուժով ապազինել:
ԱՐՇԱԿ ԱՐՔ. ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ ԿԱԼԱՆՔԻ ՏԱԿ
Հայաստանի մէջ կալանաւորուեցաւ բարձրաստիճան հոգեւորական մը եւս: Մայրաքաղաքի դատարանի դատաւոր Մասիս Մելքոնեան երէկ երկու ամսուան կալանք սահմանեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Արշակ արք. Խաչատրեանի նկատմամբ, որուն անունը վերջերս տարածուած էր նաեւ անպատշաճ տեսանիւթերու հարցով, սակայն երէկ շեշտուեցաւ, որ կալանքը որեւէ առնչութիւն չունի տեսանիւթերուն վերաբերեալ հոգեւորականին ուղղուած ամբաստանութիւններուն հետ: Սրբազանը Քննչական կոմիտէին կողմէ կը հետապնդուի խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ թմրանիւթերու ապօրինի տիրացումի հարցով: Պաշտպան փաստաբան Արսէն Պապայեան սակայն շեշտեց, թէ որեւէ հիմնաւորում չկայ, որ Սրբազանը կատարած է յանցանք, դատարանին մէջ պատահածը համարելով քաղաքական հոլովոյթ:

Մայր Աթոռը խստիւ դատապարտեց անհիմն մեղադրանքներով Արշակ արք. Խաչատրեանի ձերբակալութիւնն ու կալանաւորումը: «Այս գործողութիւնը արտայայտութիւն է եկեղեցւոյ նկատմամբ վերջին շրջանին բանեցուած ճնշումներուն եւ շարունակութիւնը՝ հոգեւորականներու նկատմամբ քաղաքական հետապնդումներու հոլովոյթին», նշուեցաւ Մայր Աթոռի յայտարարութեան մէջ, տեղի ունեցածը համարելով եկեղեցահալած քաղաքականութիւն եւ եկեղեցականներուն դէմ ատելութեան խօսքի դրսեւորում:
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը այցելեց Մարսէյ, ուր Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ խօսեցաւ հայորդիներուն: Ան դիտել տուաւ, որ այսօր եւս հայրենիքն ու եկեղեցին կ’անցնին դժուարութիւններէ եւ մեծ մարտահրաւէրներէ: Վեհափառ Հայրապետին համաձայն, ատրպէյճանական ոճրագործութիւններուն հետեւանքով այժմ տակաւին բաց կը մնան արցախահայութեան վէրքերը եւ Պաքուի մէջ գերեվարուած կը պահուին հայորդիներ, որոնց ազատ արձակումին համար անհրաժեշտ է համայն հայութեան միասնական ջանքերն ու հետեւողականութիւնը: Խօսելով Հայաստանի մէջ հոգեւորականներու կալանաւորումին մասին, Գարեգին Բ. խիստ մտահոգիչ համարեց իշխանութիւններուն որդեգրած հակաեկեղեցական քաղաքականութիւնը:

Միւս կողմէ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարծիք յայտնեց, թէ «Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցիին ոչինչ աւելի մեծ վնաս կը հասցնէ քան Կտրիճ Ներսիսեանի (Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս) ներկայութիւնը: Ես անոր հետ խօսելու բազմաթիւ առիթներ ունեցած եմ եւ համոզուած եմ, որ անոր ներկայութիւնւը աղէտալի վնաս կը կասցնէ Մայր Աթոռին»: Ան դիտել տուաւ, որ արտաքին հետախուզական ծառայութիւնները կրնան օգտուիլ կաթողիկոսին խոցելիութենէն: Վարչապետին համաձայն, կաթողիկոսը պէտք է հեռանայ այդ դիրքէն, աւելցնելով որ եկեղեցւոյ շուրջ բարձրացած աղմուկը ունի առողջական ազդեցութիւն: Փաշինեան շեշտեց, որ ժողովրդավարական երկիրներուն մէջ մարդիկ պէտք չէ խուսափին հանրային քննարկումներէ:
ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆԱՑՆԵԼՈՒ ՅՈՅՍԵՐ
Ատրպէյճանի նախագահի ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպէքով յայտնեց, որ Պաքու յոյս ունի յաջորդ տարի ստորագրելով պաշտօնականացնել Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը: Արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումը կախեալ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի չեղարկումէն: Ան Վիեննայէն յայտարարեց, որ «Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ կատարուած փոփոխութիւնները հնարաւորութիւն պիտի ստեղծեն նախաստորագրուած համաձայնագրի վաւերացումին համար»: Ան մասնաւորաբար պահանջեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութենէն բացառուին տարածքային պահանջները: Իսկ նախագահ Իլհամ Ալիեւ վստահութիւն յայտնեց, որ «Արեւմտեան ատրպէյճանական համայնքի խաղաղասէր ներկայացուցիչները պիտի վերադառնան իրենց նախնիներուն հողերը եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ պիտի հաստատուին բարիդրացիական յարաբերութիւնները»: Ան փաստօրէն կը պահանջէր ատրպէյճանցիներու տեղաւորում Հայաստանի գերիշխան տարածքին վրայ, զայն համարելով Ատրպէյճանի արեւմտեան հատուած:
ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան Վիեննայի մէջ տեսակցեցաւ Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ՝ քննարկելով երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ համատեղ հետաքրքրութեան հարցեր: Միրզոյեան Աւստրիոյ մայրաքաղաքին մէջ կը մասնակցի ԵԱՀԿ-ի 32-րդ նախարարական համաժողովի պաշտօնական բացումին: Ան իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ Երեւան աշխուժօրէն կը շարունակէ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորումին ուղղուած երկխօսութիւնը:

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թոմ Պարրաք կարծիք յայտնեց, որ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուժանիւթային միջանցքը կրնայ չափազանց շահեկան ըլլալ: Պարրաքի համաձայն, Անգարա վճռական դեր ունի Երեւանի եւ Պաքուի համար: «Հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն ետք կը յառաջակայ հայ-թրքական սահմանի վերաբացումի յոյս», ըսաւ Պարրաք:
ՏԱԹԵՒԸ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ԴԻՄՈՒՄ
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն պատուիրակութիւնը յայտնեց, որ 4 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած է զինուած ընդհարումներու պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան կոմիտէի 20-րդ նստաշրջանը: Հայաստան ընտրուած է նստաշրջանի փոխնախագահ: Հայաստան քարտուղարութեան ներկայացուց Տաթեւի եւ Տաթեւի մեծ անապատ վանական համալիրները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ուժեղացած պաշտպանութեան ցանկին մէջ ներառելու դիմումը:

