Հայաստան փոխադրող եւ հայրենիքին շունչը սփռող գեղարուեստական տօնախմբութեամբ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը փառաւոր յաջողութեամբ Գազինօ Տիւ Լիպանի սրահին մէջ ներկայացուց «Կ’ուզեմ երթալ Հայաստան» խորագրեալ իր 2025-ի հերթական ստեղծագործութիւնը: 28 Նոյեմբեր 2025-ի աշակերտական ներկայացումէն օր մը ետք, պարախումբին գլխաւոր ելոյթը ըմբոշխնելու համար սրահ ժամանած էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդի ներկայացուցիչ Տ. Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանը, Պէյրութի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հաւատարմատար Ալիք Ղարիպեանը, ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ժէրար Թիւֆէնքճեանի ներկայացուցիչ՝ Յանձնաժողովի անդամ Ժան Օղասաբեանը, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Ճըղըլեանն ու վարչութեան անդամները, ինչպէս նաեւ քոյր կառոյցներու տնօրէններ եւ ներկայացուցիչներ, հայ ու ոչ-հայ հիւրեր, պարողներու հպարտ ծնողներ եւ հարազատներ:

Պարախումբի վարչութեան հայերէն ու արաբերէն բացման խօսքերը յաջորդաբար արտասանեցին վարչականներ Կարինէ Փամպուքեան եւ Գարին Հաճեան: Պարախումբի երկարամեայ երթէն ծնած ուրախութեան ու հպարտութեան համար անոնք մեծարեցին ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի ղեկավարները, երախտագիտութիւն յայտնեցին հովանաւորներուն եւ ողջունեցին իրենց զաւակներուն հայկականութեան տէր կանգնող ծնողները, եզրակացնելով որ ինքնութեան գիտակցութիւնը առաջին հերթին կը ծնի ընտանիքէն եւ տունէն:
Հուսկ, հսկայ պաստառին վրայ ցուցադրուած հայկական խորհրդանշաններուն, նախշերուն եւ հայրենիքէն պատկերներուն հովանիին տակ բեմ բարձրացան տարիքային հինգ խումբերը, որոնք տպաւորիչ համադրութեամբ կատարեցին հայրենի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Պետրոս Կարապետեանի այնքան բծախնդրութեամբ մշակած բոլորովին նոր յայտագիրը, որուն մաս կազմեցին հայկական ժողովրդական եւ ազգագրական ոգեշնչող ու մեղմ պարեր՝ ներառեալ Ազատ Ղարիպեանի գլուխգործոցներ եւ հայ մեծանուն երաժիշտներու յօրինումներ, ինչպէս նաեւ այլ մշակոյթներէ պատկերներ: Միաժամանակ, ներկաները յուզումնախառն ոգեւորութեամբ դիտեցին լիբանանահայ Ալեքս Առաքելեանի հեղինակած ու բեմադրած կարճ ֆիլմերը, ուր պարախումբի կրտսեր անդամներէն Քայա Թօրօն մարմնաւորեց Հայաստան երթալու փափաքով ապրող Արինին կերպարը: Ֆիլմերը նկարագրեցին գիշեր մը Արինին տեսած երազը, ուր ան Վազգէն Մուղալեանի ձայնագրած Հայաստանի խորհրդաւոր ձայնին առաջնորդութեամբ կը շրջագայէր Հայաստանով մէկ՝ այցելելով գեղատեսիլ վայրեր եւ հայուն բնորոշ երեւոյթներու մասին զրուցելով անծանօթ հայրենակիցներու հետ, ի վերջոյ զարթնելով եւ բարձրաձայնելով Հայաստան երթալու իր մարմաջը: Կարճ շարժապատկերները հաղորդեցին հայրենիքին կարօտն ու հողին ուժը, որ երկու ժամ շարունակ ապրեցան սրահին մէջ մէկտեղուած հանդիսատեսները, որոնք բուռն գնահատեցին ելոյթը, որ արտացոլեց պարողներուն ամուր կառչածութիւնը իրենց հայկական ինքնութեան:

Երկու արարով եւ պարողներուն զգալի պարտաճանաչութեամբ մատուցուած պարերը իրենց գագաթնակէտին հասան հայկական աշխարհահռչակ Քոչարիի խմբային կատարումով, որ բեմին վրայ բացայայտեց ոչ միայն պարախումբին տարիքային դասաւորումը, այլեւ իմաստալից պատկեր մը, ուր երէց պարողներէն շատեր պարախումբին փոքրերէն էին, երբ միեւնոյն մեծահամբաւ բեմը բարձրացան նաեւ 2014-ին: Հայոց մշակութային հարստութեան պահպանումը ընդգծող, հետեւողականութիւն եւ շարունակականութիւն բուրող այս պատկերը կը վստահեցնէր, որ գնահատական խօսքերը երկար պիտի տրոփեն պարախումբի անդամներուն սրտին մէջ՝ հարթելով մնայուն անաղօտ փայլքի ճամբան, նաեւ արձանագրելով, որ նօսրացող լիբանանահայ համայնքը հարուածող օտարացումի ալիքներուն հակառակ, ՀԵԸ-ի հայակերտ ամուր բերդը տէր կը կանգնի աւանդին եւ տիպար կեցուածքով կը սփռէ հայուն յաւերժական վառվռուն ոգին:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Մամլոյ եւ Տեղեկատուական Գրասենեակ

