Չեմ գիտեր եթէ ամէն բարիքէն չարիք կը ծնի՞, կա՞մ ոչ, բայց քաջ գիտեմ, կասկած չունիմ որ ամէն չարիքէն բարի՛ք կը ծնի։
Կազայի մէջ եղած վերջին երկու տարուայ աղէտն ու չարիքը բարի՛ք բերին, կամ առնուազն սկսան բարիք բերել Միացեալ Նահանգներու բարեմիտ ժողովուրդին։
Նախագահ Ճիմի Քարթըրի օրերուն, գաղտնի սպասարկութիւնները ի յայտ բերած էին որ Իսրայէլ ապօրինի կերպով եուրանիում կ’իւրացնէ Ամերիկայէն եւ Իսրայէլ կը փոխադրէ՝ իր հիւլէական ռումբերու ծրագրի իրագործման համար։ Ամերիկայի աստուածավախ, բարեսիրտ ու մարդասէր նախագահը, հրեաները քննադատած ըլլալուն համար, փակ դռներու ետին ամէն գնով պայքարեցան եւ թոյլ չտուին որ վերընտրուի։ Բոլորովին մոռցած էին որ Իսրայէլ-Եգիպտոս խաղաղութեան դաշինքը կնքողը ինքն էր՝ Ճիմի Քարթըրը:
Այսօր, Նիւ Եորքի քաղաքապետ ընտրուած է Զոհրան Մամտանի։ Ամբողջովին հրեաներուն տիրապետութեան տակ գտնուող, իրենց իսկական մայրաքաղաքին քաղաքապետը՝ իսլամ, ընկերավարական, Իսրայէլ պետութեան ներկայ քաղաքականութեան հակառակող՝ երիտասարդ «քարիզմաթիկ» անձնաւորութիւն մը։
Մամտանի, Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողքին կեցած, առանց վարանելու, առանց բառերը ծամծմելու յայտարարեց. «Այո՛, ես հակառակ եմ Իսրայէլի վարած այսօրուայ քաղաքականութեան։ Պատրաստ եմ գործադրելու միջազգային դատարանի որոշումը եւ ձերբակալելու ներկայ վարչապետը, եթէ Նիւ Եորք այցելէ»։
Քաղաքական երկրաշա՞րժ, յեղափոխութիւ՞ն, եղափոխութիւ՞ն, թէ՞ երեքը միասին։ Անշուշտ որ երեքը միասին։ Նախորդ տարիներուն, նման երեւոյթ մը երեւակայելն անգամ անկարելի էր։ Ոչ միայն քաղաքագէտները, այլ պարզ համեստ ամերիկացիներն անգամ կը սարսափէին Իսրայէլի կամ հրեաներուն դէմ խօսելէ։
Աւելի քան 35 տարուայ գործակցութեամբ, բարեկամացած եւ մտերմացած էինք Տէյվիտին եւ Թոնիին հետ (պատշաճութիւնը յարգելու համար, ներեցէք որ զանց առնեմ իրենց ընտանեկան անունները)։
Տէյվիտը բնիկ ամերիկացի, աւետարանական էր։ Թոնին՝ Եուկոսլավիայէն ներգաղթած, կաթողիկէ համայնքին կը պատկանէր։ Առաջինը դժգոհ էր հրեաներուն կատարած չարաշահութիւններէն, իսկ երկրորդը, արդէն ընկերվարական դաստիարակութեամբ, լմա՛ն հակառակ էր իրենց (հրեաներուն) ընթացքին եւ գործունէութեան։
Յաճախ, ճաշարաններու ճաշասեղանին շուրջ երբ երեքով մեր խօսակցութիւնը այդ չարաշահութիւններուն մասին կ’ըլլար, երկուքը կը դադրեցնէին իրենց զրոյցը եւ կը ԼՌԷԻ՛Ն, ամէն անգամ որ սպասաւորը մեր սեղանին մօտենար։ Այո՛, ամերիկեան հողին վրայ, սահմանադրականօրէն խօսքի ազատութիւն ունեցող համեստ անձեր, կը վախնային սպասեակին ներկայութեան Իսրաէլի կամ հրեաներուն մասին ժխտական խօսելէ։ Յարգելով խօսակիցներս, ես ալ կը լռէի, բայց զարմացած, ապշահար, շշմած կը դիտէի զիրենք։
Մենք հոս, Լիբանանի մէջ, նոյն ժամանակաշրջանին, «խաղաղարար բանակի» զինուորական թաթին տակ էինք։ Ճաշարաններու գրեթէ բոլո՛ր սպասեակները դրացի, քոյր երկրին «մուխապարաթի» գործակալներն էին։ Լա՛ւ գիտէինք, բայց երբեք ալ վախը չունէինք քաղաքական մեր տեսակէտերն ու դժգոհութիւնները արտայայտելու կամ քննադատելու, ըլլայ իրենց ներկայութեան կամ բացակայութեան։
«Նիւ Եորքի քաղաքապետ ընտրուելէդ ետք, առաջին անգամ ո՞ր երկիրը կ’այցելես» հարցումին, հինգ տարբեր թեկնածուները պատասխանեցին՝ «անշուշտ որ Իսրայէլ», «Երուսաղէմ», «Թել Աւիւ», «Սուրբ երկիր (Holly Land)» եւ այլն։ Բացի՛ Զոհրան Մամտանիէն։ Ամենայն ինքնավստահութեամբ պատասխանեց․ «Նիւ Եորք կը մնամ եւ կ’աշխատիմ քացաքիս բնակչութեան բարօրութեան համար»։ Թերեւս բոլորովին անսպասելի՛, բայց մեծապէս գնահատելի, գլխարկ խոնարհեցնել տուող պատասխան մը։ Ահա թէ ինչո՞ւ Նիւ Եորքի բնակիչները մերժեցին ընտրել միւս հինգը, այլ նախընտրեցին Մամտանին։
Որքան ճիշտ բնութագրած է ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան իր շատ գեղեցիկ, իմաստալից բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ, ուր կ’ըսէ․ «Էսպէս չի՛ մնայ»։
Նոյնիսկ նախագահ Թրամփ «Էդպէս չմնաց»։ Քաղաքապետարանի ընտրութիւններէն առաջ, Մամտանին համայնավարութեամբ ամբաստանողը, քաղաքացիութիւնը ձեռքէն առնելով երկրէն դուրս դնել սպառնացողը, ընտրութիւններէն ետք, սիրալիր ընդունեց զինք Սպիտակ տունէն ներս։ «Ձայն բազմաց, ձայն Աստուծոյ»։ Նախագահն անգամ ստիպուեցաւ ենթարկուիլ բազմութեան ձայնին։
Այո՛, թէ՛ նախագահ Թրամփ, թէ՛ Նիւ Եորքի բնակիչները «Էդպէս չմնացին»։
Տարոսը միւսներուն։

