Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Կաղնի Մը Եւս Տապալեցաւ

Ա.

November 29, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Կաղնի Մը Եւս Տապալեցաւ

Այս անգամ բօթը հասաւ ԱՄՆ-էն:

Հետզհետէ, սփիւռքահայ մտաւորականութեան տերեւաթափ յիշեցնող պատկեր մը կ’ուրուագծուի, ցաւ ի սիրտ: Երէց ու յարգապատիւ սերունդի մը յոգնաբեկ կաղնիները կը տապալին հերթաբար:

Ընկեր Տոքթոր Արշակ Գազանճեանն է որ կը հեռանայ մեզմէ: Բազմաբեղուն վաստակ մը ձգելով իր ետին՝ բնականաբար բաց մը կը թողու ան՝ ոչ միայն իր ընտանեկան շրջապատին համար, այլեւ ազգային-հասարակական-կուսակցական-գրական եւ մշակութային շրջանակներու մօտ նաեւ: Ինչ խօսք, ան բոլորին համար պատկառազդու ներկայութիւն մըն էր, ունենալով իր հանգամանաւոր խօսքն ու կշիռը շատ մը ոլորտներէ ներս:

Կեանքի պայմաններուն թելադրած թոհուբոհին բերումով, անոր կեանքի ուղին ունեցաւ երկու փուլ՝ լիբանանեան եւ ամերիկեան: Երկու վայրերուն մէջ ալ ան մնաց պատնէշի վրայ աննկուն՝ նո՛յն սկբունքներով, նո՛յն առաքելութեամբ եւ նո՛յն սրտեռանդ նուիրումով:

Սերած էր հաճընցիի արմատներէ: Երիտասարդ տարիքին կ’երդնու Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան բոսորագոյն դրօշին վրայ: Մասնագիտանալով ատամնաբուժութեան մէջ, երբեւիցէ չլքեց ազգային-հասարակական կեանքը: Իր մէջ շեշտակիօրէն կային գրական խմորումներ. նաեւ՝ կազմակերպչական ունակութիւններ: Ի յաւելումն այս բոլորին՝ ան տրամադրուեցաւ անմնացորդ ծառայելու իր պատկանած հաւաքականութեանց եւ այդ ծիրէն ներս ստանձնեց պատասխանատու պաշտօններ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմնի կազմէն ներս, ապա՝ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութենէն ներս, ՀԿԲՄ-էն եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութենէն ներս: Բազմաոլորտ այս գործունէութեանց դափնեպսակը պէտք է համարել իր հրապարակագրական վաստակը ե՛ւ Լիբանանի ե՛ւ ԱՄՆ-ի մէջ:

Ան հոյլ մը գաղափարական ընկերներու հետ եղաւ հիմնադիրներէն մին Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան եւ «Արարատ Գրական» թերթին, ուր երեւցան իր առաջին պատմուածքները: Գրական շնորհքով օժտուած Արշակ Գազանճեան, տակաւին երիտասարդ (30 տարիքը չլրացած), լոյս կ’ընծայէ «Անկարելի երազ» (1959) պատմուածքներու հատորը եւ աւելի ուշ՝ «Կեանքի համար» գիրքը (1966). իսկ երրորդ հատորը կը հրապարակէ 1984-ին՝ «Մերին Ամերիկան» խորագիրով: Այս հատորներով, ան գեղարուեստականօրէն կը պատկերէ սփիւռքահայ կեանքը իր տարատեսակ երեսակներով, ազգային-ընկերային հարցերով, իրապաշտ ընկալումներով, հրատապ խնդիրներով ու տուայտանքներով: Անտարակոյս, այս գործերով, ան իր մնայուն տեղը ապահոված է սփիւռքահայ գրականութեան մէջ:

Ան երիտասարդ տարիքին եղած է ուսուցիչ. ատենապետած է ՀԿԲՄ-ը՝ հանգանակութիւններով կանգուն պահելով Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճը: Այնուհետեւ՝ 1989-ին ընտանեօք կը փոխադրուի ԱՄՆ, ուր շուրջ երկու տասնամեակ կը ստանձնէ ՍԴՀԿ-ի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանի պաշտօնաթերթ «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագրապետութեան պաշտօնը: Մամուլի էջերով հանդէս կու գայ կուռ խմբագրականներով, դիպուկ առաջնորդող յօդուածներով եւ քաղաքական խորամիտ վերլուծութիւններով՝ ազգային, միջազգային, հայրենական, ամերիկեան, գաղութային, եկեղեցական, մշակութային հարցերու շուրջ: Բարեբախտաբար, 2020-ին, լոյս կը տեսնէ իր յօդուածներու ընտրանի ժողովածուն՝ «Մեր դիտանկիւնէն – Ազգային մտորումներ ու կեցուածքներ» (493 էջ) խորագրով (համադրում եւ խմբագրում՝ Ռուբէն Աւշարեանի): Հոն կը նկատենք շնորհալի հրապարակագիրը՝ իր լեզուական կտրուկ ոճով, տրամաբանական դատողութիւններով, անշահախնդիր մտահոգութիւններով եւ սրտցաւ մօտեցումներով: Արդարեւ, սփիւռքահայ մամուլի պատմութեան մէջ եւս ան ունեցաւ իր ներդրումը:

Կուսակցական առումով, ան եղաւ օրինապահ, կարգապահ, յանձնառու եւ բծախնդիր ղեկավար: Ժողովականութեամբ եւ բանախօսութիւններով ջերմօրէն պաշտպանեց իր դաւանած գաղափարախօսութեան ուղին: Եղաւ միջկուսակցական երկխօսութեան մարդը, չափաւոր, հանդուրժող, լսող եւ լեզու գտնող շրջահայեաց հնչակեանը: Աւելի քան երեք տասնամեակ մաս կազմեց կուսակցութեան վերին մարմինին՝ Կեդրոնական վարչութեան:

Ի պատիւ եւ առ ի գնահատանք իր բազմատասնեակ տարիներու քաղաքական, համայնքային, գրական, կրթական եւ բարեսիրական ծառայութիւններուն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառը պարգեւատրած է զինք «Սբ. Մեսրոպ եւ Սբ. Սահակ» շքանշանով եւ Հայրապետական Օրհնութեան եւ Գնահատութեան Գիրով, 4 Դեկտեմբեր 2005-ին:

Այսպիսով, այս կեանքէն, լիարժէք հայորդի մը անցաւ լիուլի ծառայութիւններով, գրչի ու մտքի բեղուն գործերով, հաւատաւոր գործիչ մը՝ անշեղելի վարքագիծով, մտաւորական մը՝ ազգին ու հայրենիքին ցաւերով, պարկեշտ հայր մը եւ յանձնառու քաղաքացի մը՝ որուն անունն էր Արշակ Գազանճեան: Անցաւ ու միացաւ յաւերժութեան ճամբորդներուն:

Այս առթիւ, մեր խորին ցաւակցութիւնները ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն, կուսակից ընկերներուն եւ յատկապէս տէր եւ տիկին ընկեր Անդրանիկ Գազանճեաններուն:

Share68Tweet43
Previous Post

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Այցելութիւն ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնատեղի

Next Post

Չե՛նք Ընդունիր Ապերախտութիւնը

Next Post
Չե՛նք Ընդունիր Ապերախտութիւնը

Չե՛նք Ընդունիր Ապերախտութիւնը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.