Հայաստանի երկրորդ հանրապետութեան ժամանակաշրջանը (1920-1991 թ.) չյիշելու համար, առնուազն պէտք է ըլլալ երախտամոռ: Նոյեմբեր 29-ը, այդ պատմական օրը նշելու յարմարագոյն առիթն է:
1920 Նոյեմբերին, տարածաշրջանի կտրուկ եւ վտանգաշատ իրադարձութիւնները հասան այնպիսի փուլի, երբ քեմալականներ սկսան սրարշաւ խոյանալ Հայաստանի Հանրապետութիւն՝ վերջնականօրէն ընկճելու համար զայն: Մահասփիւռ քաոս մըն էր, որ մռայլած էր երկինքը հայոց: Հայաստանի վերջին բեկորն անգամ պահպանելը դարձած էր հարցական: Այդ դաժանագոյն րոպէին կար մէկ ընտրանք՝ Հայաստանի վարչակարգի փոփոխութիւն՝ երկրորդ հանրապետութեան գոյառումով:
Երկրորդ հանրապետութիւնը պատմական ճակատագրով իր բախտն ու կեանքը ակամայից կապեց հաւաքական ընդարձակ միութեան մը հետ՝ Խորհրդային (սովետական) անունով, որ իր ինքնատիպ գաղափարախօսութեամբ, ընկերային-տնտեսական, մշակութային, քաղաքական եւ քարոզչական ոլորտներով իւրայատուկ ճանապարհով ընթացաւ՝ դիմակալելով բազմաթիւ դժուարութիւններ, ապրելով ներքին թէ արտաքին ահալի ցնցումներ, կերտելով նորատեսակ մարդ-միջավայր մը՝ աշխարհի միւս մասերէն հիմնովին տարբերուող: Միջազգային քաղաքական կեանքը բոլորովին տարբեր էր այդ օրերուն: Մեծ ուժերու յարաբերակցութիւնը խիստ զգայուն օրակարգ էր՝ աշխարհի տարբեր վայրերու վրայ ազդող. երբեմն՝ սպառնաշունչ նաեւ:
Այս պայմաններուն տակ, հայ կեանքը զուգընթաց թաւալեցաւ, ազդուած վերոնշեալ գործօններէն՝ հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին: Խ. Հայաստան գծած էր իր ուղին՝ Քրեմլինի ցուցմունքներով, հետեւելով անոր հրահանգներուն եւ քաղաքականութեան: Այսպէս, տասնամեակներ անցան հասնելու համար մինչև 1991 թուական՝ Խ. Միութեան տարբաղադրում: Անկէ ետք արդէն պիտի սկսէր երրորդ հանրապետութեան պատմութիւնը՝ անկախութեան հռչակումով:
Այսօր, հպանցիկ ակնարկ մ’իսկ երկրորդ հանրապետութեան տարեգրութեան էջերուն վրայ, պիտի պարտադրէ զմայլանքով եւ ինչու չէ՝ կարօտախտով հաստատել, որ փառահեղ օրեր ապրեցաւ հանրապետութիւնը: Ստուերոտ դրուագներուն համեմատ, այն նուաճումները որոնք արձանագրուեցան համարեա բոլոր ոլորտներէն ներս, տակաւին տեսանելի են անուրանալի կերպով: Չտեսնե՞ լ եւ ուրանա՞լ: Քաւ լիցի:
Մշակութային առումով, բացառիկ մակարդակի հասաւ ան՝ երգ ու պարի, նկարչութեան, ճարտարապետութեան, բեմարուեստի, շարժանկարի եւ քանդակագործութեան ազգային իւրայատուկ ընդգծումներով: Արուեստ եւ մշակոյթ կերտեց ան՝ ապահովելով անոր նուիրեալներուն ստեղծագործական վերելքն ու նիւթական ապահովութիւնը: Յարգա՛նք պարտադրեց միջազգային ասպարէզներու վրայ: Քալելով Երեւանի փողոցներով, անկարելի է անտարբեր մնալ ինքնատիպ ճարտարապետութեան եւ շքեղ արձաններու ի տես: Գիտական առումով, փայլուն իրագործումներով յատկանշուեցաւ խորհրդային շրջանը: Յովսէփ Օրբելիի հիմնադրած Գիտութիւններու Ակադեմիան դարձաւ գիտնականներու մեղուի փեթակը: Բնագիտութեան, աստղագիտութեան եւ գիտական այլ ճիւղերու տաղանդներ դուրս եկան անկէ: Գիտութիւններու բազմաթիւ մասնագիտութիւններ դարձան միջազգային ուշադրութեան կեդրոնին: Արդիւնաբերութեան զարգացումը, վիթխարի գործարաններու սունկի նման աճը, աշխատատեղիներու բազմազանութիւնը չթողուց որ մարդիկ տառապին գործազրկութենէ: Կ’եռար կեանքը, զուգահեռաբար աշխատանքը: Ինչպիսի՜ կոթողներ ունինք այդ օրերէն՝ Մատենադարան, Սարդարապատ, Մեծամորի աթոմակայան, գետնուղի (մեթրօ), որ այս օրերուն փրկութիւն է երեւանցիներուն համար: Ծիծեռնակաբերդ, մարզահամերգային համալիր, Արփա-Սեւան ջրանցք, աւաղելիօրէն քանդուած՝ Երիտասարդական Պալատ, Զուարթնոց օդանաւակայան եւ թանգարաններու շշմեցուցիչ ցանց, որ ցայսօր կը գործէ նորանոր յաջողութիւններով: Խօսի՞նք գրահրատարակչական բեղուն կեանքի մասին՝ հանրագիտարաններ, գիտական ու գեղարուեստական գիրքեր, դասականներ, թարգմանական գրականութիւն, կրթական ցանցի մասի՞ն, երբ ուսանողներ կը վխտային տարատեսակ բարձրագոյն կրթական հիմնարկներէ ներս: Հայաստանի Գրողներու Միութիւն, գրական մթնոլորտ եւ հեղինակներու գնահատում: Ընթերցասիրութիւն եւ գիրքերու համար հերթագրումներ: Այո՛, բազո՜ւմ-բազո՜ւմ դրական երեսներ կան թուելիք, սակայն տեսնող ու գնահատող է պէտք եւ ոչ թէ ուտող-ուրացողներ:
Տարագիր հայութեան ինչքա՜ն աւիւն ու արիւն ներարկեց Խ. Հայաստան՝ ազգային մշակոյթ սրսկելով հայրենակարօտ հայութեան: Յոյսի եւ լոյսի կռուան հանդիսացաւ՝ իրեն մագնիսելով հայրենադարձ բեկորներ: Օտարութեան մէջ խարխափող եւ ամայի ճամբաներ դեգերող հայուն փրկութեան լաստ եղաւ ան: Ի վերջոյ, նմանեցաւ անքոյթ ապաստարանի՝ ուր հայը պիտի չուծանար, այլեւ դառնար գործօն մասնիկ իր որդիակարօտ հայրենիքին: Անկէ ետք իր գիրկը ընդունեց սփիւռքահայ ուսանողներ, տուաւ գիտութիւն ու կրթութիւն եւ զանոնք պատրաստեց սփիւռքահայ կեանքին համար՝ որպէս ազգային-հասարակական գործիչներ, տիպար քաղաքացիներ, մասնագէտներ եւ գաղութահայութեան օգտակար տարրեր:
Իսկ ամենակարեւորը, որ յատկապէս ա՛յս օրերուն կը զգանք աւելի շեշտակիօրէն, հայոց ֆիզիքական ապահովութիւնն էր, հայրենիքի անվտանգութեան ապահովութիւնը: Ո՞վ կը համարձակէր սահմաններ խախտել, ո՞վ կրնար սուր ճօճել եւ սպառնալ՝ երբ անդին կանգնած էր Կարմիր բանակը պողպատակուռ: Ապա՝ հայահաւաքը, հայութեան թիւին աճը, նորակերտ քաղաքներն ու աւանները, կենսախինդ սերունդները, որոնք Նոյեմբեր 29-ին կը տողանցէին յաղթապանծօրէն եւ ոչ թէ «ակցիաներ», ցոյցեր, հայհոյախառն հաւաքներ կ’ընէին խախտելով երկրին խաղաղ կեանքն ու աշխատանքը:
Այո՛, չե՛նք ընդունիր ապերախտութիւնը: Այո՛, չե՛նք ընդունիր երախտամոռութիւնը:

