ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԸ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԵԾ ՀԻՒՐ
Վաղը, 30 Նոյեմբերին, Լիբանան պիտի ժամանէ մեծագոյն հիւր Հռոմի Լեւոն ԺԴ. պապը, որ երեք օրերու ընթացքին պիտի ունենայ հանդիպումներ քաղաքական ղեկավարութեան, հոգեւորականներուն եւ լիբանանցիներուն հետ: Անոր ժամանումին ընդառաջ, Պէյրութի նաւահանգիստ հասած է ծանօթ Popemobile ինքնաշարժը, որ միշտ կը գործածուի Սրբազան քահանայապետի փոխադրութիւններուն մէջ: Այս առթիւ, պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսայի հրապարակած որոշումը յառաջիկայ երեք օրերուն սառեցուց Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի մէջ զէնք կրելու արտօնագրերը:

Լիբանան ժամանելէ առաջ, Լեւոն ԺԴ. պապը կը գտնուի Թուրքիա, ուրկէ երէկ յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ եկեղեցին ունի փոքր շրջանակ մը, սակայն միշտ կը մնայ պտղատու: Անոր համաձայն, Թուրքիոյ մէջ մեծաթիւ տեղահանուածներու ներկայութիւնը լուրջ մարտահրաւէր կը ներկայացնէ եկեղեցւոյ համար, որովհետեւ անհրաժեշտ է մատուցել ծառայութիւններ եւ ապահովել ապահով կեանք:
Նշենք, որ նախապէս Լիբանան այցելած են Պօղոս Զ., Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ Պենետիքտոս ԺԶ. պապերը, մինչ Ֆրանչիսկոս պապը չէր ունեցած հնարաւորութիւն՝ իրականացնելու այդ այցելութիւնը, որ շատ կը փափաքէր կատարել: Լիբանան այցելած պապերը միշտ շեշտած են իսլամ-քրիստոնեայ համագործակցութիւնը, Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան պահապանումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պատգամը՝ որպէս բազմազանութեան եւ համագոյակցութեան երկիր:
ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ԱՄԵԱԿ
Լրացաւ Հըզպալլայի ու Լիբանանի դէմ իսրայէլեան 2024-ի պատերազմին վերջ դրած զինադադարին յայտարարութեան առաջին տարին: Լիբանանեան բանակի՝ Լիթանի գետէն հարաւ շրջանին հրամանատար զօրավար Նիքոլա Թապէթ յայտնեց, որ բանակը որեւէ կողմի հետ չի համակարգեր խուզարկումները, սակայն միայն դրական վերաբերմունք նկատած է բնակչութեան մօտ եւ ոչ մէկ բողոք գրանցուած է: «Բանակը Լիթանիէն հարաւ ցարդ կատարած է 30 հազար խուզարկում եւ կը գործէ երկու հարիւր զինակառքերով», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ: Իսկ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը

ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպանին միջոցաւ բողոք յղեց Իսրայէլի դէմ՝ Լիբանանի հողային տարածքին մէջ ապահովական պատ մը կառուցելու հարցով: Նշեալ պատը կը կառուցուի լիբանանեան Եարուն գիւղին մօտ, խախտելով Կապոյտ գիծը եւ ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւը:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ անցնող 12 ամիսներու ընթացքին լիբանանեան կողմը ունեցած է 335 զոհ եւ 973 վիրաւոր: ԵՈՒՆԻՖԻԼ իր հերթական յայտարարութեան մէջ նշեց, որ ճիշդ տարի մը առաջ յայտարարուած զինադադարէն ի վեր գրանցուած է աւելի քան 10 հազար խախտում: «Խաղաղապահ ուժերը աջակցեցան հարաւի մէջ լիբանանեան բանակի տեղակայումին, սակայն տակաւին կան շարք մը մարտահրաւէրներ՝ ներառեալ ապօրինի զէնքերու եւ սարքերու յայտնաբերումը եւ իսրայէլեան բանակին կողմէ լիբանանեան դիրքերու գրաւումը», յայտարարեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ, կոչ ուղղելով յարգելու ՄԱԿ-ի 1701 բանաձեւը՝ յանգելու համար ամբողջական կայունութեան, որուն կը տենչին սահմանային գօտիի բնակիչները: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ տարի մը երկարած զինադադարին ընթացքին «ահաբեկած է Հըզպալլայի, Համասի եւ պաղեստինեան այլ կազմակերպութիւններու աւելի քան 370 անդամ, եղած է 1200 դիպուկ հարուած եւ կործանուած են Հըզպալլային պատկանող բազմաթիւ դիրքեր»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան օդուժը երէկ ինքնաշարժ մը հարուածեց հարաւային Քանթարա գիւղին մէջ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ապահովական հարցերուն վերաբերող ժողով մը գումարած է պաշտպանութեան նախարարին եւ զինուած ուժերու սպայակոյտի պետին հետ: Անոնք մասնաւորաբար արծարծած են Լիբանանի սահմանային գօտիին վրայ տիրող վիճակը՝ մերթ ընդ մերթ սրող լարուածութեան լոյսին տակ:

Արտաքին գետնի վրայ, Սպանիոյ արտաքին գործերու նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարէս դատապարտեց Կազայի եւ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան զինուորական շարունակական խախտումները, զանոնք համարելով անընդունելի քայլեր:
ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ՊԱԱԼՊԱՔԻ ՄԷՋ
Թմրանիւթերու վաճառականներուն դէմ վերջերս սաստկացած պայքարի ծիրին մէջ, լիբանանեան բանակը երէկ ձերբակալութիւններու արշաւի մը ձեռնարկեց Պաալպալի տխրահռչակ Շարաունէ թաղամասին մէջ, ուր խուզարկուեցան շարք մը բնակարաններ՝ ներառեալ վերջերս ձերբակալուած Նուհ Զաայթէրի բնակարանը:

Բանակի գործողութեան ընթացքին յայտնաբերուեցան եւ ձերբակալուեցան շարք մը կասկածելիներ, որոնցմէ առգրաւուեցան ինքնաշարժներ, ռազմական սարքեր եւ ապահովական տեսախցիկներ:
ՆԵՐԹԱՓԱՆՑՈՒՄ ԵՒ ԲԱԽՈՒՄ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ
Սուրիոյ լրատուական հեռատեսիլի կայանը հաղորդեց, որ քանի մը մարդ մահացած կամ վիրաւորուած է Դամասկոսի գիւղական շրջաններէն Պէյթ Ճընի մէջ՝ իսրայէլեան օդային հարուածներուն պատճառով: Ըստ հաղորդումին, իսրայէլեան օդուժը միջամտած է, երբ շրջուն ջոկատ մը շրջափակուած է գիւղի տարածաշրջան ներխուժելէ եւ բնակիչներուն հետ հրաձգութեան փոխանակումի բռնկումէ ետք:

Իսրայէլեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, թէ ունեցած է վեց վիրաւոր՝ ներառեալ երեք սպայ, սուրիական Պէյթ Ճընի շրջանին մէջ բռնկած բախումներուն հետեւանքով: Բանակը նախապէս յայտարարած էր, որ գիշերուայ ժամերուն ներթափանցած է սուրիական հողեր՝ ձերբակալելու համար «Ժամաա Իսլամիէ» կազմակերպութեան անդամներ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումներու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն, Նոյեմբեր 28-ին, երկու երկիրներու համապատասխան գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները հանդիպած են Հայաստան-Թուրքիա սահմանի Ախուրիկ-Աքյաքա անցակէտին վրայ եւ Հայաստանի Կիւմրի քաղաքին մէջ:

Տեղի ունեցած է Կիւմրի-Կարս երկաթգծի վերականգնման եւ շահագործման ուղղուած տեխնիկական քննարկումներու երկրորդ փուլը:

