Այն ժամանակաշրջանին, երբ երաժշտական տեսահոլովակները կը կեդրոնանան պսպղուն պատկերներու, արագընթաց շարժումներու եւ ոճի չափազանցուած դրսեւորումներու վրայ, պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի եւ հանրածանօթ ամերիկահայ դերասան ու բեմադրիչ Մայքըլ Կուրճեանի համագործակցութեամբ հրապարակուած նոր տեսահոլովակը կու գայ բացառութիւն մը կազմելու, իր հազուագիւտ չափաւորութեամբ ու բանաստեղծական, զգացական արտայայտչականութեամբ։ Տեսահոլովակին պատկերները ոչ միայն կ’ուղեկցին երգին, այլեւ՝ կարճամեթրաժ ֆիլմի մը պէս զայն կ’առաջնորդեն դանդաղ կշռոյթով, զգացական՝ խորհրդաւոր սիրոյ մտերմիկ պահերով։
Տեսահոլովակը արտադրուած է մեկենասութեամբ ամերիկահայ գործարար Յովիկ Մարտիրոսեանի։
Հեղինակ Յասմիկ Հախվերտեանի՝ «Արեւին մօտ» երգին հիմքը կը կազմէ «լոյս»ին մօտենալու գաղափարը։ Տեսահոլովակի սկիզբէն մինչեւ վերջ, լոյսը կը դառնայ առանցքը, արեւը՝ անկեղծ զգացումներու արտայայտիչը։ Տեսահոլովակը ամբողջութեամբ կառուցուած է լոյսին մօտենալու, անոր յանձնուելու եւ անորմով փոխակերպուելու գաղափարին շուրջ։ Արեւը չի ներկայանար միայն իբրեւ սիրային յետին պատկեր կամ զարդարող տարր, այլ կը դառնայ շարժիչ, մղիչ ուժ։ Անոր ոսկեգոյն ճառագայթները կը հետեւին կերպարներուն, կարծես ֆիզիքական ներկայութիւն ըլլան, եւ ջերմութիւն կու տան տեսահոլովակի կառոյցին, խորհրդանշելով՝ պարզութիւն, միութիւն եւ ճշմարտութիւն, ստեղծելով սիրոյ խոկումի պահ մը։
Սիպիլը եւ Մայքըլը արուեստագէտի իրենց գերզգայուն տաղանդը կը բացայայտեն այս ձեռնարկին մէջ, ուր չկայ աղմուկ, կայ՝ շշունջ, չկայ ցուցադրական չափազանցութիւն, կայ մարդկային նուրբ, բիւրեղ սիրոյ արտայայտութիւն։ Անոնց փոխադարձ ժեստերը կը ցոլացնեն երկու ներքին աշխարհներու լուռ երկխօսութիւնը։ Անոնք դիտողը կը հրաւիրեն ըմբոշխնելու, մասնակից դառնալու եւ իրենց հետ խորապէս ապրելու այդ պահերը։
Եւ վերջապէս, Սիպիլը իր երգեցողութեամբ այս ամբողջ տեսահոլովակը կը զօդէ իրարու, ջինջ եւ խաղաղ կատարումով։ Անոր ձայնը թէեւ մեղմ կը հոսի, սակայն ինքնավստահօրէն կը թափանցէ, առաւել եւս վսեմութիւն տալով աշխատանքին։
«Արեւին մօտ»ը պարզապէս աչք գրաւող տեսահոլովակ մը չէ, այլ կը դիպչի մարդու ներքին աշխարհին։ Ան նոր դուռ կը բանայ մերօրեայ հայ երաժշտութեան առջեւ, ընդարձակելով անոր կարելիութեան սահմանները։
«Արեւին մօտ»ը լուռ, բայց ուժեղ յաղթանակ է կարճամեթրաժ ֆիլմաշխարհէն ներս, ուր զգացողութիւնը, երաժշտութիւնը, դերակատարութիւնը եւ լուսաւորումը հաւասարապէս իրարու հետ կը զրուցեն։


Շնորհակալութիւն