ԼԻԲԱՆԱՆ-ԿԻՊՐՈՍ ԾՈՎԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԳԾՈՒՄ
Կիպրոսի նախագահ Նիգոս Խրիսթոտուլիտէս երէկ այցելեց Լիբանան եւ Պաապտայի պալատին մէջ ստորագրեց Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ ծովային սահմանագծումին մասին համաձայնութիւն մը: Լիբանանեան կողմէն համաձայնագիրը ստորագրեց Հանրօգուտ աշխատանքներու եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ֆայէզ Ռասամնին:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն նշեց, որ այս համաձայնութեամբ երկու երկիրները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ուժանիւթային որոնումներ կատարելու իրենց ջրային տարածքին մէջ: Կիպրացի նախագահը Աունին հետ տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ այս համաձայնութեամբ կը բացուին ուժանիւթային ոլորտին մէջ համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ:
Նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ տարածաշրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Դեսպանը Աունին յանձնեց նախագահ Տոնըլտ Թրամփի շնորհաւորական նամակը՝ Լիբանանի անկախութեան տօնին առթիւ:
ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ
Եգիպտոսի արտաքին գործերու նախարար Պատըր Ապտ էլ Աաթիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ շարք մը տեսակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանի պետական անձնաւորութիւններու հետ: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ տեսակցելէ ետք, եգիպտացի նախարարը շեշտեց, որ աշխատանք կը տարուի Լիբանանը զերծ պահելու իսրայէլեան հնարաւոր յարձակումներէ:

Իսկ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ եգիպտական պատուիրակութեան հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կը կատարէ զէնքի մենաշնորհի որոշումին վերաբերեալ իր պարտականութիւնները: Վարչապետ «Նիւ Եորք Թայմզ»ին տրուած հարցազրոյցի մը մէջ դիտել տուաւ, որ Իսրայէլ իր յարձակումները կ’արդարացնէ Հըզպալլան ապազինելու պահանջով, իսկ Հըզպալլա միւս կողմէ կը մերժէ զէնքը յանձնել մինչեւ իսրայէլեան ամբողջական նահանջը: Նախարար Ապտ էլ Աաթի տեսակցեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ ու շեշտեց, որ Իսրայէլ պէտք է անյապաղ վերջ տայ իր ոտնձգութիւններուն եւ լիբանանեան բանակին հնարաւորութիւն ընծայէ ամբողջացնելու իր առաքելութիւնը: Եգիպտոսի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը միւս կողմէ յայտարարեց, թէ Գահիրէի համար առաջնահերթութիւն է Լիբանանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը, կոչ ուղղելով կանխելու որեւէ մագլցում:
ՀԱԿԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ ԻՐԱՆՑԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ
Արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռեժժի հակադարձեց Լիբանանի ներքին հարցերուն չմիջամտելու մասին Իրանի արտաքին գործերու նախարարին յայտարարութիւններուն եւ դիտել տուաւ, որ լիբանանցիներուն համար հացի եւ ջուրի նման կարեւոր է գերիշխանութիւնը, ազատութիւնն ու անկախութիւնը, հեռու մնալով գաղափարախօսական լոզունգներէն եւ սահմաններ հատող յայտարարութիւններէն, որոնք Լիբանանը առաջնորդած են ու տակաւին կ’առաջնորդեն կործանումի:

Նշենք, որ նախարար Ապպաս Արաքճի պնդած էր, որ Թեհրան միջամուխ չի դառնար Լիբանանի ներքին հարցերուն, սակայն կը զօրակցի երկխօսութեան՝ ամրապնդելու համար երկկողմանի ամուր յարաբերութիւնները: Ան իր լիբանանցի պաշտօնակիցը հրաւիրեց Թեհրան, պատրաստակամութիւն յայտնելով նաեւ իր կարգին այցելելու Պէյրութ՝ հրաւէր ստանալու պարագային: Իսկ Իրանի իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամինէի զգուշացուց Հըզպալլան ապազինելու վտանգաւոր հետեւանքներէն: Մինչ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժաա հակադարձեց Խամինէիի յայտարարութիւններուն ու յիշեցուց, որ Լիբանան անկախ երկիր է, ունի Սահմանադրութիւն եւ կը մերժէ որ այլ կողմեր միջամուխ դառնան երկրի ներքին հարցերու տնօրինումին:
ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ ԶԲՕՍԱՇՐՋԱՅԻՆ ԱԼԻՔ
Հռոմի Լեւոն ԺԴ. պապը խորապէս մտահոգիչ համարեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցած թիրախաւորումը, բոլոր կողմերէն պահանջելով հրաժարիլ զէնքի գործածութենէն եւ այդ չհամարել խնդիրները լուծելու միջոց մը: Սրբազան քահանայապետը կոչ ուղղեց երկխօսութեան, համախմբուածութեան եւ փոխադարձ յարգանքի՝ լուծելու համար տարակարծութիւնները:

Պապին Լիբանան գալուստին առումով, զբօսաշրջային սենտիքաներու համախմբումի ղեկավար, պանդոկներու սենտիքայի նախագահ Փիէռ Աշքար յայտնեց, որ Լեւոն ԺԴ. պապին Լիբանան այցելութեան զուգահեռ կը նկատուի զբօսաշրջիկներու հոսք մը: Ըստ Աշքարի, Լիբանան կը ժամանեն ոչ միայն բազմաթիւ լրագրողներ, այլեւ շրջակայ երկիրներէն՝ Յորդանանէն, Իրաքէն ու Եգիպտոսէն բազմաթիւ այցելուներ, որոնք կը ժամանեն ականատես դառնալու պապին պատմական այցելութեան եւ մաս կազմելու պատարագին ու այլ ձեռնարկներու: Աշքար սակայն ահազանգեց, թէ ապահովական անկայունութիւնը կ’ազդէ Լիբանան ճամբորդելու ոմանց որոշումին վրայ, որովհետեւ արտերկրի մէջ բնակողներուն համար հարաւային արուարձաններուն ռմբակոծումը կը համարուի Պէյրութի թիրախաւորում:
ՆՈՐԱԾԻՆՆԵՐՈՒ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԶԲԱՂՈՂԻ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Պետական անվտանգութեան ծառայութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, թէ մարդու վաճառականութեամբ զբաղող ցանցերու հետապնդումի ծիրին մէջ, ծառայութեան հարաւի գրասենեակը ձերբակալած է բժիշկ Ժ. Ֆ.-ն, որ կ’ամբաստանուի նորածիններու վաճառականութեամբ զբաղող ցանցի մը հետ համագործակցելու եւ իր բժշկական հանգամանքը չարաշահելով ցանցին ապօրինի գործունէութիւնը դիւրացնելու մէջ:

Ըստ պետական անվտանգութեան, բժիշկը ծննդեան վկայագրեր կեղծած է՝ նորածիններուն իսկական ինքնութիւնը քօղարկելու եւ զանոնք ապօրինաբար այլ ինքնութեամբ արձանագրելու մէջ:
23 ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտնեց, որ հաստատուած է Ատրպէյճանի մէջ 23 հայ գերիներու առկայութիւնը: Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, Սիմոնեան վստահեցուց, որ օր մը գերիներուն թիւը պիտի հասնի զերոյի, աւելցնելով որ Երեւան աշխատանք կը տանի՝ ապահովելու համար հայերուն ապահով տունդարձը Պաքուի բանտերէն:

