Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Նիքիթա Սիմոնեանի Մեկնումով Բացուած` Յուշերու Կապոց Մը

Նազօ Ճէրէճեան

November 25, 2025
in Մարզական
0
Նիքիթա Սիմոնեանի Մեկնումով Բացուած` Յուշերու Կապոց Մը

Եօթանասուններու սկիզբն էր: Բջիջային հեռախօս չկար: «Տիճիթըլ»ի նման բաներ միայն ամերիկեան երեւակայածին, անկարելի թուացող` «mission impossible»-ական հաղորդաշարերու մէջ կը հանդիպէինք: Մեր օրերուն, ամենազարգացած ու դժուար հասանելի game-ը «Ֆլիփփըր» կը կոչուէր:

Այն ժամանակ, մենք կ’իջնէինք փողոց: Մեր երրորդ դպրոցը: Կը կազմակերպէինք մեծերէն ժառանգած՝ առաւելաբար վազքի, շարժումի հետ կապուած տեսակաւոր խաղեր: Ատոնց ամէնէն ընտիրը ֆութպոլն էր: Կը խաղայինք անվերջ… մինչեւ որ գնդակը կորսուէր, պայթէր կամ դրացիները մեր աղմուկէն անհանգստացած բարկանային, գնդակը գրաւելու ազդարարութեամբ:

Ահա ճիշդ այդ տարիներուն, յանկարծ պատանիներուս բառապաշարը հարստանալու սկսաւ հայրենի «Արարատ» խումբի ֆութպոլիստներուն մականուններով: Զանազանեան, Իշտոյեան, Մարգարօֆ, Աբրահամեան, Անդրիասեան, Ղազարեան, Մեսրոպեան եւ այլն:

Էշրէֆիէի բարձունքը գտնուող մեր տան պատշգամէն, մութը հասնելուն պէս մեր ձայնասփիւռը կը սկսէր խռպոտ որակով ընդունիլ Հայաստանէն սփռուող ռատիօալիքը, «Երեւանն է խօսում» յայտնի յայտարարութեամբ: Եւ այդ խզզացող սփռումէն գոհ, ագահաբար կ’ունկընդրէի առասպելային հաղորդավար, ֆութպոլային անզուգական մեկնաբան Սուրէն Պաղտասարեանի լուսաբանութիւնները՝ «գրոհում են արարատցիները… վտանգաւոր դրութիւն է… հարուա՜ծ… եւ… կո՜լ»: Ու ինչպիսի՜ հրճուանք, ի՜նչ մեծ ցնծութիւն, որ դժուար թէ այսօր «տիճիթըլ» հեռուստակայաններէն իսկ ստանան մեր պատանիներն ու երիտասարդները, եւրոպական անուանի, սակայն օտար խումբերու մարզիկներուն նշանակած կոլերով կամ յաղթանակներով:

Հպարտութիւն պատճառող այս խումբին մէջ, մեր ականջներուն սովորական թուացող աւանդական «եան»-երէն բացի կային նաեւ պատանիներուս համար խորթ, սակայն արտայայտչական առումով զօրեղ հնչեղութեամբ մականուններ եւ անուններ՝ Կավալենքօ, Պոնտարենքօ, Նիքիթա…: Սա, նաեւ խումբին ձեռքբերումներուն զուգահեռ, տարբեր վարկ եւ հեղինակութիւն տուող հանգամանք մըն էր: Ինչպէս օրինակ յետագային երիտասարդներուն սիրտը հալեցնող «լեկենտար»ներունը՝ Ռօնալտօ՜, Լեվանտովսքի՜, Պօպի Մո՜ւր, Հերի Քէ՜յն, Ռօնալտինիօ՜, Ինիյսթա՜ եւ այլն:

Մերոնցը ուրիշ համ մը ունէր: Մարգարօ՜ֆ, Փոնտարենքօ՜, Նիքիթա՜:

Նիքիթա, հետաքրքրական անուն մըն էր մեզի համար, գոնէ ինծի համար: Նիքիթա Սիմոնեան: «Եան» մը ունէր, ուրեմն հայ էր: Իսկ Նիքիթան ինչո՞ւ: Հետագային պարզ դարձաւ, որ ան հայազգի զաւակ էր, սակայն պայմաններու բերումով հայերէն չէր գիտեր, ռուսախօս էր:

Նիքիթա Սիմոնեանը ունեցաւ բացառիկ մարզական ուղի: Մոսկուայի «Սպարտակ»-ի կազմին մէջ ան կանգնած է իբրեւ ակումբի պատմութեան ամենաարդիւնաւէտ ռմբարկուն եւ ԽՍՀՄ առաջնութեան քառակի ախոյեանը։ 1956-ին, արդէն խորհրդային հաւաքականի գլխաւոր կազմին մէջ, ան արժանացած էր Ողիմպիական ոսկէ մետալին։

Ֆութպոլի ԽՍՀՄ ախոյեանութիւններուն ընթացքին մասնակցած էր 285 մրցումներու, դառնալով 145 կոլի հեղինակ:
Որպէս մարզիչ, Սիմոնեան կրկնակի ախոյեան դարձուցած էր մայրաքաղաքի «Սպարտակ»-ը, իսկ 1973-ին իր անգերազանցելի նուաճումով ոսկէ էջ բացած էր հայկական ֆութպոլին համար, Երեւանի «Արարատ»-ը հասցնելով ԽՍՀՄ ախոյեանի տիտղոսին։ Այդ ձեռքբերումը դարձաւ ամբողջ հայութեան հպարտութիւնը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ որպէս ազգային յիշողութեան փայլուն լուսարձակ։

Ես մեր պատանեկան յուշերէն խօսեցայ: Այդ տարիներուն, երէցներն ալ վստահաբար նոյնքան եւ աւելի կապուած էին հայրենի «Արարատ»-ին: «Խորհրդային» բառէն խրտչող մեր հայրենակիցներն անգամ հաւատաւոր համակիրներ էին «Արարատ» խումբին եւ ոգի ի բռի կը գովերգէին անոր սովետական կամ եւրոպական դաշտերու վրայ արձանագրած յաջողութիւնները:

Ահա այստեղ էր նաեւ մարզիչ Նիքիթա Սիմոնեանին մեծութիւնը. ռուսախօս ըլլալով հադերձ, որոշ շրջանի մը համար, դարձաւ «Ապրիլ 24»-եան օրինակով, սփիւռքահայ միասնականութեան սերմնացանը:

Նիքիթա Սիմոնեանը այն մարզիչն էր, որ լաւապէս հասկցած էր իր ժամանակի ֆութպոլը, սովետական ֆութպոլային գաղտնիքները: Ան գրագէտ կապեր ունէր խորհրդային ֆութպոլի վերնախաւին հետ եւ, յանուն հայկական «Արարատ»-ի բարելաւման, գիտէր ինչպէս պիտի զուգորդէր քաղաքական Մոսկուան՝ մարզական Երեւանին: Ֆութպոլային առումով Կարէն Դեմիրճեան մըն ալ ինքն էր: Աստիճանաբար յաջողած էր ոչ միայն սարսափազդու «Տինամօ Քիեւ»-ը, այլեւ եւրոպայի ախոյեան՝ գերմանական «Պայերն Միւնիխ»-ի նման խումբեր ծունկի բերող «քոլեքթիվ» մը ստեղծել, ինչպէս պիտի ըսէին հայրենիքի մէջ: Իր հրաժարումէն ետք, հայկական ոտնագնդակը աստիճանաբար «ոտքի տակ» երթալով, այսօր հաւասարած է լիխթենշթայնեան կամ լիւքսեմպուրկեան աննշան խումբերու մակարդակին:

Անգնահատելի է Սիմոնեանի դերն ու ներդրումը «Արարատ-73»-ի պատմական յաջողութիւններուն մէջ։ Իբրեւ բացառիկ մարզիկ եւ տաղանդաշատ մարզիչ, Նիքիթա Սիմոնեանի անունը տասնամեակներ շարունակ դարձած էր ֆութպոլի հոմանիշ, իր անունը ոսկեզօծ տառերով արձանագրելով թէ՛ խորհրդային եւ թէ՛ հայկական ֆութպոլի պատմութեան մէջ:

Եւ այդ անունը դեռ երկա՜ր, շա՜տ երկար պիտի ապրի:

Share76Tweet48
Previous Post

Հաւատաւոր Միաբան Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Next Post

Լուրեր. 27 Նոյեմբեր 2025

Next Post
Լուրեր. 27 Նոյեմբեր 2025

Լուրեր. 27 Նոյեմբեր 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.