Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Այցելութիւն Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանին

November 27, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Այցելութիւն Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանին

Հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր ղեկավարներու այցելութեանց ծիրին մէջ, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեան եւ մարզական դիւանապետ ընկ. Լութֆիկ Կէօտալազեան երէկ երեկոյեան այցելեցին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահի տեղապահ, վերապատուելի դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանին, ընկերակցութեամբ Պէյրութի եւ Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետական խորհուրդներուն մէջ Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչներ Յովհաննէս Պչաքճեանի եւ Գարոլին Խաչիկեանի:

Հանդիպումը հնարաւորութիւն ընծայեց Հայկազեան համալսարանի նախագահին ծանօթացնել քաղաքապետական երիտասարդ երկու դէմքերը եւ ներկայացնել Պէյրութի ու Սին էլ Ֆիլի շրջանները բարեկարգելու մասին անոնց  գաղափարներն ու առաջարկները:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած տեսակցութեան ընթացքին ժողովականները միտքեր փոխանակեցին Լիբանանին ու լիբանանահայութեան առջեւ ցցուած հրատապ թղթածրարներուն եւ խնդիրները դիմագրաւելու միջոցներուն մասին: Անդրադարձ եղաւ գաղութին մէջ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կենսական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանի կրթական առաքելութեան: Խաչիկեան եւ Պչաքճեան բացայայտեցին իրենց քաղաքապետական առաջնահերթութիւնները, իսկ Հնչակեան կուսակցութեան պատուիրակութիւնը դոկտ. Հայտոսթեանին ներկայացուց իր նորագոյն նախաձեռնութիւննները, շեշտելով լիբանանահայութեան վիճակը բարելաւելու ուղղութեամբ միացեալ ծրագրեր իրագործելու եւ այդ առումով համագործակցելու հրամայականը:

Share65Tweet41
Previous Post

Լուրեր. 27 Նոյեմբեր 2025

Next Post

Վերյիշենք Մեր Երախտաւորները. Երկու Ժիրայրներ

Next Post
Վերյիշենք Մեր Երախտաւորները. Երկու Ժիրայրներ

Վերյիշենք Մեր Երախտաւորները. Երկու Ժիրայրներ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.