Ճակատագի՞ր, թէ՞ զուգադիպութիւն, անոնք Ժիրայր անունով՝ ե՛ւ խմբագիր, ե՛ւ հաճընցի էին: Եւ… երկուքին համար Նոյեմբերը դարձաւ աշխարհէն դէպի յաւիտենականութիւն անցնելու ամիս:
Մէկը Ժիրայր Նայիրին էր, միւսը՝ Ժիրայր Դանիէլեանը: Մամլոյ եւ գրականութեան «անկրկնելի» Ժիրայրներ:
Բնականաբար անոնց միջեւ տարբերութիւններ կայի՛ն: Նայիրին հնչակեան կուսակցական էր, հետագային նաեւ՝ իր կուսակցութեան կեդրոնական առաջին դէմքը: Դանիէլեանը մնաց անկուսակցական: Թէեւ բոլորիս համար, անոր քաղաքական հակումներու նժարին թեքման կողմը յստակ էր:
«Արարատ» օրաթերթի եւ «Նայիրի» շաբաթաթերթի Ժիրայրը յանդուգն հրապարակագիր, լրագրող ու հասարակական գործիչ էր: Իսկ «Նաւասարդ», «Երիտասարդ հայ», «Շիրակ», «Կամար», «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս», «Հիւսիսեան Հայագիտական Հանդէս» եւ «Հասկ Հայագիտական Հանդէս»ի Ժիրայրը՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն, բանասէր-մատենագէտ:
Ժիրայր Նայիրի (Թօսունեան) (1929–2013) վաղ տարիքէն ներգրաւուած էր մշակութային ու ազգային կեանքին մէջ՝ պատանի տարիքին գրական եւ հրապարակագրական փորձեր կատարելով գրական «Փորձ» պարբերաթերթին մէջ: Իր երկարամեայ ծառայութիւնը բերած էր սփիւռքահայ մամուլին, տասնամեակներ շարունակ խմբագրելով «Արարատ» օրաթերթը, իսկ 1994-էն ետք՝ «Նայիրի» շաբաթաթերթը: Որպէս հմուտ վերլուծաբան, իր հեղինակութիւնը պարտադրած՝ ընթերցող լայն շրջանակներուն քով: Համեստ ընթերցողներէն մինչեւ փորձառու քաղաքագէտները իր «ընկերվար» սիւնակներէն ուղղութիւն կը փնտռէին ագահաբար:
Շրջան մը դարձաւ Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը: Հեղինակեց պատմական, հրապարակագրական ու ընկերային ներգործութիւն ունեցող հատորներ, եւ բազմաթիւ գաղութներու մէջ եղաւ փնտռուած բանախօս։
Լիբանանի Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան հիմնադիրներէն եղաւ։ Աշխատակցեցաւ Հ.Մ.Մ.-ի պաշտօնաթերթ «Կայծ» ամսաթերթին, «Արարատ Գրական»ի եւ այլ հանդէսներու մէջ:
Իր բազմաշնորհ աշխատանքը արժանացաւ Հայաստանի, Լիբանանի, Սփիւռքի եւ այլ երկիրներու բազմաթիւ պարգեւներու եւ գնահատանքի։
Մահացաւ Պէյրութի մէջ, 84 տարեկան հասակին, 27 Նոյեմբեր 2013-ին։
Ժիրայր Դանիէլեան (1941–2022) ներշնչուելով Վիեննայի Մխիթարեան վարժարանի հոգեմտաւոր մթնոլորտէն, Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին մէջ ստացած կրթութենէն եւ Հայկազեան գոլէճի (համալսարանի) պատմագիտական բաժնին մէջ իր բարձրագոյն ուսումէն, սիրեց հայ լեզուն ու պատմութիւնը եւ զինուորագրուեցաւ մատենագիտութեան եւ մամուլի տիրոյթին մէջ հաւատաւոր մշակ մը դառնալու առաքելութեան։
Հայկազեանի Հայագիտական գրադարանին մէջ քսան տարիէ աւելի ունեցած իր ծառայութեամբ, ան կառուցեց խոր ու հարուստ կապեր Երեւանի, Վենետիկի, Վիեննայի եւ սփիւռքեան այլ մեծ գրադարաններու հետ՝ նպաստելով գիտական գիրքի շրջանառութեան։ Պարբերական մամուլին մէջ ունեցած իր աշխուժ ներկայութիւնը դարձաւ անոր կնիքը: «Նաւասարդ», «Երիտասարդ Հայ», «Շիրակ», «Կամար», «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս» եւ այլ ամսագրերու խմբագիր կամ խմբագրակազմի անդամ եղաւ, իսկ խմբագրական աշխատանքի կողքին հաւաքեց եւ լոյս ընծայեց հարիւրէ աւելի գիրքեր։
Որպէս մատենագէտ եւ բանասէր, կը բնորոշուէր սուր վերլուծումի ուժով, վիթխարի ընթերցանութեան ծաւալով, հետազօտելու սքանչելի կարողութեամբ եւ սուր յիշողութեամբ։ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի մէջ տնօրէնութեան տարիներուն ծառայեց մանկավարժութեան, իր համբերատար եւ համոզողի դիմագիծով մեծ հեղինակութիւն վայելեց ծնողներու, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու մօտ։ Մասնակցեցաւ Հ.Ե.Ը.-ի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի եւ բազմաթիւ մշակութային հիմնարկներու աշխատանքներուն՝ մնալով ամէնուրեք հայ մամուլի ու գրականութեան հաւաքական ուժին անսակարկ ջատագովը։
Իր բազմաբնոյթ արդիւնաբեր գործունէութեան համար արժանացաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատուաւոր դոկտորի կոչումին եւ բազմաթիւ պարգեւներու։
2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումը ծանր հարուած մը հասցուց իրեն՝ անոր աչքերուն լոյսը գրեթէ ամբողջութեամբ խլելով եւ կտրելով իր շարունակուելիք ստեղծագործական ուղին: Իր գիրքերու եւ բարեկամներու հարազատ միջավայրէն հեռու, կեանքէն բաժնուեցաւ 22 Նոյեմբեր 2022-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պոսթըն քաղաքին մէջ:
***
Զոյգ Ժիրայրներ, մէկը՝ Նայիրի, միւսը՝ Դանիէլեան, շուրջ 60 տարի ոգեշնչելով հազարաւորներ, հայ մամուլի, գրականութեան եւ մշակոյթի ամրակուռ սիւներէն դարձան։ Թող Ժիրայրներու անջնջելի կերպարներն ու գործերը մնան մեզի ուղեցոյց՝ հայրենիքը սիրելու եւ արեւմտահայ մշակոյթը պահպանելու համար։

