ԱՐՈՒԵՍՏԸ… Բանալին է կեանքի դրան, որը երբ բացւում է, անմահութիւնն է սկսւում։
Նուշիկ Միքայէլեան
Այն պահերուն, երբ բախտս կը բերէ եւ կ’առնչուիմ իրա՛ւ արուեստի կամ իրա՛ւ գրականութեան հետ, անգամ մը եւս ես ինծի համար կը հաստատեմ, որ արուեստը ոչ այլ ինչ է, քան անկեղծ զրոյց մեր զգայարաններուն հետ, միջոց՝ յիշեցնելու, որ կ’ապրինք, ընկալունակ ենք, փխրուն ենք, յուզառատ ենք ու… կոտրուող։
Օրեր առաջ կը կարդայի ամերիկացի գրող, գրաքննադատ Սիւզըն Զոնթակի թատրոնի եւ շարժանկարի մասին խոհագրութիւնը, որ ան ներկայացուցած է իրեն բնորոշ նուրբ ու հատու ձեւով։
Զոնթակ ոչ միայն համեմատած է արարչագործական ձեւերը, այլեւ ուսումնասիրած է մարդուն ընկալումի սահմանները՝ ցոյց տալով, թէ այս մոլորակին վրայ զանոնք ինչպէս կարելի է բնորոշել։
Ըստ Զոնթակի, շարժանկարը հեռաւորութեան վրայ կառուցուած միջոց է, որ մեզ փափուկ ու նրբօրէն կը պահէ ձեռքի մը հեռաւորութեան վրայ, արտօնելով խորասուզուիլ իրերայաջորդ պատկերներու մէջ:
Տեսախցիկը նախապէս կլանած է բոլոր մանրամասները, դերասանները ապրած են ողբերգական կամ կատակերգական տեսարանները, մինչդեռ հանդիսատեսը կը մտնէ ամբողջական այն աշխարհը, ուր պահը կնքուած է եւ դարձած յիշողութիւն՝ կազմակերպուած բազմահազար աչքերու համար:
Հաւանաբար այդ է պատճառը, որ սինեման յաճախ կը նմանեցնեն բաց աչքերով տեսնուած երազի. միջավայր մը, ուր դիւրութեամբ կ’ընկղմինք, զերծ որեւէ պարտաւորութեան բեռէ եւ անգիտակցաբար ընդունելով չդիմադրողի՝ յանձնուողի դերը։
Թատրոնը, սակայն, անշուշտ նկատի ունենալով բեմի դերասաններն ու հանդիսատեսը, որոշակի քաջութիւն կը պահանջէ։ Հոն հեռաւորութիւն չկայ, կայ մարդկային ներկայութիւն, որ անկրկնելի ու խոցելի է այնքան, որքան կենդանի ու շնչող մարդը կրնայ ըլլալ միայն։
Ի վերջոյ թատրոնը աշխարհի ամէնէն հին, ամէնէն դժուար բանն է։ Հոն պէտք է ըլլալ ներկայ։ Պէտք է ըլլալ բնական։ Պէտք է ըլլալ Մարդ։
Մեքենայացած եւ գլխապտոյտ արագութեամբ վազող այս դարուն թատրոնը դարձած է վերջին ապաստարաններէն մէկը, ուր ներկայութիւնը ոչ միայն կը խրախուսուի, այլեւ պատադիր է։
Թատրոնը յիշողութիւն չէ, թատրոնը ռիսք է՝ հնարաւոր վտանգ։ Ներկայացումը իր շեշտը կը դնէ զարգացող պահի, շնչառութեան, դողացող եզակի գիծին վրայ, որ հանդիսականին կը փոխանցուի տրոփող ժամանակին համընթաց։ Գուցէ այդ պատճառով է, որ ներկայացման որպէս հանդիսատես մասնակցիլը այդքան մտերմական ու այդքան սրտամօտ է։ Դերասանի գոյութիւնը կը հանդիպի հանդիսականի գոյութեան՝ առանց դոյզն միջնորդութեան…։
Սինեմայով մենք կը թափառինք անցեալի թանգարանին մէջ, մինչդեռ թատրոնով կը մղուինք ներկայի դողդոջ զարկերակէն ներս։
Եւ այնուամենայնիւ, Զոնթակ նկատել կու տայ, որ սինեման ժամանակը սառեցնելու եւ տարածութիւնը չէզոքացնելու իր կարողութեամբ փոխած է ամէն ինչի մեր ընկալման ձեւը։ Սինեման մեզ կը գայթակղէ իր երեւութական գեղեցկութեամբ։ Մինչ միւս կողմէ՝ թատրոնը, կը պահանջէ, որ մենք բնակինք, ապրինք իր մատուցած աշխարհին մէջ, ոչ թէ մնանք ակամայ դիտորդ։
Թատրոնի ամբողջ էութիւնը յաճախ բնագիրն է՝ թատրերկը, բայց պէտք է ընդունիլ, որ բառերը թատրոնի՝ այդ անբացատրելի հանելուկի, ամբողջական էութեան փոքր մասն են միայն։ Բեմին վրայ յաջորդական իրադարձութիւնները հիւսել կարենալու համար նոյնքան կարեւոր են տեսողական տարրերը։ Թատրոնը, ի վերջոյ, տեսողական արուեստ է, թէեւ քիչ չէ անոնց թիւը, որոնք զայն բառային/պատումային արուեստ կը համարեն։
Այս տարբերութիւնը ծանօթ է բոլորիս, բայց միշտ չէ, որ կայ զայն գիտակցելու պատրաստակամութիւնը։ Որքա՜ն յաճախ մեր օրերը կ’ապրինք ճիշդ տեսախցիկի մը տրամաբանութեամբ՝ կալանելով, ձայնագրելով, նկատելով, տպաւորութիւնները հաւաքելով, բայց թերանալով թափանցել անոնց խորքը։ Որքա՜ն հազուադէպ կ’ապրինք թատերական պահը՝ անպաշտպան ներկայութիւնը, անկրկնելի հանդիպումը, հում, բայց շօշափելի բան մը ապրելու քաջութիւնը։
Արդեօ՞ք ճիշդ ընկալած եմ, արդեօ՞ք այս է, որ ուզած է մատնանշել Զոնթակ իր խոհագրութեան մէջ, ոչ թէ միջոցներու, այլ գոյութեան եղանակներու տարբերութիւնը։ Մենք անընդհատ կը տատանինք այդ երկուքին միջեւ։
Կը խորհիմ, որ Զոնթակի առաջարկած ամէնէն յատկանշական միտքը այն է, որ մենք կարեւոր բան մը կը կորսնցնենք, եթէ մոռնանք, որ թատրոն կամ սինեմա, թէ՛ մէկը եւ թէ՛ միւսը, կը ձեւաւորեն մեզ։
Զոնթակ նաեւ կը մղէ մտածելու, որ արուեստի այս երկու ճիւղերը կը նմանին կեանքի երկու տարբեր ձեւերու։ Առաջինը այն կեանքն է, որ կը յիշենք յետադարձ հայեացքի մեղմ մշուշի ընդմէջէն՝ դասաւորուած, խմբաւորուած եւ վերաիմաստաւորուած, իսկ երկրորդը այն՝ ուր մենք ենք՝ անկարգ, անտաշ, բռնկող, նաեւ այն գիտակցութեամբ, որ որեւէ պահու կրնանք կոտրուիլ։
Այսօր մենք աշխարհը կը դիտենք տեսախցիկի աչքերով՝ սովորական իրերու մէջ փնտռելով անկիւններ, համադրութիւններ եւ գեղագիտական կարելիութիւններ։ Շարժանկարը մեզի կը սորվեցնէ տեսնել, բայց նաեւ թոյլ կու տայ անջատուիլ։ Բոլորովին այլ է թատրոնին հրամայականը։ Ան կը պահանջէ, որ մենք ապրինք ներկայի մէջ, եւ չբաւարարուինք, չգոհանանք միայն դիտելով։
Թատրոնը եւ շարժանկարը, իրենց տարբերութիւններով հանդերձ, հաւասարապէս կը հրապուրեն մեզ։ Շարժանկարը մարդկութեան տուած է հեռանալու եւ դիտել-դիտարկելու ազատութիւն, ապահով տարածք, իսկ թատրոնը՝ ներկայութեան պահանջք, ռիսքի դիմելու եւ վերափոխուելու փորձութիւն-փորձառութիւն։
Մենք անդադար կը տատանինք այս ազդակներուն՝ հեռաւորութեան ու մերձութեան, անվտանգութեան ու բացայայտումի, վկայութեան ու հաղորդակցութեան միջեւ։ Մարդը կարիք ունի թէ՛ երազանքի, թէ՛ ներկայ պահի, յիշողութեան եւ շնչառութեան, սթափութեան եւ հպումի։ Զոնթակի դիտարկումը կ’անդրադարձնէ, որ ընկալումը, ինքնին, մաս կը կազմէ արուեստին։ Ֆիլմ մը դիտելը, մարդը դիտելը, պահն ու խօսքը որսալը, ասոնք բոլորը կը բխին մարդու ներաշխարհէն։ Այստեղ է, որ կը բացայայտենք զոնթակեան միտքին գեղեցկութիւնը. ան իր ընթերցողին թոյլ չի տար մոռնալ, որ աշխարհը կառուցուած է ոչ թէ տեսնելու, ոչ թէ դիտելու, այլ ապրելու՝ զգալո’ւ համար։
Երբեւէ նկատա՞ծ էք, թէ որքան տարբեր է նոյն դերասանին խաղը ֆիլմի մէջ կամ բեմի վրայ։
Թատրոնը եւ սինեման զգացումներ փոխանցելու բոլորովին տարբեր միջոցներ ունին։ Բեմին վրայ դերասանը, որպէսզի հանդիսատեսը՝ նոյնիսկ ամէնէն վերջին շարքը նստողը հասկնայ եւ ընկալէ բեմական անցուդարձերը, պէտք է զգալի բարձրացնէ զգացմունքայնութեան աստիճանը։ Ձայնը եւ շարժուձեւը այնքան ծաւալուն ու արտայայտիչ պէտք է ըլլան, որպէսզի յաջողին անմնացորդ ներգրաւել դիտորդը։
Ֆիլմի մէջ, օրինակ, կերպարի մը խորունկ վիշտը պաստառէն դուրս փոխանցելու համար բաւարար կրնայ ըլլալ դերասանին աչքերը մերձեցնող տեսարան մը, պատուհանի խորապատկերին մեղմիկ անձրեւ մը եւ կամ համապատասխան երաժշտութիւն մը։ Բայց նոյն զգայնութիւնները բեմէն փոխանցելու համար դերասանը ծունկի կու գայ, կը սեղմէ ձեռքերը, կը բարձրացնէ ձայնին հնչողութիւնը, երբեմն ստիպուած կը դիմէ ծայրայեղ այլ միջոցներու…։ Թատրոնը հանդիսատեսին հետ անմիջական եւ կենդանի կապ կը ստեղծէ, մինչ ֆիլմը ի ցոյց կը դնէ կերպարներ՝ հեռաւոր ու վերահսկելի միջավայրի մը մէջ։
Քիչ չեն թատրոնի եւ շարժանկարի տարբերութիւններն ու նմանութիւնները՝ ժամանակի, տարածութեան, դերասանական խաղի եւ հանդիսատեսի ընկալման առումով։ Շարժապատկերը անցեալի գործողութիւն է, թատրոնը կը վերաբերի տուեա’լ ժամանակին։ Արուեստի այս երկու ճիւղերը կը թելադրեն մարմնական աշխատանք, ձայնի հմտութիւն, կերպարը կառուցել-կայացնելու ջանք, եւ անշուշտ՝ բնագրի լրջագոյն ուսումնասիրութիւն։ Սակայն էական ու մեծ տարբերութիւն մը կայ, այն, որ թատրոնի հանդիսատեսը անմիջական ազդեցութիւն ունի դերասանի խաղին եւ ներկայացման յաջողութեան վրայ, մինչդեռ ֆիլմի պարագային ան ընդամէնը պատկերներ կը դիտէ եւ չունի ազդեցութեան որեւէ լծակ։
Չմոռնանք, որ սինեման հազիւ 130 տարուան արուեստ է, մինչ թատրոնը՝ հազարամեակներու ժառանգութիւն։ Սինեմայի ծնունդէն ի վեր վէճը, թէ այդ երկուքէն ո՞ր մէկը պիտի գոյատեւէ, չէ սպառած ինքզինք։ Թատրոնի պատկառելի տարիքը, սակայն, մեզի կը յուշէ, որ այդ երկուքը զիրար պիտի սնուցանեն եւ նոր դրսեւորումներ ստանան։
Այո՛, այդ երկուքը կ’ապրեցնեն զիրար։ Անոնց համագործակցութիւնը օրէ-օր աւելի մեծ ծաւալներ կը ստանայ՝ ստեղծելով այն միջավայրը, ուր կարելի պիտի ըլլայ շատ բան միաւորել։
Իսկ առայժմ այդ երկուքն է, որ կը միաւորեն մեզ՝ երազելու եւ սթափելու, դիտելու եւ գործելու, յիշելու եւ կայանալու համար։ Թատրոնը եւ շարժանկարը երկուքն ալ կ’ուսուցանեն՝ յղկելով զգայարանները, սթափեցնելով զգացումները, խորացնելով կեանքին հետ կապը։
Գուցէ այս է ամէնէն ճշմարիտ, ամէնէն մարդկային ընկալումը։
Թատերական ներկայացում մը կարելի է նկարահանել, իսկ հակառա՞կը…
Ինչպէս կ’ըսէ Սիւզըն Զոնթակ՝ «Սինեման «միջոց» է, ինչպէս նաեւ արուեստ, այն իմաստով, որ ի վիճակի է ընդգրկելու որեւէ կատարողական արուեստ եւ զայն ներկայացնել՝ վերածելով ֆիլմի»։

