Մտորումներով տարուած, գլխահակ կը քալէի իմ նախասիրած այգիին միջով՝ Կոմիտասի պուրակ անուամբ: Ի հարկէ սուրճի անբաժանելի գաւաթով: Կողքի նստարանին նստած երկու հնդիկ աւելածուներէն մին՝ հայեացքը ուղղելով զիս՝ հայերէնով ըսաւ՝ «նստէք». մարդը քաղաքավարի իր տեղը պիտի զիջէր: Ինքնաբերաբար շնորհակալական պատասխանս եղաւ անգլերէնով՝ Thank you sir, քանզի զարմացած՝ էի օտարի բերնով հայերէն լսելով: Երկու հնդիկները Երեւանի փողոցները կը մաքրէին փաստօրէն, ինչպէս բազմատասնեակ բազմագոյն օտարազգիներ:
Մտորումներս աւելի խորացան՝ միաժամանակ դառնացան: Այդ հանճարեղ հայու ծաւալուն արձանին շուրջի չորցած դեղնաւուն տերեւները մի՞թէ օտարներ պիտի մաքրէին: Ա՛յն մարդուն՝ որուն արձանը ուխտավայրը պէտք է ըլլայ ողջ մեր ազգին:
Իսկոյն յիշեցի վերջերս ծաւալած տաք բանավէճ մը, երբ շատեր ընդվզած էին թէ ինչո՞ւ Ծիծեռնակաբերդի Մեծ Եղեռնի յուշահամալիրը կը նորոգուի հնդիկ բանուորներու կողմէ: Նոյնիսկ Ազգային ժողովի պատգամաւոր տիկին մը ժպրհած էր զանոնք պիտակաւորել «անորակ հնդիկ բանուորներ»:
Այս տհաճ տպաւորութեան տակ վերադարձայ տուն եւ մեր շէնքին մուտքին, ինծի հետ վերելակը կը սպասէր մեր նորաբնակ դրացիներէն մին եւ այն ալ՝ չին…: Սովոր էի տեսնել ռուս, հնդիկ, պարսիկ, սիխ: Եւ ահա նոր դրացի մը՝ հեռաւոր Չինաստանէն:
Ո՞րն է հարցը հոս: Զո՞վ մեղադրել ժողովրդագրական այս մտահոգիչ փոփոխութեան ի տես: Մինչեւ ե՞րբ ականատեսն պիտի ըլլանք հայրենիքի անարիւն արիւնահոսութեան՝ երբ մարդիկ գլխապատառ կը ձգտին լքել երկիրը եւ սաւառնիլ ամէնուր: Եթէ հայը պիտի չարարէ իր պապենական հողին վրայ, պիտի չմշակէ զայն, պիտի չմաքրէ հայրենական իր քաղաքը կամ պիտի չկառուցէ իր երդիքը, շատ բնական է որ օտարներ պիտի տեղաւորուին հայոց փոխան եւ ըլլան գոհ՝ այս նուիրական հողին վրայ:
Այս բեկոր մը հայրենիքը, որ փոքր մէկ մասն է պատմական մեր հայրենիքէն, մի՞թէ բաց եւ անտէր տարածք է աջէն ու ձախէն եկուորներու համար: Ո՞ւր են տէրերը անոր՝ պիտի հարցնեն չէզոք եւ օտար դէտեր:
Կը թերթատեմ «Գրական Թերթ»-ի վերջին համարը (14 Նոյեմբեր 2025) եւ կ’ընթերցեմ առաջին էջի միակ յօդուածը՝ «Սա ի՛մ երկիրն է» վերնագրով, հեղինակ՝ Հրաչ Բեգլարեան: Յօդուածը կը սկսի այսպէս՝ «- Աղջիկս արդէն երկու տարի է՝ ԱՄՆ-ում է,- կինը դա ասում է, որ շուրջը գտնուող մարդիկ լսեն, իմանան, յետոյ շարունակում է,- տղաս Ֆրանսիա գնաց, բայց մնալը չյաջողուեց, էրեխէս էրկու ամիս յետոյ ետ եկաւ, բայց կը գնայ, նա էլ կը գնայ: Թղթերի մէջ ինչ-որ սխալ բան էին գտել… Կինը աղջկայ համար հպարտ է, տղայի համար տխրում է: Տխրում է նաեւ հիւանդ ամուսնու համար, բայց չգիտես ինչու, հոգը չէ, որ զաւակներից ոչ մէկը չի կարողանում հիւանդ հօր կողքին լինել, եւ չնայած տարիքին՝ ինքը մենակ է նրա հոգսը քաշում»:
Մեր օրերուն, արդէն համամարդկային աղէտ դարձած է հայրենիքներու վերացումը: Հայրենիքի տէր կանգնելու, ազգային ժառանգութեան պահապան դառնալու աւանդական երեւոյթը չքացած ըլլայ կարծէք, երբ միլիոնաւոր ժողովուրդներ մէկ երկրէ միւսը կը փոխադրուին ամենայն պաղարիւնութեամբ: Յատկապէս արեւմտեան երկիրներ սկսած են նմանելու խառնարաններու, մանաւանդ Ծայրագոյն Արեւելքի եւ ափրիկեան ցեղերով ու ժողովուրդներով: Նայեցէք մեծ մայրաքաղաքներու գոյնզգոյն բնակիչները: Տեսէք թէ ինչպիսի ազգային տարբեր ներկայացուցիչներ կը վխտան ամէնուր: Երկիրներ համարեա կորսնցուցած են իրենց ազգային-տոհմական նկարագիրը, իւրայատուկ դիմագիծը: Եւ ակամայ կը տագնապիս, արդեօ՞ք Հայաստանն ալ պիտի դառնայ փոքր խառնարան մը, երբ Երեւանի ճամբաները կը տեսնես մեծ զանգուած մը շէկ ու սեւ (հայեր) ռուսախօսներու, երջանիկ դէմքերով պարսիկներու, հայախօս հնդիկներու եւ շեղակնեայ դէմքերու:
Հո՛ս է վտանգը: Որովհետեւ՝ նոյն եւ աւելի գերակշիռ համեմատութեամբ հայեր կը լքեն հայրենիքը: Ուրեմն՝ ժողովուրդներու տեղափոխութեան մահացու աղէտէն զերծ չէ նաեւ Հայաստան:
Այս առնչութեամբ անուանի հրապարակագիր, հանգուցեալ իրաւապաշտպան Աւետիք Իշխանեան գրած է՝ «Իրականում, հենց այս՝ արտագաղթի հոգեբանութիւնն էր տիրում Խորհրդային Հայաստանի բնակչութեան բաւականին ստուար հատուածում: Արդէն 70-ականներից հնարաւորութիւն տրուեց նախկին սփիւռքահայ ներգաղթածներին հեռանալ: Եւ Խորհրդային Հայաստանից սկսուեց արդէն առաջին արտագաղթը: Շատերը նախանձով էին նայում հեռացողներին: Արդէն անկախութեան տարիներին, երբ սահմանները բացուեցին, արտագաղթը հասաւ ահռելի չափերի եւ շարունակւում է մինչեւ մեր օրերը: Արտագաղթի պատճառներն էին. «Աւելի լաւ ապրելը» (հեռացողների հիմնական մասը բաւականին բարեկեցիկ էր ապրում), տղաներին բանակից փախցնելը, յանցագործութեան հետքեր կոծկելը, երբեմն՝ նաեւ սոցիալական խնդիրները: Փախստականի կարգավիճակ ստանալու համար, հեռացողները դիմում էին տարատեսակ խարդախութիւնների՝ քաղաքական հետապնդումներ, տարատեսակ փոքրամասնութիւններ (ինչպէս միասեռականներ), ատրպէյճանցի կամ թուրք ազգականներ ունեցողներ եւ այլն: Տարբեր «ընդդիմադիր» կուսակցութիւններ՝ որոշակի գումարի դիմաց, տեղեկանքներ էին տրամադրում արտագաղթել ցանկացողներին, որ նրանք արտասահմանում ներկայանան որպէս քաղաքական հալածեալներ»:
Պատմութեան մէջ կը կարդանք, որ Ռուսաստանի ցարական քաղաքականութեան ականաւոր դէմքերէն Լոպանով յայտարարած է՝ «Հայաստանը Ռուսաստանին պէտք է առանց հայերի»: Սա մեզ ձուլելու եւ հողը իւրացնելու նպատակով: Անդին՝ Սուլթանն ու Իթթիհատը այդ գործադրեցին եաթաղանի միջոցաւ: Իսկ անցնող տասնամեակներուն անոնց «առաքելութիւնը» շարունակուեցաւ եւ այժմ աւելի ահագնացած կը շարունակուի նոյնինքն հայոց ձեռքով: Ուստի չմեղադրենք աջին ու ձախին:
Վերադառնալով հնդիկ աւելածուներուն.- երբ քու ազգակիցդ օտար երկիրներու մէջ կ’աշխատի որպէս բանուոր, շինարար, խոհարար, երբ թողլքած է հողը, բնականաբար օտարը պիտի մաքրէ կամ կառուցէ հայրենիքդ եւ այդ պատճառով կամայ-ակամայ կ’ըսեմ՝ վարձքդ կատար, հնդիկ եղբայր:

