Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հաւատաւոր Միաբան Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Սօսէ Փիլաւճեան

November 25, 2025
in Յօդուածներ
0
Հաւատաւոր Միաբան Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան հայրերը կոփեցին Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի մատղաշ սրտին եւ հոգիին մէջ կարգ մը նուիրական արժէքներու հանդէպ հաւատարմութիւնը, ինչպէս` հոգեւոր, ազգային եւ միաբանական։ Իսկ ինք, որպէս սոյն արժէքները կրող հաւատաւոր միաբան, այն պահին, երբ հայուն ազգային արժանապատուութիւնը ոտնահարուած էր եւ ազգը յուսալքման տիղմին մէջ հետզհետէ աւելի կը խորասուզուէր, եկաւ ըսելու, որ երկնային արդարութիւնը միշտ տուժուածներուն կողքին կը յայտնուի եւ ինք ամենավառ վկան է այս իրականութեան։ Քանզի հաւատաւոր միաբանը ոչ միայն իրեն կոփած Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան ջահը վառ պահեց, այլեւ դարձաւ այն փարոսը, որ դէպի ապահով ափերը կ’առաջնորդէ ուղեկորոյս ազգը։

Հայոց ցեղասպանութենէն 110 տարիներ ետք եւ ճիշդ այն պահուն` երբ ազգը խարխափած իր ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնելու ճանապարհները կ’որոնէր, Ս. Իգնատիոս Մալոյեան եղաւ ազգին այն փրկարարը, որ ստիպեց օտարներուն իրենք իրենց բերնով վկայել եւ խոստովանիլ` թէ ուղիղ 110 տարիներ առաջ, աշխարհի մէկ հողակտորի վրայ, որ Հայաստան կը կոչուի, ազգ մը ամբողջ ցեղասպանուեցաւ, որու շարքին ինք` Զմմառու հաւատաւոր միաբան Ս. Իգնատիոս Մալոյեանը նահատակուեցաւ, եւ այդ իսկ պատճառաւ խոյացաւ, իր հետ սլացնելով զինք Սրբութեան հասցնող Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան վարկն ու վաստակը։

Սուրբին Միաբանութեան եւ անոր մեծաւորին հանդէպ կառչածութիւնը, նուիրուածութիւնը եւ մնայուն հաւատարմութիւնը մենք կը բացայայտենք իր յղած իւրաքանչիւր նամակին մէջ, որոնցմէ մէկը կը տրամադրենք մամուլին.

 

Ամենասիրելի գերապայծառ հայր իմ,

Շատ քաղցր է ինձ այս ներկայ Սուրբ հանդիսութեանց օրերը հրամանքնուդ հետ կարճ եւ համառօտ խօսակցութիւն մ’ընել, կամ յաւէտ որդիական հարազատութեան փոքրիկ ուղերձ մի մատուցանել, որոյ բովանդակութիւնն եւ համայնն այս ըլլայ «Աղեքսանդրեան ամենասիրելի գերապայծառ հօր երկար կեանք, առողջութիւն կատարեալ եւ յաջողութիւն գործոց ի յառաջադիմութիւն եւ ի պարծանս Զմմառեան սիրելի միաբանութեան»։

Զայս պիտի կրկնեմ եւ յեղեղեմ որքան որ հրեշտակաց փողերը Աստուածածնայ փողոյն (Զմմառու) գագաթը հնչեն եւ աւետարանեն Սուրբ փեսային յարութիւնը, խնդրելով եռանդագին այս Սուրբ մօրմէն, որ իւր փողոյն փողարհարներու շունչը սաստկացնէ, կուրծքերնին զօրացնէ, եւ իմաստուն եւ Աստուածընտրեալ հանդիսապետիդ ոյժ, զօրութիւն, կարողութիւն պարգեւէ, որպէսզի սա փոքրիկ փողահար գնդին վրայ ստուգուի այդ մարգարէութիւնը «Ընդ ամենայն երկիր ել բարբառ նոցա եւ մինչեւ ի ծագս աշխարհի են խօսք նոցա, երկինք պատմեն զփառս Այս եւ զգործս ձեռաց նորա պատմէ (Զմմառեան Միաբանութիւն )։

Այսու եռանդիս եւ խանդիս մնամ բազում յարգանօք եւ հարազատութեամբ գերապայծառ հայրութեանդ»:

 

Ն.Ո.

Իգնատիոս Քհնյ. Մալոյեան

Աղեքսանդրիա, 1900 Ապրիլ 8

 

Սոյն փաստագրական հրապարակումները կը միտին Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի վարքը վաւերագրականօրէն ներկայացնելու, առանց ուռճացնելու։

Share63Tweet40
Previous Post

Սասունի Բ. Ապստամբութեան Ընթացքին Հայոց Մասին Արձագանգներ Եգիպտական Մամուլին Մէջ

Next Post

Նիքիթա Սիմոնեանի Մեկնումով Բացուած` Յուշերու Կապոց Մը

Next Post
Նիքիթա Սիմոնեանի Մեկնումով Բացուած` Յուշերու Կապոց Մը

Նիքիթա Սիմոնեանի Մեկնումով Բացուած` Յուշերու Կապոց Մը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.