Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Սասունի Բ. Ապստամբութեան Ընթացքին Հայոց Մասին Արձագանգներ Եգիպտական Մամուլին Մէջ

Յարութիւն Իսկահատեան

November 25, 2025
in Յօդուածներ
0
Սասունի Բ. Ապստամբութեան Ընթացքին Հայոց Մասին Արձագանգներ Եգիպտական Մամուլին Մէջ

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Գահիրէի վարչութիւնը 2001-ին յղացաւ «Հայաստան եւ հայերը 1876-1923 ժամանակաշրջանի արաբական մամուլին մէջ» գիտական հետազօտութեան ծրագիրը, որուն նպատակն է վերոյիշեալ ժամանակաշրջանի հայոց հետ կապուած կարեւոր դէպքերն ու անոնց արձագանգները  արձանագրել ըստ եգիպտական եւ արաբական մամուլի մէջ լոյս տեսած լուրերուն եւ յօդուածներուն: Առ այդ, հրատարակուած է 12 հատորնոց ուսումնասիրութիւնը, հաւաքուած եգիպտական թերթերէն, պատմաբան Մոհամմատ Ռիֆաաթ Իմամի եւ իր հետազօտական խումբին կողմէ։ Ա․ հատորին հրատարակչական տուեալներն են․-

«Հայկական Հարցը 1876-1923 ժամանակաշրջանի արաբական մամուլին մէջ», Գահիրէի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հրատ., Սաթենիկ Չագըր հիմնադրամ, Գահիրէ, 2015, Ա. հաւաքածոյ, 550 էջ:

Սասունի մէջ կացութիւնը տարբեր էր 1904-ին քան անկէ առաջ: Օսմանեան կառավարութիւնը յաջողած էր հայոց վրայ հաւանական մօտալուտ յարձակումի պարագային քրտական ցեղախումբերու գործօն մասնակցութիւնը ապահովել: Թուրքերն ու քիւրտերը Սասունի շուրջ իրենց դիրքերը ամրացուցած էին: Թեթեւ ընդհարումներ տեղի կ’ունենային կարգ մը վայրերու մէջ: Հայդուկապետ Անդրանիկ իմանալով որ Սասունի եւ Մուշի միջեւ գտնուող Տափըկ գիւղի քիւրտ բնակիչները իրեն դէմ մահփորձ մը պատրաստած են, իր օգնականներով Տափըկ կ’երթայ, քիւրտ դաւադիրը երեւան կը հանէ, բոլորին ներկայութեան կը գնդակահարէ զայն եւ կը քշէ գիւղին քիւրտերը, որոնք 20 տուն կը հաշուէին: Տափըկի հայերը 25 զէնք եւ 400 ոչխար հաշուող աւարը Սասուն կը տանին: Այս դէպքէն ետք լարուած մթնոլորտ մը կը տիրէ շրջանին մէջ: Թուրքերն ու քիւրտերը պաշարման օղակը կը սեղմեն Սասունի շուրջ: Հայերը ազատամարտիկներու պաշտպանութեամբ զէնք եւ ուտելիք կը փոխադրեն Սասունի լեռներուն անառիկ դիրքերը:

Այս մասին հայկական ազատագրական շարժումը ուսումնասիրած եւ Զօրավար Անդրանիկի գործունէութիւնը մանրամասնօրէն  ներկայացուցած Անդրանիկ Չելեպեան, իր «Զօրավար Անդրանիկ եւ Հայ Յեղափոխական Շարժումը» (Ապրիլ հրատարակչութիւն, Լոս Անճելըս, Ա.Մ.Ն., 1984, 745 էջ – ABRIL Printing Company, Los Angeles, U.S.A., 745 pages) խորագրեալ գիրքին մէջ կ’ըսէ. «Սասուն հաւաքուած բոլոր ֆետայիներուն թիւն էր 200: Ասոնցմէ 30-40-ը եկած էին Կովկասէն, մօտ 40-ը Հայաստանի արեւմտեան հատուածի զանազան կողմերէն, եւ շուրջ 125 հոգի ալ Դուրան – Բարձրաւանդակի հայերն էին: Այս ֆետայիներէն զատ, Սասնոյ 21 գիւղերը ունէին շուրջ 800 զինեալ մարդ» (էջ 183-184):

Այս կացութեան մէջ, ֆրանսական «Լէօ Թան» թերթը դէպքերը սկսելէ առաջ հրատարակած է նախազգուշական յօդուած մը, որ առարկայական եւ ողջախոհ կը սեպուի: Եգիպտական արաբատառ «Ալ Ռաուի» թերթը իր 24 Մարտ 1904-ի թիւին մէջ անարդար եւ կողմնակալ կեցուածքով մը պատեհապաշտական կը նկատէ «Լէօ Թան»ի գրութիւնը: «Ալ Ռաուի» կը գրէ. «Լէօ Թան» օրաթերթը կը փորձէ բարոյական շահ մը քաղել Օսմանեան պետութեան վարկը խոցելով: Անոր վերջին թիւին մէջ կը կարդանք խիստ ոճով հայանպաստ յօդուած մը, որ հայերը քաղաքկիրթ կ’որակէ: «Լէօ Թան» մտավախութիւն կը յայտնէ, թէ Օսմանեան պետութիւնը պիտի շահագործէ ներկայ կացութիւնն ու պարագաները Սասունի եւ Մուշի հայերը մորթելու: Այս խօսքերը կ’ըսեն նոյն այն ֆրանսացիները, որոնք ըսած էին, թէ 1895-էն ետք ոչ մէկ հայ մնացած է շրջանին մէջ» (էջ 363 – Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի կազմած ու հրատարակած արաբերէնով «Հայկական Հարցը 1876-1923 ժամանակաշրջանի արաբական մամուլին մէջ» ընդհանուր խորագրեալ հատորաշարքի, «1897-1908  հայերը եւ երիտասարդ թուրքերը» խորագիրով երրորդ հաւաքածոյ – Գ․ հատոր):

Դժբախտաբար «Ալ Ռաուի» օրաթերթի խօսքերը սխալ ու անտեղի են հայկական ջարդերը նախազգուշացնող «Լէօ Թան» օրաթերթի հասցէին, որովհետեւ անկէ կարճ ժամանակ ետք Սասունի մէջ տեղի ունեցած կոտորածները կը փաստեն անոր իրաւացիութիւնը: Աւելին՝ Օսմանեան պետութիւնը ոչ միայն շահագործած է որոշ կացութիւն մը կամ տուեալ պարագաներ հայերը ջարդելու համար, այլ ինք ստեղծած է այդպիսի իրավիճակ եւ մէջտեղ բերած է պայմաններ, որոնց հետեւանքով անարդարօրէն եւ առանց պատճառի յարատեւօրէն հայերը կոտորած է:

Այս արաբերէն յօդուածին մէջ գրողը կրկին կ’անդրադառնայ Իսլամ կրօնքին դէմ եւրոպացի գրողներու յարձակումներուն, ըսելով թէ թուրքերու կողմէ իրաւազրկուած ու չարչարուած հայոց պարագային կարելի չէ բոլոր իսլամները դատապարտել: Ան կ’արծարծէ անգլիական իշխանութեան տակ Նեղոսի հովիտին մէջ ապրող իսլամ արաբներու կրած տառապանքներու եւ ճնշումներու հարցը քրիստոնեայ բրիտանացիներու կողմէ: Յօդուածագիրը սուր կերպով կը քննադատէ բարոյական կրթութիւն ուսուցանելու քօղին տակ անգլիացիներու քրիստոնէական կրօնքի քարոզչութիւնը արաբ իսլամներուն, անարգելով Իսլամ կրօնքն ու Քուրանը [իսլամ կրօնքի սուրբ գիրքը- Յ. Ի.]: Վերոյիշեալ քարոզչութեան հետեւանքով բազմաթիւ արաբ իսլամներ կրօնափոխ եղան եւ գաղտնաբար քրիստոնէութիւնը ընդունեցին, կ’աւելցնէ ան:

Եգիպտական «Ալ Շարք» օրաթերթի 4 Մայիս 1904-ի թիւին մէջ (էջ 383-384), յօդուածագիրը Սասունի դէպքերուն առնչութեամբ կ’անդրադառնայ չիրականացած հայոց երազներուն եւ իղձերուն: Ան կ’ըսէ թէ բոլոր հայերը Օսմանեան պետութեան մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս կը ճգնին հաստատելու ինքնուրոյն պետութիւն մը, որ անկախութիւն եւ ազատութիւն պիտի վայելէ եւ Օսմանեան պետութիւնը անոր վրայ դոյզն իսկ ազդեցութիւն պիտի չունենայ: Ռուս-թրքական պատերազմէն ետք այս յոյսերը ուռճացան: Պերլինի դաշնագիրը դուռ բացաւ հայկական միութիւններու հիմնադրութեան, որուն յաջորդեցին 1894-1896-ի հայոց կոտորածները: Հայերը յուսացին անկախութիւն ձեռք բերել պալքանեան ժողովուրդներուն պէս: Հայոց պայքարի տարիները երկարեցան եւ հայերը գիտակցեցան թէ եւրոպական պետութիւններն ու Ամերիկան գործնականապէս չեն միջամտեր Թուրքիոյ գործերուն: Այս իրողութիւնները թուելէ ետք «Ալ Շարք» կը փորձէ խրատել հայերը հաւատարիմ մնալու Օսմանեան պետութեան եւ շարունակելու «վայելել անոր ընծայած բարիքները»:

Սակայն եւ այնպէս, եգիպտական արաբատառ մամուլի այդ տարիներու հայոց մասին վերոյիշեալ անդրադարձներուն ծանօթանալով կարելի է նշել, թէ հակառակ քանի մը թերթերու ուղղակի Օսմանեան պետութեան պաշտպանութեան, այլ եգիպտական  թերթեր օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուելով եւ կրօնական նոյնութիւնը ունենալով, բաւականաչափ առարկայական եւ արդար մօտեցում ցոյց տուած են հայոց իրաւունքներուն նկատմամբ, որ դրուատելի է:

Share63Tweet39
Previous Post

Յուշ Երեկոյ Տիրան Սարգիսեանի Մահուան Առաջին Տարելիցին Առթիւ

Next Post

Հաւատաւոր Միաբան Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Next Post
Հաւատաւոր Միաբան Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հաւատաւոր Միաբան Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.