21 Նոյեմբեր 2025-ին, Պուրճ Համուտի Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ, «ՅԻՇԵԼՈՎ ՏԻՐԱՆԸ» խորագրով յուշ երեկոն, նուիրուած՝ արուեստագէտ-դերասան Տիրան Սարգիսեանին, կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ ԹՄՄ-ի «Երուանդ Օտեան» թատերախումբի պատասխանատուներ՝ Կարէն Տարագճեանի եւ բեմադրիչ Սուրէն Խտըշեանի։
Յուշ երեկոյի բացման խօսքը կատարեց գրող, մտաւորական եւ խմբագիր Պայծիկ Գալայճեանը։ Ան պատշաճ կերպով վեր առաւ լիբանանահայ վաստակաշատ դերասան Տիրան Սարգիսեանի առաւելութիւնները՝ տալով իր գնահատականը, շնորհակալութիւն յայտնելով ԹՄՄ-ի վարչութեան, «Երուանդ Օտեան» թատերախումբին, բեմադրիչ Վաչէ Ատրունիին, կազմակերպիչներուն եւ ներկայ գտնուող ընտրանի հանդիսատեսին։

Ապա գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը՝
1) Սուրէն Խտըշեանի պատրասութեամբ ցուցադրուեցաւ ֆիլմ մը, որուն մէջ խօսք առած էին լիբանանահայ բեմադրիչներ եւ Տիրանին բեմընկերները։
2) Ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Վարդի Սալխանեանը։
3) Մօտ 25 նուագողներով ելոյթ ունեցաւ ԹՄՄ-ի «Եութ Պենտ» նուագախումբը՝ ղեկավարությամբ մայեսթրօ Վիգէն Չալեանի։
4) Կարէն Տարագճեան «Սերնդափոխութեան խօսք» մը արտասանեց։
5) Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Պեթի Սարգիսեանը, որ յուզումով եւ կարօտով արտայայտուեցաւ իր անմոռանալի ամուսինին՝ Տիրանին մասին, եւ իր շնորհակալական խօսքը յայտնեց երեկոն կազմակերպողներուն։
Ես, Տիրան Սարգիսեանի մահուան առիթով, 18 Հոկտեմբեր 2024-ին, Ֆէյսպուքի իմ էջիս վրայ, յայտնելով իմ խոր ցաւակցութիւնս, հետեւեալ գնահատականը արտայայտած էի.
«Վաստակաւոր դերասան Տիրան Սարգիսեանը բազմաթիւ դերերով բեմ ելած է ու գնահատուած է մամուլին եւ մտաւորական դասակարգին ու հանդիսատեսին կողմէ։
Յատկապէս 2006-2024 թուականներուն, կարեւոր դերերով հանդէս եկած է ԹՄՄ-ի «Ե. Օտեան» թատերախումբին ներկայացուցած փիէսներուն մէջ (հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ Վաչէ Ատրունիի)։ Նշեմ որ ան հիմնադիրը եւ ողնասիւնն էր «Երուանդ Օտեան» թատերախումբին»։
Տասնեակներով գնահատականներ կան իր մասին՝ մամուլի էջերուն մէջ։ Հոս կ՚ուզեմ միայն երկու կարծիք մէջբերել։
* «Ծաղիկ» (Խմբագիր Յակոբ Տիւնեայեան), 18 Մայիս 2006-ի թիւին մէջ, Դափնի ստորագրությամբ կը գրէ.
«Տիրան եւ Պեթի Սարգիսեանները ամրակալեցին իրենց ծիծաղաշարժ տիրութիւնը բեմահարթակի վրայ, անգամ մը եւս ապացուցելով իրենց տաղանդը տարբեր կերպարներու մէջ ալ, հանդիսանալով «արդիաշունչ շաղախը» դաստիարակութեան կարօտ մերօրեայ ընտանեկան կառոյցներու»։ («Փայտոջիլներու Պահարանը»)։
* «Ազդակ» օրաթերթի 23 Յունիս 2015-ի թիւին մէջ, Հրաչ Պարսումեան կը վկայէ.
«Տիրան Սարգիսեան մեծ վարպետութեամբ մարմնաւորեց քննիչին տրամադրութեան բոլոր երանգները»։ («Գարնան երեք օրերը»)։
Տիրան Սարգիսեանը վաստակ ունեցող դերասան-արուեստագէտ մըն էր։ Լիբանանահայ թատրոնը տաղանդաւոր դերասան մըն ալ կորսնցուց …
Հողը թեթեւ ըլլայ վրան, մխիթարութիւն կը մաղթեմ իր տիկնոջ՝ Պեթիին ու ընտանեկան պարագաներուն։
Ցաւալի է բոլորիս համար, որովհետեւ իսկապէս, որ լիբանանահայ գաղութէն ներս, ժամանակի ընթացքին, բեմի «խենթեր»-ը սկսած են նօսրանալ ու նորերը դժուար թէ մէջտեղ գան։ Կը մաղթեմ, որ նորերը գան ու Տիրանին նման արուեստագէտներու յիշատակը միշտ մնայ մեր մէջ։
Թատրոնի «խենթ» Տիրան, քեզ միշտ պիտի յիշենք։ Աստուած հոգիդ թող լուսաւորէ։

