Շաբաթ, 22 Նոյեմբերի յեմիջօրէին, տեղի ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաքին մէջ վերջերս Մուայ թայի մարզաձեւի 45-50 քկ քաշային պրոնզէ մետալակիր Ծովակ Քէօշկէրեանի պատուին՝ Հ.Մ.Մ.-ի վարչութեան կազմակերպած մեծարանքի հանդիսութիւնը:

Մեծարեալ մարզուհին շնորհաւորելու համար Հ.Մ.Մ.-ի ակումբի սրահը փութացած էին Լիբանանի Մարմնամարզի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնուհի տոքթ. Ֆատիա Հալլալը, Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ Թրիաթլոնի ֆետերասիոնի նախագահ Ուասիմ Իսմայիլը, Ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ եւ Մուայ թայ մարզաձեւի նախագահ Կրանտ Մասթըր Սամի Ըպլաուին, Մուայ թայի եւ Հնգամարտի ֆետերասիոններու ներկայացուցիչ անդամներ:
Հիւրերը դիմաւորուեցան Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Կեդրոնական վարչութեան, Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի, Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան, Հ.Մ.Մ. Պէյրութի վարչութիւնը ներկայացնող ատենապետներու եւ անդամներու, ինչպէս նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի եւ Հ.Մ.Մ.-ի մասնաճիւղերու եւ սկաուտական ընկերներու հոծ ներկայութեան ծափահարութիւններով:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Մ.Մ.-Պէյրութի վարչութեան եւ Լիբանանի Փինկ-փոնկի ֆետերասիոնի անդամ ՄարիԱնն Օհաննէսեանը: Յաջորդաբար խօսք առին տոքթ. Ֆատիա Հալլալը, պրն. Ուասիմ Իսմայիլը եւ Կրանտ Մասթըր Սամի Ըպլաուին: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկեր Միսաք Նաճարեանը:
Այնուհետեւ ընկերներ Միսաք Նաճարեան եւ Փօլ Մուղալեան հրաւիրուեցան մեծարեալ ախոյեանուհին Հ.Մ.Մ.-եան վահանակով պարգեւատրելու համար:

Իր յուզախառն սրտառուչ խօսքին մէջ Ծովակը շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մարմնամարզի ծիրէն ներս գործող բոլոր անաչառ պատասխանատուներուն, մուայ թայի մարզիչներուն, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի եւ Հ.Մ.Մ.-ի մեծ ընտանիքին, իր ծնողքին, ընտանիքին եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս նուաճումի իրագործման: Ան խոստացաւ առաւելագոյն ճիգով շարունակել մարզումները Լիբանանի հայրենիքին աւելի բարձր տիտղոսներ պարգեւելու համար:

