Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Մեծապատիւ Աւազակները

Պերճ Արապեան

November 25, 2025
in Յօդուածներ
0
Մեծապատիւ Աւազակները

Բոլորն ալ փողկապաւոր են: Բոլորն ալ կարկառուն դէմքեր: Բոլորն ալ նորին մեծութիւն պատուաւոր աւազակներ:

«Օրերից մի օր», լիբանանեան դրամատուներէն ներս հաշիւ ունեցող լիբանանցիներն ու ոչ-լիբանանցիները արթնցան, իմանալու համար որ իրենց խնայողութիւններն ու շրջանառութեան մէջ եղած գումարները իրենց տրամադրութեան տակ չեն այլեւս: Իւրացուած, գողցուած, գրաւուած:

Մի տասաներորդ պահու մը, դրամատուներուն դռներուն առջեւ, բոլորս ալ մեր իսկ ունեցուածքին մուրացկանները դարձած էինք: Հարուստ, փարթամ կեանք վայելողները անգամ աղքատ ապրելու ստիպողութեան տակ:

Չափազանց սահմանափակ, միմիայն ճղճիմ գումարներ ստանալու իրաւունք ունէին մօտ 2 միլիոն 700 հազար դրամատնային հաշիւ ունեցող քաղաքացիներ: Հանրութեան 180 միլիառ տոլար գումարը պահ դրուած էր Կեդրոնական դրամատան մէջ: Բառացիօրէն (յայտարարութեամբ) սառեցուած, բայց գործնականապէս իւրացուած, գողցուած, գրաւուած: Փոխանցուած գումարներուն սահմանափակ ըլլալը բաւարար չէր կարծէք, տարիներ շարունակ ի՜նչ-ի՜նչ խաղերով ու «մահանաներով» հաշիւէն պակսեցուցին մեզի տրուած գումարներուն քառապատիկը:

Պատասխանատուները՝ Մեծապատիւ Աւազակները՝ օդապարիկով իջած էին, դառնալու համար վարչապետ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ, խորհրդարանի նախագահ եւ մասամբ նորին: Եղան վարչապետներ, որոնք ամենայն համարձակութեամբ խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարեցին. «Այո՛, օրէնքի դէմ է մեր ըրածը, բայց պիտի ընե՛նք»:

Կար ժամանակ, երբ Լիբանանը ունեցած էր նուիրեալ, երկրին ընդհանրական շահերը պաշտպանող պետական մարդիկ, կառավարիչներ եւ այլք:

Խօսուն դրուագներով յիշենք մի քանին:

 

ՖՈՒԱՏ ՇԵՀԱՊ (Հանրապետութեան նախագահ 1958 – 1964)

Նախագահ Շեհապ, իր գլխաւոր գործակիցներով, (Ֆուատ Պութրոս, Իլիաս Սարգիս, Սալիմ Հըս, Խաչիկ Պապիկեան եւ այլն) հիմքը դրաւ Լիբանանի պետականութեան: Եղա՛ւ ու մնաց անաչառ անձնաւորութիւն մը:

Իր զարմիկներէն մին (մօրաքրոջ որդին) օգտագործելով նախագահին հարազատը ըլլալու հանգամանքը, կը փորձէ կաշառել օրուայ ընդհանուր դատախազ Իլիաս Սարգիսը՝ ապօրինի թղթածրար մը «անցընելու» համար: Կը մերժուի: Յաջորդ օր, նախագահական պալատ կը կանչուի Իլիաս Սարգիսը: Համոզուած ըլլալով, որ զինք պաշտօնանկ ընելու համար կանչուած է պալատ, հրաժարական նամակով մը կը ներկայանայ հանրապետութեան նախագահին:

Ֆուատ Շեհապ ոչ միայն կը մերժէ՛ կարդալ իր հրաժարական նամակը, այլ գնահատելով Իլիաս Սարգիսի ուղղամտութիւնը,  զինք կը նշանակէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ, հետագային, տարիներ ետք, ընտրուելու համար հանրապետութեան նախագահ (1976 – 1982):

 

ԻԼԻԱՍ ՍԱՐԳԻՍ

Իբր ուղղամիտ կառավարիչ եւ նախագահ, իր իշխանութեան օրերուն, Իլիաս Սարգիս Կեդրոնական դրամատան ոսկիի պահեստը աւելցուցած էր 4 թոն ոսկիով: Իրմէ ետք, նորընտիր Մեծապատիւ Աւազակը այդ 4 թոն ոսկին վաճառելով, եկամուտը փոշիացուց մէկ օրուայ մէջ:

Սարգիսի օրերուն, փոխկառավարիչն էր Ժոզէֆ Ուղուրլեան: Շնորհալի, ուրիշ ազդեցիկ անձնաւորութիւն մը: Կեդրոնական դէմքն ու «կնքահայրը» եղաւ, պատմականօրէն նշանաւոր INTRA Bank-ի սնանկութեան: Եուսուֆ Պայտաս (ծնունդով պաղեստինցի) տէրն ու տնօրէնն էր Լիբանանի ամէնէն նշանաւոր դրամատան: Կաշառակերութեամբ ամբողջովին իր տիրապետութեան տակ առած էր կառավարութեան եւ խորհրդարանին մեծամասնութիւնը: Լիբանանի պետականութիւնը յարգող ղեկավարներուն նեցուկով, Ուղուրլեան յաջողեցաւ սնանկացնել տալ INTRA Bank-ը: Պայտաս որպէս քրէագործ դատուեցաւ եւ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ: Շունչը առաւ Զուիցերիայէն:

 

ՍԵԼԻՄ ՀԸՍ

Գլխաւոր գործակիցն էր Իլիաս Սարգիսին: Իր վարչապետութեան օրերուն, արգելք հանդիսացաւ եւ թոյլ չտուաւ, որ Կեդրոնական դրամատան մէջ գտնուող մօտ մէկ միլիոն օնս ոսկիի հարստութիւնը վաճառուի: Իր մասնագէտ-տնտեսագէտի կարծիքով, լիբանանցի ժողովուրդը կրնա՛ր հաւասարակշռել թղթոսկիին անկումը: Մօտ 1200 անգամ արժեզրկուած էր լիբանանեան թղթադրամը: Օրերը փաստեցին, որ ճիշդ էր Սելիմ Հըսի տեսակէտը: Ժողովուրդը քայլ առ քայլ կազդուրուեցաւ եւ շրջանցեց տագնապը: Պետական հարստութիւնը մնա՛ց, որ այսօր արժէ աւելի քան 35-37 միլիառ տոլար:

Նոյն օրերուն, Լիբանանի նուիրեալ եւ անաչառ ղեկավարները, զգալով գալիք վտանգը, ահազանգ հնչեցուցին:

 

ՀՈՒՍԷՅՆ ԷԼ-ՀՈՒՍԷՅՆԻ – ԻԼԻԱՍ ՍԱՊԱ

Իսկապէս ալ, հայրենասէր (ե՛ւ հայասէր) Հուսէյն Էլ-Հուսէյնիի խորհրդարանական նախագահութեան օրերուն, ելեւմուտքի նախարար Իլիաս Սապայի «կնքահայրութեամբ» կառավարութիւնն ու խորհրդարանը վաւերացուցին օրէնք-հրամանագիր մը, ըստ որուն, անձեռնմխելի պիտի մնար մօտ մէկ միլիոն օնս ոսկին: Ոչ ոք իրաւասութիւնը պիտի ունենար դպչելու մօտ 287 թոն ոսկիի հարստութեան:

 

ԷՏՄՈՆ ՆԱԻՄ

Կարելի չէ՛ մոռնալ կառավարիչ Էտմոն Նաիմին եւ ներքին նախարարին միջեւ եղած շատ յատկանշական դէպքը:

Նախարարութիւնը որոշած է նոր անցագրեր տպել՝ Լոնտոն-Անգլիա, որ արժէ մէկուկէս միլիոն տոլար: Կէս միլիոնը գոյութիւն ունի նախարարութեան մօտ: Էտմոն Նաիմ կտրուկ կերպով կը մերժէ մէկ միլիոն (ո՛չ թէ մէկ միլիա՜ռ) տոլարի վարկ մը բանալ նախարարութեան: Նախ՝ օրէնքով իրաւասութիւնը չունէ՛ր, երկրորդ՝ առարկելով որ ինչո՞ւ 1,5 միլիոն տոլար վճարել անգլիացիներուն, երբ Շուէտ պատրաստ է տպելու կէս գինով:

Տասնեօթը ոստիկաններ կը ներկայանան Կեդրոնական դրամատուն, կառավարիչը «բռնի՛» նախարարին քով «հրաւիրելու»: Էտմոն Նաիմի «մի՛ ձգեր որ զիս տանին» արտայայտութեան վրայ, դրամատան անզէն, բայց արիասիրտ պահակներէն մին, ոստիկաններէն մէկուն զէնքը առնելով, կը կրակէ օդին մէջ: Ստեղծուած անակնկալին ու թոհուբոհին մէջ, կառավարիչին մօտիկները զինք կը «փախցնեն» ու կը տեղադրեն դրամատան հսկայ դրամարկղին մէջ, մինչեւ որ կողմերը հանդարտին:

Այդ օրերուն, փոխկառավարիչն էր հայազգի Մկրտիչ Պուլտուքեան:

Այդ բոլո՜ր նուիրեալ, անաչառ լիբանանցի ղեկավարներէն ետք, եկան «Մեծապատիւ Աւազակները»: Օդապարիկով իջած, վաշխառու, անկուշտ, ագա՛հ, աւազակներու վոհմակ մը, իրենց «շնորհալի» ղեկավարներով ու մե՜ծ-հզօր «Մայեսթրօ»-ով:

«Ո՞վ բերաւ» զիրենք: Կռահելու պէտք չկայ, յստա՛կ է պատասխանը, բայց անձնասիրաբար ես ինծի պիտի պահեմ: «Ամէն գիտցուած բան չ’ըսուիր»:

Բայգ «ինչո՞ւ եկան»-ին պատասխանը կրնամ տալ:

Երկիրը, ժողովուրդը, պետութիւնը սնանկացնելու ու մեզի այս օրերը ապրեցնելու:

Կեցցէ՛ Լիբանանը, բայց անկցի՛ն իր Մեծապատիւ Աւազակներն ու նորին մեծութիւն աւազակապետերը:

Share67Tweet42
Previous Post

Քահանայ Մը Կը Շիջի, Քահանայ Մը Կը Զարթնի…

Next Post

Ծովակը Կը Մեծարուի Իր Հարազատ Ակումբին Մէջ

Next Post
Ծովակը Կը Մեծարուի Իր Հարազատ Ակումբին Մէջ

Ծովակը Կը Մեծարուի Իր Հարազատ Ակումբին Մէջ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.