Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Քահանայ Մը Կը Շիջի, Քահանայ Մը Կը Զարթնի…

 Լ. Շ.

November 25, 2025
in Յօդուածներ
0
Քահանայ Մը Կը Շիջի, Քահանայ Մը Կը Զարթնի…

Այս օրերուն, դէս ու դէն, հայ քահանայութիւնն ալ խօսիլ կու տայ իր մասին, ինչպէս` կուսակրօն եկեղեցականութիւնը, ի հետեւումն այն արտասովոր պայքարին, որ Հայաստանի պաշտօնական բերանները շղթայազերծեցին Մայր Աթոռին, անոր գահակալին ու շարք մը բարձրաստիճան հոգեւորականներու դէմ։

Այսօր ե՛ս ալ պիտի խօսիմ քահանաներու մասին։ Բայց իմ նիւթը չ`առնչուիր հայաստանցի քահանաներուն, որոնցմէ ոմանք եկեղեցի-պետութիւն անհաշտ պայքարին մէջ դեր մը վերցուցեր են ու այդ ճամբով ալ` գրաւոր ու բերանացի մամուլին մէջ լուսարձակի տակ են տեւաբար։

Ես իմ հայեացքը կ`ուղղեմ Սփիւռքին։

Պիտի ուզեմ սեւեռումի ենթարկել քահանայութեան առնչուող դրական պատկեր մը` իրարմէ բոլորովին անջատ երկու պարագաներով, որոնցմէ մին կը վերաբերի Հալէպին, երկրորդը` Պոլսոյ։

Ընթացիկ ամսու սկիզբները, Նոյեմբեր 7-ին, Հալէպի մէջ կը վախճանէր Բերիոյ Թեմի քահանայից դասու երէց անդամներէն Տ. Յուսիկ աւ. քհնյ. Սեդրակեանը, առողջական երկարատեւ ու տառապալից տագնապանքէ մը ետք։ Գաղութը կը կորսնցնէր լաւ պատրաստուած, դպրեվանեցի հոգեւորական մը (Անթիլիասի դպրեվանքէն շրջանաւարտ էր 1973-ին)։

Վախճանեալ քահանան 77 տարեկան էր ու Հալէպի մէջ քահանայագործած էր աւելի քան 40 տարի, 1979-էն սկսեալ։ Այս վաստակին վրայ եթէ գումարենք Քեսապի մէջ իր քահանայագործութեան 6 նախորդ տարիներն ալ (1973-79), կ`ունենանք մօտ կէս դարու ծառայական կեանք մը։

Տէր Հայրը պերճախօս էր. իր քարոզները ուսուցողական էին ու զգացնել կու տային մտաւորական որոշ արժանիքներ։ Այդպէս էր, որովհետեւ Տ. Յուսիկ աւելի քան քսանհինգ տարի մնացեր էր ուսուցչական ասպարէզի մէջ` նախ ի Քեսապ, ապա Հալէպ, աւանդելով կրօնագիտութիւն եւ հայ հին մատենագրութիւն։ Անձնապէս, 80-ական թուականներուն, աշակերտեր էի իրեն Հալէպի Ճեմարանը, եւ իրմէ՛ է որ առաջին անգամ պիտի լսէի անունները Փաւստոս Բիւզանդին, Ագաթանգեղոսին, Դրասխանակերտցիին ու Լամբրոնացիին…։ Քաղցր տպաւորութիւններ, որոնք կը յամենան իմ մէջ առ այսօր…։

Տէր Հօր կեանքին ամէնէն կարեւոր իրագործումը եղաւ, ըստ ինծի, այն երկու ծաւալուն հատորները (2005, 2012), «Վարք քահանայից Բերիոյ Թեմի» տիտղոսով, ուր մի առ մի ներկայացուած էին յետեղեռնեան շրջանի Բերիոյ թեմի (Հալէպ, Ճէզիրէ, Լաթաքիա, Քեսապ) շրջաններուն մէջ ծառայած բոլո՜ր քահանաները, իրենց կենսագրութեամբ ու նկարագրային յատկանիշերով։ Ա. հատորը կ`ընդգրկէր 60  քահանայ, Բ. հատորը` 72 քահանայ։ Սքանչելի գործ մը, որուն վրայ աչքի լոյս թափած էր Տէր Հարը երկար տարիներ, իր այս ճիգին մէջ օգտուելով միաժամանակ Ազգ. առաջնորդարանը պահ դրուած արխիւային տուեալներէ։ Այս զոյգ հատորները փրկեցին սուրիահայ քահանայից պատմութիւնը, գէթ իր լայն մէկ բաժնով։ Որքան որ գիտեմ, ո՛չ մէկ գաղութի մէջ նմանօրինակ աշխատասիրութիւն մը իրագործուեր էր ցարդ։ Վարքագրութեան եզակի իրագործում մըն էր այս մէկը։

Ճի՛շդ այս պարագայէն մեկնած՝ կ՛ըսեմ, թէ արժէք մը շիջեցաւ Տ. Յուսիկին վախճանումով։ Եւ նմանօրինակ արժէքներու, այս տիպի մարդուժի պատրաստութիւնը դիւրին չէ։

 

                                  *

 

Հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ. քահանան միայն ծիսակատարութի՞ւն պիտի կատարէ, թաղումի ու տնօրհնէքի՞ պիտի երթայ։ Պիտի բանտէ՞ ինքզինք կրօնական իր պարտաւորութիւններուն մէջ։

Ո՛չ։ Ուրիշ բաներ ալ կ՛ակնկալուին իրմէ։ Նախ` մարդասիրական նուիրում մը, յետոյ նաեւ` գո՛նէ մտաւորական որոշ պատրաստութիւն մը, որպէսզի աստիճան մը վե՛ր կանգնի ան սովորական մահկանացուներէս…։

Մտմտացի մտաւորական քահանաներ պատրաստելու անհրաժեշտութեան մասին։ Փորձեցի յիշել անուններ, որոնք մէկ ձեռքով խաչ, միւս ձեռքով գրիչ բռնած էին…։ Յիշեցի Ամերիկայէն  Սուրէն քհնյ. Բաբախեանն ու Տիգրան քհնյ. Խոյեանը, Վարդան քհնյ. Տիւլկէրեանն ու Զաւէն աւ. քհնյ. Արզումանեանը (ի կեանս է), Հալէպէն՝ Մաշթոց քհնյ. Ոսկերիչեանն ու Մկրտիչ աւ. քհնյ. Մուրատեանը, Իրաքէն՝ Մեսրոպ քհնյ. Օրջանեանը, Արժանթինէն՝ Շաւարշ քհնյ. Մեհրապեանն ու Արշամ քհնյ. Պոզոյեանը եւ դեռ շատեր…։  Հին անուններ էին ասոնք, բոլորն ալ առաւել կամ նուազ չափով գիրի սպասարկուներ։

Մինչայդ, հաճելի լուր մը հասաւ Պոլիսէն։ Ծանուցուեցաւ, թէ Իսթանպուլի հայ գրական շրջանակի սիրելի դէմքերէն մին՝ Սեւան սրկ. Տէյիրմէնճեանը, քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացեր էր (երկրորդ ընկերակիցի մը զուգահեռ) Ուրբաթ, Նոյեմբեր 21-ին, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Պոլսոյ Սահակ պատրիարքին։ Համայնքը այսպիսով կը շահէր հոգեւոր նոր սպասաւոր մը, որ կու գար ուսուցչական ու գրական անդաստանէն (հազուադէպ պարագայ) ու այդ հանգամանքով ալ կրնար բարձրացնել քահանայական համեստ աստիճանին բովանդակային արժէքը…։

Ձեռնադրիչ սրբազան պատրիարքը նորօծ առաջին քահանան կոչեր է Տ. Նարեկ, իսկ երկրորդը` Տ. Ոսկի։

Տ. Նարեկ (Տէյիրմէնճեան) դիմատետրի իր էջին վրայ նկատել կու տար որ իր մեծ հայրիկն ալ քահանայ դարձեր էր անցեալին, ձեռնադրուած` Պոլիս 1968-ին, նմանապէս վերակոչուելով Տ. Նարեկ (Գատեհճեան)։  Այլ խօսքով, այսօր մեծ հայրիկէն թոռնիկին փոխանցուած ջահ մը կը վառէր, որուն խորհուրդը ի՛սկապէս ուսանելի էր ու խանդավառիչ։

Նորօծ Տ. Նարեկ քհնյ. Տէյիրմէնճեան ծնած է Պոլիս, 1976-ին։ Հայկական երկրորդական ուսումը ստանալէ ետք Ազգ. Կեդրոնական վարժարանէն՝ բախտը կ՛ունենայ մեկնելու Երեւան եւ աւարտելու տեղւոյն պետական համալսարանի բանասիրական ճիւղը (1999)։ Պոլիս վերադարձին՝ թէ՛ կ՛ուսուցչագործէ, թէ՛ պարբերաբար կ՛աշխատակցի հայ մամուլին, թէ՛ ալ կը զբաղի հրատարակչական աշխատանքներով։ Երբեմն կը հանդիպէինք իր ստորագրության «Բագին»-ի, պոլսահայ մամուլի, «Սիոն»–ի եւ այլ պարբերականներու մէջ։

Վերջին քանի մը տարիներուն հայոց լեզու եւ գրականութիւն կը դասաւանդէր Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանին ու վանքի ընծայարանին մէջ։

Գիտենք, որ «հունձքը առատ է եւ մշակք` սակաւ», սակայն կարեւորն այն է, որ երբ բարունակ մը կը խոնարհի, այլ ծիլ մը գլուխ ցցէ, փթթի…։

Share64Tweet40
Previous Post

Լուրեր. 25 Նոյեմբեր 2025

Next Post

Մեծապատիւ Աւազակները

Next Post
Մեծապատիւ Աւազակները

Մեծապատիւ Աւազակները

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.