Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 25 Նոյեմբեր 2025

November 25, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 25 Նոյեմբեր 2025

ԱՈՒՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ Կ’ՈՒԶԷ

Հըզպալլայի զինուորական բարձրաստիճան հրամանատարներէն Հայսամ Ալի Թապաթապաի եւ չորս ուրիշներ մահացան, երբ իսրայէլեան օդուժը նախանցեալ օր վերստին յարկաբաժին մը հարուածեց Պէյրութի հարաւային արուարձանաներուն մէջ: Իսրայէլեան վեց դիպուկ հրթիռները Հըզպալլայի զինուորական բարձրաստիճան ժողով մը թիրախաւորեցին Հարէթ Հրէյք թաղամասի 9 յարկանի շէնքին 3-րդ եւ 4-րդ յարկերուն մէջ: Ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, յարձակումը պատճառած է նաեւ 28 վիրաւոր:

Հըզպալլայի ահաբեկուած հրամանատարը ենթակայ էր ամերիկեան պատժամիջոցներու՝ Եմէնի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ Իրանի հրահանգով գործող ուժերուն գործողութիւնները համակարգելու ամբաստանութեամբ: Անոր մասին տեղեկութիւններ փոխանցողներուն ամերիկացիները խոստացած էին նիւթական պարգեւ: Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալի Լարիժանի դիտել տուաւ, թէ Իսրայէլի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր արկածախնդրութիւնները, մինչեւ որ բոլորը իմանան, որ Իսրայէլը զսպելու միակ միջոցը դիմադրութիւնն է:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն դատապարտեց իսրայէլեան ոտնձգութիւնը եւ միջազգային ընտանիքէն պահանջեց գործական քայլեր՝ վերջ տալու համար իսրայէլեան յարձակումներուն: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ եւս դատապարտեց իսրայէլեան հարուածը, զայն համարելով անցեալ տարուայ զինադադարի բացայայտ խախտում: Ան շեշտեց, որ այս դէպքը լիբանանցիներուն համար պէտք է դառնայ առիթ՝ միաւորուելու պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն շուրջ:

Նշենք, որ զինադադարի յայտարարութենէն ետք Պէյրութի հարաւային արուարձանները թիրախաւորած 4-րդ յարձակումն էր այս եւ առաջինը՝ 5 Յունիսէն ի վեր: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու սպառնաց շարունակաբար խափանել Հըզպալլայի վերակազմաւորումի փորձերը, ահաբեկուած հրամանատարը համարելով Հըզպալլայի զինումի եւ կազմակերպչական հարցերու պատասխանատուներէն մէկը: «Պիտի չարտօնենք, որ Հըզպալլա վերստին վտանգ սպառնայ Իսրայէլին, իսկ Լիբանանի կառավարութենէն կ’ակնկալենք յարգել Հըզպալլան ապազինելու խոստումը», ըսաւ Նեթանիահու:

 

ՓԱՇԻՆԵԱՆԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ ՍԱԼԱՄԻՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, թէ Երեւան մեծապէս կը կարեւորէ Պէյրութի հետ յարաբերութիւնները, որոնք ձեւաւորուած են պատմական հիմքերու եւ համատեղ արժէքներու վրայ:

Շնորհաւորելով Լիբանանի անկախութեան 82-ամեակը, վարչապետը իր լիբանանցի պաշտօնակից Նաուաֆ Սալամին յղուած նամակին մէջ վստահութիւն յայտնեց, որ միացեալ ջանքերով կարելի է նոր մակարդակի բարձրացնել երկկողմանի կապերը, քաղաքական երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը: «Ձեզի կը մաղթեմ քաջառողջութիւն եւ ամենայն բարիք, իսկ Լիբանանի բարեկամ ժողովուրդին՝ յարատեւ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում», նշեց Փաշինեան:

 

ԿԱԶՄ ՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏ՝ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵԼՈՒ ԼԵՒՈՆ 14-ՐԴ ՊԱՊԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի Վատիկանի հարցերով խորհրդական Նաժի Քոզայլի յայտնեց, որ Լեւոն 14-րդ պապին Լիբանան այցելութեան նախապատրաստութիւնները ամբողջացած են եւ նախագահական պալատը կը համագործակցի առնչակից քաղաքապետութիւններուն հետ՝ ապահովելու համար զանազան շրջաններու մէջ պապին պատշաճ ընդունելութիւնը: Քոզայլի ժխտեց Սրբազան քահանայապետին Լիբանան այցելութիւնը չեղարկելու հաւանականութեան մասին ընկերային հաղորդակցութեանց ցանցերուն վրայ տարածուած տեղեկութիւնները:

 

ՀԱՅԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԱՐԾԱՐԾԱԾ ԵՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

Պաքու այցելած եւ իրենց ատրպէյճանցի պաշտօնակիցներուն հետ տեսակցած հայկական պատուիրակութիւնը Երեւան վերադառնալով տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձ եղաւ Ատրպէյճանի մէջ ընթացած քննարկումներուն: Հայստանեան քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներէն Նայիրա Սուլթանեան յայտնեց, որ իրենք ատրպէյճանցիներուն հետ տեսակցութեան ընթացքին սեղանին վրայ դրած են նաեւ հայ գերիներուն տունդարձի հարցը: «Յոյս ունինք, որ յառաջանայ վստահութեան եւ ընկալումի փոխադարձ զգացողութիւն եւ այս խնդիրները աւելի արագ լուծուին», ըսաւ Սուլթանեան, ցաւ յայտնելով, որ իրենք չեն ստացած գերիներու յստակ թիւեր եւ անուններ: Յիշեցնենք, որ հայկական պատուիրակութիւնը տեսակցած էր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւի հետ: Հայկական պատուիրակութեան անդամներէն Սամուէլ Մելիքսէթեան շեշտեց, որ հարցերուն լուծումները քայլ առ քայլ կ’ըլլան, մինչ սահմանազատումին հարցով յառաջացած բարդագոյն խնդիրները պիտի լուծուին վերջին փուլին: Իսկ Պորիս Նաւասարդեան համոզում յայտնեց, որ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն փոխըմբռնումը կը հասնի բարձրագոյն պաշտօններ վարողներուն, աւելցնելով որ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ գումարուած «5+5» ձեւաչափով ժողովները պիտի ընդարձակուին:

 

ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԹՂԹԱԾՐԱՐԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ Լուիս Կրասային հետ քննարկեց Ատրպէյճանի մէջ արգելափակուած հայ գերիներուն թղթածրարը, շեշտելով անոնց անյապաղ ազատ արձակումին անհրաժեշտութիւնը:

Իսկ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան  Ռումանիոյ ծերակոյտի Արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի նախագահին հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին ներկայացուց Թուրքիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները կարգաւորելու հոլովոյթը:

 

ՊԱՐՏԱԴԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՃԱՏԵԼՈՒ ՆԱԽԱԳԻԾ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրով, երէկ գումարուեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ մը, որուն մասնակցեցան նաեւ համապատասխան խորհրդարանական համաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանն ու պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը: Վերջինս Խորհրդարանի պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան հարցերով մնայուն յանձնաժողովի նիստին ընթացքին անդրադարձաւ զինուորական ծառայութեան օրէնքին մէջ  փոփոխութիւններ կատարելու նախագիծին ու յայտնեց, թէ կ’առաջարկուի 2026-ի ձմեռնային զօրակոչէն սկսեալ, զինուորական պարտադիր ծառայութեան ժամկէտը 24 ամիսէն կրճատել 18-ի: Օրէնքի փոփոխութիւնը կը նախատեսէ նաեւ պայմանագրային զինուորներու թիւի աճ: Կը նախատեսուի պարտադիր ծառայութեան վերաբերող ծախսերու կրճատում 2027-ի երկրորդ կէսէն սկսեալ, որովհետեւ 2026-ի ձմեռը բանակին միացողները իրենց ծառայութիւնը պիտի աւարտեն 2027-ի Յուլիսին:

 

ԴԻՄՈՒՄ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Հայրենի «Հայկական Ժամանակ» թերթը հրապարակեց դիմում մը, ստորագրուած խումբ մը բարձրաստիճան հոգեւորականներու կողմէ եւ ուղղուած Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, որուն մէջ կը պահանջուի կասեցնել Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ արք. Խաչատուրեանի պաշտօնավարումն ու ծառայութիւնը, ի տես անոր վերագրուող սեռային անպարկեշտ տեսանիւթերուն, որոնք վերջերս տարածուեցան համացանցին վրայ:

Դիմումը ստորագրած են Խաժակ արք. Պարսամեան, Սիոն արք. Միրզախանեան, Հայկազուն արք. Նաճարեան, Անուշաւան եպս. Ժամկոչեան, Վրթանէս եպս. Աբրահամեան եւ Մուշեղ եպս. Պապայեան: Յարգելով հանդերձ Արշակ սրբազանին անմեղութեան կանխավարկածը, դիմումը նշեց, որ խնդրոյ առարկայ տեսանիւթը ծանրակշիռ մեղքի կ’ակնարկէ, որ խստագոյնս կը դատապարտուի հայոց կանոնական ժողովներուն կողմէ:

 

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ ՆԻՔԻԹԱ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցագիր յղեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ անուանի ֆութպոլիստ, վաստակաւոր մարզիչ եւ Խորհրդային Միութեան ախոյեան Նիքիթա Սիմոնեանի մահուան առիթով:

«Ան իր անունը ոսկէ տառերով գրեց հայկական եւ խորհրդային ֆութպոլի պատմութեան մէջ, երբ իր ղեկավարութեամբ Երեւանի «Արարատ»-ը դարձաւ ախոյեան եւ կրկնակի բաժակակիր՝ 1973 եւ 1975 թուականներուն», նշեց Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ Սիմոնեան արժանացած է հայկական եւ ռուսական բազմաթիւ պարգեւներու, իր նուիրուածութեամբ ոգեշնչումի աղբիւր հանդիսանալով յաջորդ սերունդներուն:

 

Share64Tweet40
Previous Post

Գոյժ. Ոչ Եւս Է Պերճ Աբրահամեանը

Next Post

Քահանայ Մը Կը Շիջի, Քահանայ Մը Կը Զարթնի…

Next Post
Քահանայ Մը Կը Շիջի, Քահանայ Մը Կը Զարթնի…

Քահանայ Մը Կը Շիջի, Քահանայ Մը Կը Զարթնի…

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.