Ցաւով լսեցինք Ապու Տապիի մէջ 95 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած՝ Հայ Մշակութային Ընկերակցութեան պատուաւոր նախագահ Պերճ Աբրահամեանի մահը։
Պերճ Աբրահամեան ծնած է 1931-ին, Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ, կրթուելով Սրբոց Թարգմանչաց եւ Սանթա քոլէճի մէջ մինչեւ 1947։ Պատերազմէն ետք, շարունակեց ուսումը Ֆրէրզ քոլէճին մէջ, միաժամանակ աշխատելով բրիտանական կառավարական բաժանմունքին մէջ։ Իրաքի աշխատանքային փորձառութիւնը ճամբայ հարթեց դէպի ճարտարագիտական ոլորտ, որ շարունակեց Հալէպ քոլէճի եւ Պոլսոյ Ռոպըրթ քոլէճին մէջ՝ 1957-ին դառնալով քաղաքացիական ճարտարագէտ Bachelor of Science աստիճանով։ Աշխատեցաւ Քըրքուքի եւ ապա Քուէյթի Հանրային Աշխատանքներու նախարարութեան մէջ, ուր նաեւ նպաստեց հայ համայնքի ու դպրոցի կայացման։
1966-ին հաստատուեցաւ Ապու Տապի, հսկեց Քորնիշի ծովապահ պատնէշի հողալցման աշխատանքներուն, դառնալով նորակազմ քաղաքի ծաւալման ականատեսն ու մասնակիցը։
1990-ին Ապու Տապիի Հայ Մշակութային ընկերակցութիւնը կազմուեցաւ եւ Պերճ 1992-էն 2010 մշտապէս ընտրուեցաւ իբրեւ պատուաւոր նախագահ՝ մինչեւ Միութեան գործունէութեան դադրեցումը։ Տարիներ շարունակ եղաւ Ապու Տապիի հայ համայնքի խորհուրդի նախագահ եւ մշակութային կեանքի խթանիչ։ 2018-ին հրատարակեց պատմական արժէք ունեցող պատկերագիրք մը՝ ներկայացնելով Ապու Տապիի զարգացման առաջին փուլերը եւ երկրին անցեալը՝ իր տեսանկիւնէն լուսաբանուած։
Այս տխուր առիթով, «Արարատ» իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի դստրերուն՝ Հուրիին եւ Սեդային, հարազատներուն, ինչպէս նաեւ Ապու Տապիի Հայ Մշակութային Ընկերակցութեան իր նախկին գործընկերներուն:

