Տխրեցանք, երբ իմացանք, որ լիբանանահայ աշխոյժ մտաւորական, խմբագիր, բանաստեղծ եւ հասարակական գործիչ պրն. Համբիկ Մարտիրոսեան սրտի անակնկալ անհանգստութեան հետեւանքով հիւանդանոց փոխադրուած է։ Բարեբախտաբար, համապատասխան բուժում ստանալէ ետք, յաջորդ օրն իսկ վերադարձած է տուն:
Դժուար է մոռնալ, թէ ինչպիսի՜ աշխուժութեամբ դեռ երէկ ան կանգնած էր խուռներամ լսարանին առջեւ՝ «Խօսնակ» պարբերաթերթի նախաձեռնած մշակութային երեկոյին՝ նուիրուած «Թարգմանչաց» տօնին։ «Ինքնութիւն, լեզու եւ եկեղեցի» խորագիրով իր ուղղորդած բազմաձայն քննարկումը կը պահանջէր ե՛ւ կենսական ուժ, ե՛ւ մտաւոր արիութիւն՝ մեծ դահլիճը մշակութասէր ունկնդիրով ներգրաւելու եւ գեղարուեստական հարուստ յայտագրով անոր հոգին տաքցնելու համար։
Արդեօ՞ք այս յուզումնալից ծանրաբեռնուածութիւնն էր, որ իր առողջութիւնը սասանեց։ Թէ՞ շուրջ ամիս մը առաջ ՀԲԸՄ-ի Տէմիրճեան Կեդրոնին մէջ գրագէտին ներշնչման պարտէզի հիւթեղ բերքահաւաքով, երեք նոր հատորներու գինեձօնին ժամանակ ապրած յուզումնախառն ապրումները։
Տիւ ու գիշեր հետապնդում, նրբատես խմբագրական ուշադրութիւն եւ անսպառ յոգնատանջ աշխատանք պահանջող «Խօսնակ»ի անընդհատ հրատարակումնե՞րը արդեօք։ Տակաւին չենք խօսիր Ահրամճեան կեդրոնի բժշկական ծառայութիւններու ղեկավարման մասին, որ ծանր պատասխանատուութիւն կ’ենթադրէ, ամէնօրեայ մարդկային սրտաբեկ դրուագներով։
Հաւանաբար այս բոլորը միասին։
Բայց մենք հաստատ գիտենք, որ անսպառ եռանդով ու երիտասարդական թարմ ոգիով մշտադալար բանաստեղծը շատ շուտով պիտի վերադառնայ իր գրասենեակը՝ շարունակելու իր բազմաշերտ, ստեղծարար եւ հանրօգուտ առօրեայ գործունէութիւնը։ Ինչպէս պրն. Համբիկ վերջերս կ’ըսէր՝ սուրճի համեստ զրոյցի մը ընթացքին. «Առողջ մնալու միակ պայմանը աշխատանքն է»։
Այդ համոզումով եւ անսասան յոյսով՝ ժրաջան մտաւորականին կը մաղթենք արագ եւ լիակատար ապաքինում։

