Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Շնորհակալական Երեկոյ՝ Ի Պատիւ Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-ամեակի Մատաղի Պատրաստութեան Օգնականներուն

November 22, 2025
in Գաղութային
0
Շնորհակալական Երեկոյ՝ Ի Պատիւ Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-ամեակի Մատաղի Պատրաստութեան Օգնականներուն

Համայնքը կը զօրանայ այն ատեն, երբ իւրաքանչիւր անդամ կը կատարէ իր բաժին պարտականութիւնը եւ կը մնայ եկեղեցւոյ կենդանի օղակը։ Ծնողներն ու երիտասարդները պէտք է աւելի գործուն դեր ստանձնեն եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։

Առ այդ, անցեալ Շաբաթ օր, երեկոյեան ժամը 8։00֊ին, Նոր Հաճըն թաղի Հ.Կ.Բ.Մ.֊ի դարմանատան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան կազմակերպած Հաճնոյ հերոսամարտի 105-ամեակի օրուան մատաղի պատրաստութեան օգնականներու նուիրուած շնորհակալական հաւաքը։ Ուրախ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, համախմբուած էին Նոր Հաճընի Ս․ Գէորգ եկեղեցւոյ քահանայ հայրը, Թաղական խորհուրդի անդամները, Տիկնանց յանձնախումի անդամները, «Գայիանէ» երգչախումբի ղեկավարն ու անդամները, նաեւ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան վարչութեան ատենապետ պրն. Փօլ Եագուպեանը եւ անդամներ, ինչպէս նաեւ 105-ամեակի մատաղի պատրաստութեան մասնակիցները։

Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան վարչութեան անունով խօսք արտասանեց «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն եւ խմբագիր պրն. Նազօ Ճէրէճեան, շնորհակալութիւն ու գնահատանքի խօսք յայտնելով բոլոր օգնող ձեռքերուն։ Հաճնոյ Ս․ Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ պրն. Աւագ Պարախեան նոյնպէս խօսք առաւ եւ քաջալերեց աշխատողներուն ջանքը։

Ճաշի սեղանի շուրջ եղան կենացներ, մաղթանքներ, գեղեցիկ խօսքեր ու երգեր։ Քանի մը ժամ ներկաները վայելեցին ուրախ մթնոլորտ եւ բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները։

Share67Tweet42
Previous Post

Վաղարշապատէն Դէպի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

Next Post

Ապաքինման Մաղթանք Համբիկ Մարտիրոսեանին

Next Post
Ապաքինման Մաղթանք Համբիկ Մարտիրոսեանին

Ապաքինման Մաղթանք Համբիկ Մարտիրոսեանին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.