Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Վաղարշապատէն Դէպի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

Գրիգոր Խոտանեան - «Մասիս»

November 22, 2025
in Յօդուածներ
0
Վաղարշապատէն Դէպի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

Յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի ուշադրութիւնը կեդրոնացած պիտի մնայ 2026-ի Յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ: Վաղարշապատ համայնքէն ներս, որուն մէջ կ’իյնայ նաեւ Էջմիածին քաղաքը,  տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները վերջինն էին` համապետական ընտրութիւններէն առաջ, եւ այդ պատճառաւ իսկ ստացած էին մեծ կարեւորութիւնը ե’ւ իշխանական կողմին ե’ւ արմատական ընդդիմութեան համար:

Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը կ’ուզէր ցոյց տալ, որ ինք կը շարունակէ մնալ ամէնէն մեծ քաղաքական ուժը երկրէն ներս եւ իր տկարացման շուրջ տարածուող քարոզչութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան: Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատման հարցով տեղի ունեցող վերջին գործընթացներու լոյսին տակ իշխող ուժը ներկայիս  կը թուի աւելի ինքնավստահ ըլլալ իր ընտրական կարողութիւններուն մասին ու Վաղարշապատի մէջ իր արձանագրած յաղթանակը կը նկատէ նախերգանք՝ գալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Միւս կողմէ, ընդդիմութիւնը կը փորձէր Վաղարշապատի մէջ կրկնել Կիւմրիի պատկերը, երբ քանի մը տարբեր անուններով հանդէս եկող եւ իրար հակադիր ներկայացող խմբակները ընտրութիւններէն ետք միաւորուելով կարողացան «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը դուրս ձգել քաղաքային իշխանութենէն: Անոնք նոյնը փորձեցին ընել այս անգամ եւս, սակայն չկարողացան հասնիլ ակնկալուած արդիւնքին:

Վերջին տարիներուն տեղի ունեցող տեղական մարմիններու ընտրութիւններուն, ինչպէս Երեւանի, Կիւմրիի եւ վերջերս ալ Վաղարշապատի մէջ, ընդդիմադիր երկու գլխաւոր ուժերը` Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի կողմնակիցները նախընտրեցին ներկայանալ տարբեր անուններու տակ, գիտակցելով որ այդ երկու կերպարները կը շարունակեն մնալ «թունաւոր» ու ընտրող հասարակութեան մօտ կը ստեղծեն ժխտական տրամադրութիւններ: Քոչարեանականները ներկայացած էին «Յաղթանակ» դաշինքի անուան տակ եւ, օգտագործելով տեղական խնդիրները, նաեւ ընտանեկան ու ազգականական կապերը, կարողացան ապահովել 10 հազարէ աւելի ձայն: Անոնք իրենց կողքին նաեւ ունէին Մայր Աթոռի աջակցութիւնը, սակայն, հակառակ  այդ բոլորին, չկարողացան յաղթել իշխող ուժին:

Խորհրդարանական ընտրութիւններու ներուժը ամբողջութեամբ տարբեր պիտի ըլլայ: Հոն պայքարը պիտի ընթանայ քաղաքական տեսակէտերու եւ դիրքորոշումներու շուրջ: Ժողովուրդը ընտրութիւն պիտի կատարէ խաղաղութեան ու պատերազմի միջեւ, ռուսական եւ եւրոպական կողմնորոշման միջեւ, ժողովրդավարութեան ու ազատութիւններու սահմանափակման միջեւ, տնտեսական ազատ նախաձեռնութիւններուն ու մենաշնորհներուն միջեւ: Երրորդ ուժի բացակայութեան պայմաններուն տակ, Հայաստանի քաղաքացիները ստիպուած պիտի ըլլան ընտրութիւն կատարելու նախկիններուն ու ներկաներուն միջեւ: Հոս առաւելութիւնը վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած ուժին կողմն է:

Ընդդիմադրութեան շարքը հաւանաբար համալրուի նաեւ ռուսաստանաբնակ մեծահարուստ Սամուէլ Կարապետեանի ստեղծած «Մեր Ձեւով» շարժումով: Անոնք միասնաբար  տիրապետելով նիւթական հսկայ միջոցներու՝ պիտի փորձեն օգտագործել դժգոհներու ձայները ու ներգրաւել  զանոնք ընտրական գործընթացին մէջ: Ընդդիմութիւնը  իր կողքին ունի նաեւ ապատեղեկատուութիւն տարածելու իր մեքենաները, որոնք կը ղեկավարուին ներքին ու արտաքին խաղացողներու կողմէ` ազդելու համար հասարակական կարծիքին վրայ:

Այս բազմակողմանի գրոհին ինչպէ՞ս պիտի կարողանայ դիմադրել իշխող ուժը, կը մնայ հարցական: Վաղարշապատի արդիւնքներով խանդավառուիլը ու չափազանցուած  ինքնավստահութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ ապահովելու  երաշխիք չեն կրնար ըլլալ: Յաջողութեան հասնելու համար իշխանութիւնները պէտք ունին ընդլայնելու իրենց համակրողներու ցանցը, հոն ընդգրկելով Հայաստանի ապագայով մտահոգ հասարակութեան բոլոր շերտերուն ու խմբաւորումները:

Share63Tweet40
Previous Post

Իրաքահայոց Միակ Վարժարանը Կը Փորձէ Կանգուն Մնալ…

Next Post

Շնորհակալական Երեկոյ՝ Ի Պատիւ Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-ամեակի Մատաղի Պատրաստութեան Օգնականներուն

Next Post
Շնորհակալական Երեկոյ՝ Ի Պատիւ Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-ամեակի Մատաղի Պատրաստութեան Օգնականներուն

Շնորհակալական Երեկոյ՝ Ի Պատիւ Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-ամեակի Մատաղի Պատրաստութեան Օգնականներուն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.