Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Իրաքահայոց Միակ Վարժարանը Կը Փորձէ Կանգուն Մնալ…

 Լ. Շ.

November 22, 2025
in Գաղութային
0
Իրաքահայոց Միակ Վարժարանը Կը Փորձէ Կանգուն Մնալ…

Մինչ մէկ կողմէ կը զմայլէի Իրաքի մէջ վերջին 10-15 տարիներուն կառուցուած հայկական նորաշէն եկեղեցիներու գունագեղ պատկերները դիտելով (ինծի հետ, հաւանաբար, զմայլեցան նաեւ ընթերցողներս), միւս կողմէ կ՛ափսոսայի, որ գաղութը նօսրացած է։ Այլ խօսքով, կը մտածէի, որ ընդարձակ ու գեղակերտ եկեղեցիները պիտի սպասարկեն ընդամէնը 400, 600 հոգի հաշուող համայնքներու…։ Այս լուսափայլ եկեղեցիներուն մէջ երգուած հայերէն շարականները, խօսուած ոգեշունչ քարոզները քանի՞ հոգիի ականջին պիտի հասնին արդեօք։ Ամէն Ս. Պատարագի քանի՞ հաւատացեալ տեղ պիտի գրաւէ եկեղեցիներու նստարաններուն վրայ…։

Կը մտածէի նաեւ, որ գաղութ մը ապրեցնող ողնասիւներէն մէկն ալ դպրոցն է, եկեղեցիին կողքին։

Իսկ ի՞նչ վիճակ կը պարզէ իրաքահայ դպրոցը։

Ոչ-փայլուն։

Մեր ընթերցողները վստահաբար յստակ գաղափար մը չունին այս մասին, որովհետեւ իրաքահայութեան վերաբերեալ առատ լուրեր չեն հասնիր մեր մամուլին։

Ուրեմն, անմիջապէս ըսեմ, որ Իրաքի հայկական 12, 14 եկեղեցիներուն դիմաց (առաքելական ու կաթողիկէ) կայ լոկ մէ՛կ դպրոց, որ կը գործէ մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ։

Տաք ու պաղ օրեր տեսած, շարունակ խափանարար կամ արգելիչ դժուարութեանց դիմադրած վարժարան մըն է այս, որ կը փորձէ կանգուն մնալ, ոտքի պահել ինքզինք։

Պաղտատի ազգային մեր վարժարանին արմատները շատ հին են։  Անոնք կ’երկարին մինչեւ ԺԹ. դարու կէսերը։

Արդարեւ, այդ շրջանին հիմնուած առաջին կրթօճախը հանդիսացեր էր Պաղտատի Ս. Թարգմանչաց վարժարանը, որ իր դռները բացեր է 1852-ին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։ Այս թուականն ալ ապացոյց մըն է, որ այդ տարիներուն նշանակալի թիւով հայեր կ՛ապրէին Պաղտատի մէջ ու կարիքը կը զգային իրենց զաւակներուն համար հայ կրթօճախ մը ունենալու…։

Պատմութիւնը կ՛իմացնէ մեզի, որ Թարգմանչացէն տասնամեակներ ետք, նոյն դարուն վերջերը, Պաղտատի մէջ իր դռները բացաւ նաեւ աղջկանց յատուկ Զապէլեան վարժարանը։ 1917-ին երբ անգլիացիք գրաւեցին Իրաքը, երկու դպրոցները միացան իրարու՝ Ս. Թարգմանչաց-Զապէլեան երկսեռ վարժարան անունով։ Անդին, հարաւային Նահր Օմարի գաղթակայանէն Պաղտատ փոխադրուած հայ տարագիրներուն համար 1921-ին հիմնուեցաւ նոր վրանաքաղաք մը, որ կոչուեցաւ Կէյլանի քէմփ։ Հոս ալ համեստ դպրոց մը բացուեցաւ շուտով, որ յետոյ մկրտուեցաւ «Սվաճեան վարժարան» անունով, պանծացնելու համար 1876-էն սկսեալ լման 40 տարի իրաքահայոց կրթօճախներուն ծառայած նուիրեալ դաստիարակի մը` Միհրան Սվաճեանի (բնիկ պոլսեցի, 1847-1916) բարի յիշատակը։

Պաղտատի երկու դպրոցները 1948-ին միացան իրարու եւ ծնունդ տուին Թարգմանչաց-Սվաճեան Ազգ. Միացեալ վարժարանին։ 

60–ական թուականներուն, երբ իրաքահայութիւնը կ`ապրէր իր պատմութեան ամէնէն փայլուն շրջանը, այս դպրոցը վերածուեցաւ երկրորդականի՝ ունենալով 1400-ի հասնող աշակերտութիւն…։

Կրնայի՞ք երեւակայել այսպիսի թիւ մը։ Այո՛, 1400-ի չափ հայ աշակերտ՝ միա՛կ վարժարանի մը կտուրին տակ…։

Պաղտատէն զատ ամէնօրեայ դպրոցներ ունեցան նաեւ Պասրան (1967-ին աշակերտութեան թիւը կը մօտենար 300-ի), Մուսուլը, Քերքուկը, Զախօն։ Ասոնց մեծապէս նպաստած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը։ Ուշագրաւ ներկայութիւն եղած է Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Պաղտատի Սրբուհի Աննա վարժարանը, հիմնուած` 1932-ին։

Բայց երջանիկ օրերը պիտի խափանուէին ժամանակ մը յետոյ։

1974-ին ամէն ինչ տակնուվրայ պիտի ըլլար, երբ իրաքեան «Պաաս» կուսակցութեան իշխանութեան շրջանին կառավարական հրամանագրով մը հայկական (նաեւ՝ համայնքային-փոքրամասնական ու սեփական) բոլոր դպրոցները պիտի պետականացուէին…։ Այլ խօսքով՝ կրթական համակարգը ամբողջովին մենաշնորհը պիտի դառնար պետութեան, դպրոցաշէնքերը պիտի գրաւուէին ու պիտի չարտօնուէր որ հայերէն դասաւանդուի այնտեղ…։

Իրաքահայոց ազգ. առաջնորդարանը ձեռնածալ պիտի չնստէր անշուշտ։ Պատկան մարմիններու հետ երկարատեւ ու սպառիչ բանակցութիւններէ ետք՝ պետութիւնը ի վերջոյ պիտի արտօնէր որ հայկական (պետականացուած) դպրոց յաճախող հայ աշակերտներուն շաբաթական երկուքական պահ մայրենի լեզու  եւ կրօն դասաւանդուի…։ Ու իրաքահայութիւնը իր կրթական կեանքը այդպէ՛ս պիտի շարունակէր լման 30 տարի, մինչեւ  Սատտամի վարչակարգին տապալումը 2003-ին։

Յուսալից նոր կացութիւն մը պիտի ստեղծուէր 2004-ին, երբ հայ համայնքը արտօնութիւն պիտի ստանար վերաբանալու Պաղտատի իր սեփական ազգային վարժարանը։ Վերամուտի զանգը պիտի հնչէր նոյն տարուան 15 Հոկտեմբերին, 160 աշակերտով։ Քանի մը տարի ետք` դպրոցը պիտի ունենար միջնակարգի բաժին ալ։     Այսօր, ուրեմն, միայն մայրաքաղաք Պաղտատն է որ ունի հայկական ամէնօրեայ դպրոց մը։ Միւս քաղաքները՝ Քերքուկ, Էրպիլ, Տհոք ու Զախօ, ինչպէս նաեւ հիւսիսի Հաւրէզք եւ Աւզրուկ զոյգ գիւղերը հայ բնակչութիւն ու եկեղեցական կազմակերպեալ կեանք ունենալով հանդերձ՝ չունին սեփական դպրոցներ։ Պասրա գրեթէ հայաթափուած է, իսկ Մուսուլի մէջ հայ չ՛ապրիր։ Նշեալ համայնքներէն ոմանք եկեղեցւոյ հովանիին տակ երբեմն կը կազմակերպեն հայերէնի խտացեալ դասընթացքներ։ Տեղ-տեղ կը գործեն կիրակնօրեայ դպրոցներ։

Պաղտատի դպրոցը կը կոչուի Ազգ. նախակրթարան երկսեռ վարժարան։ Դեռ մինչեւ վերջերս դպրոցին տնօրէնն էր պրն. Ալպեր Չոլաքեան։ Նորերս իմացանք սակայն, թէ զայն փոխարինած է պրն. Սապահ Իլիա։ Վերջին տուեալներով՝ դպրոցին նախակրթարանի բաժինը ունի շուրջ 35 աշակերտ, մանկապարտէզը՝ 5 երեխայ։ Մինչդեռ 2012-ին այդ թիւը 115 էր, 2014-ին` 85, իսկ 2016-ին՝ 77։ Աստիճանական յուսալքիչ նուազում մը` տարուէ-տարի…։

Իրաքի նոր Սահմանադրութեան մէջ (2005) յիշատակութիւն կայ հայոց լեզուի մասին ու անոր դասաւանդումը կը նկատուի օրինական։ Բայց ինչի՞ կը ծառայէ այդ արտօնութիւնն ու իրաւունքը՝ երբ հայ աշակերտ չկայ…։

Share66Tweet41
Previous Post

Սարգիս Նաճարեան. 22 Նոյեմբեր 1937 – 15 Յունուար 2025

Next Post

Վաղարշապատէն Դէպի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

Next Post
Վաղարշապատէն Դէպի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

Վաղարշապատէն Դէպի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.