Մայրիներու երկիրը այսօր կը տօնախմբէ իր անկախութեան բարեբաստիկ տարեդարձը: Բնականաբար, այս առիթ մըն է խորհրդածելու այն արժէքներուն շուրջ, որոնք կը յուսադրեն, կ’ոգեւորեն եւ կը խանդավառեն անոր զաւակները. շա՜տ ահ ու ցաւ տեսած ու ապրած անոր բոլոր զաւակները:
1943 Նոյեմբեր 22-ին իր ծնունդէն ի վեր, տասնամեակներու ընթացքին, Լիբանանի հաստաբուն Մայրին դիմակալեց աջէն ու ձախէն փչող քամիներու ամենադաժան սպառնալիքները: Ինչքա՜ն արտաքին ուժեր՝ անոնք ըլլան միջազգային թէ շրջանային գործօններ, սանձարձակ համարձակութեամբ բաց փորձադաշտի վերածեցին միջինարեւելեան այս փոքրամարմին երկիրը: Լիբանանի ժողովուրդը, շատ յաճախ, իր կամքէն անկախ զոհը գնաց այլոց հակամարտութեանց, ուրիշներու հաշիւներուն, օտարներու յետին շահերուն: Ափսոսանքով եւ խոր վրդովմունքով կ’անդրադառնանք այս դաժան իրողութեան՝ երբ յետահայեաց ակնարկ մը կը նետենք մեր երկրին ժամանակակից պատմութեան վրայ:
Ի ծնէ, Մայրիներու հայրենիքը ճակատագրուած էր դառնալու իր բազմաթիւ յարանուանութեանց խաղաղ եւ հանդուրժող գոյակցութեան օրինակը: Կողք-կողքի բնակող համայնքները, իւրայատուկ եւ իմաստուն կարգադրութեամբ պարտաւոր էին ապրիլ նոյն երդիքին տակ՝ սիրով, փոխյարգանքով եւ զիրար լսելու օրինակելի դրսեւորումով: Ի՜նչ հրաշալի էր բանաձեւումը: Ի՜նչ նախանձելի գիտակցութեամբ էին տոգորուած անոր բաղկացուցիչ տարրերը: Ի՜նչ հեզասահ պիտի ընթանար Լիբանանի բազմատարր ժողովուրդին կեանքը եւ ամէնուր գեղեցկօրէն պիտի ներկայանար որպէս գունագեղ խճանկար:
Սակայն, ցաւօք, ժամանակն ու յաջորդական դէպքերը եկան հիասթափեցնելու այս բարենպատակ տեսութեան հաւատաւորները: Ցաւօք, տարբեր ու հակընդդէմ շահեր ի դերեւ հանեցին այն ծրագիրը, որ կայուն եւ բարգաւաճ պիտի պահէր մեր գեղածիծաղ երկիրը. ծովահայեաց ու կանաչաւուն, արգասաբեր ու ծիծղուն փիւնիկեան այս ափը:
Անկախութեան այս պայծառ օրը, առաջին հերթին ի՞նչ պիտի փափաքէր ունենալ սովորական լիբանանցին: Ոչ միայն բանուորն ու մշակը, ուսուցիչն ու քաղաքացին, հարաւաբնակն ու հիւսիսաբնակը, իսլամն ու քրիստոնեան, հաւատացեալն ու անհաւատը, առեւտրականն ու խոնարհ մարդը, վաշխառուն ու ճնշեալը, բանակայինն ու կղերականը, այլեւ՝ հանուր լիբանանցիք, անտարակուսելիօրէն պիտի ուզէին ունենալ խաղաղութիւն, անվտանգ ու ապահով կեանք, անամպ ու բիլ երկինք: Մինչեւ ե՞րբ լիբանանցին ականատեսը պիտի ըլլայ իսրայէլեան սանձազերծ յարձակումներուն, անզսպելի հարուածներուն: Ոչ մէկ օրէնք ու կանոն յարգող Իսրայէլ կը մնայ մնայուն սպառնալիք Մայրիներու երկրին: Միւս կողմէ, մինչեւ ե՞րբ օրինական բանակին կողքին սպառազէն ուժեր պիտի գոյատեւեն՝ յոխորտալից վարքագիծով: Մինչեւ ե՞րբ այս թնճուկը պիտի շահագործեն՝ խախտելու համար երկրին կայունութիւնը: Ինչպիսի՞ անկախութիւն, երբ երկինքին մէջ թէ հողին վրայ կեանքը կը թաւալի անկայուն պայմաններով: Մտահոգիչ երեւոյթ մը՝ որ առաջնային արժէք է անկախութեան լիարժէքութեան համար:
Ասոր կողքին կը ծառանայ տնտեսական կեանքին գահավէժ ընթացքը: Խոնարհ դասակարգը կարիքն ունի օրուան հացին, կեանքի տարրական պայմաններու բարելաւման: Համեստ խաւը, ընկերային-տնտեսական առումով խոցելի դասակարգը քրտինք կը հոսեցնէ, ջիղ կը սպառէ, առողջութիւն կը կորսնցնէ իր գոյութեան ի խնդիր: Ի՞նչ նշանակութիւն ունի անկախութիւնը տնտեսապէս տկար շերտին համար, երբ կարօտ է նուազագոյն երջանկութեան: Եւ այս բոլորը, գլխաւորաբար, այն վերնախաւին պատճառով, որ իր կաշառակերութեամբ, թալանով, պետական հարստութեան իւրացումով թուլացուց երկրին տնտեսական կարողականութիւնը, ծծեց արիւնը հասարակ ժողովուրդին:
Անկախութեան այս տօնին, ի՞նչ պիտի մաղթէր շարքային քաղաքացին, եթէ ոչ՝ քաղաքական ուժերու միջեւ երկխօսութիւն, փոխհասկացողութիւն, միասնական աշխատանք, երկրին բարօրութեան համար ջանք ու ճիգ: Յոգնած են մարդիկ երկրորդական վէճերէ, ճղճիմ քաշքշուքներէ, ժամավաճառ կագ ու կռիւէ:
Այս մռայլ ամպերուն տակ մի՞թէ անկախութիւնը կ’ունենայ իր շքեղութիւնը, իր պատկառելի դիրքն ու հմայքը: Մի՞թէ բանակին կշռութաւոր տողանցքը աւելի պիտի չտպաւորէր՝ եթէ Մայրիներու երկիրը ըլլար խաղաղութեան եւ սիրոյ մէջ: Ճիշդ այստեղ է որ լիարժէք անկախութիւնը կը դառնայ հեռաւոր երազ, անմատչելի փափաք: Ուրեմն՝ սա այն տօնական առիթն է, որ երկրին բոլոր հոսանքները աշխատին մէ՛կ ու յստակ ուղղութեամբ, որ ամէնքը տեսնեն եւ ընթանան մէ՛կ նպատակի՝ ներքին իւ արտաքին խաղաղութեան: Մեծագոյն պարգեւը պիտի ըլլար այս՝ Մայրիներու երկրին համար, որ տարիներ կքած, խոնարհած եւ պարտասած է պատերազմի եւ անկայունութեան կապարի ծանրութեան տակ:
Այսօր բարեպատեհ առիթն է ողջունելու Մայրիներու անկախութեան տօնը՝ որ թոհուբոհներէ եւ ալեկոծումներէ ետք կը մնայ կանգուն՝ իր զաւակներուն նման: Բայց… անոնք կարօտն ունին խաղաղութեան:
Խաղաղութեան աղաւնին՝ իր ձիթենեաց ճիւղով, ե՞րբ պիտի սլանայ Մայրիներու ճանապարհով, իր սիրոյ եւ բարի պատգամներով:

