Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 22 Նոյեմբեր 2025

November 22, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 22 Նոյեմբեր 2025

ԱՈՒՆ. «ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն, երէկ գիշեր, Լիբանանի անկախութեան 82-ամեակին առթիւ շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց լիբանանցիներուն: Աունն ու լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ այցելեցին հարաւային Սուր քաղաքի Պենուա Պարաքաթի անուան զօրամասը, ուր տեսակցեցան Լիթանիէն հարաւ հատուածին հրամանատար զօրավար Նիքոլա Թէպէթին հետ՝ քննարկելու ապահովական զարգացումները, իսրայէլեան ոտնձգութիւնները եւ լիբանանեան բանակին գործադրած աշխատանքները: «Հարաւն ու բոլոր լիբանանցիները պաշտպանող բանակը անսասան կը մնայ իր դիրքերուն մէջ եւ կը յարգէ Լիբանանի ազգային արժանապատուութիւնը պահպանելու յանձնարութիւնը», ըսաւ նախագահը, Անկախութեան տօնին առթիւ շնորհաւորելով զինուորները:

Նախագահը Պաապտայի մէջ հիւրընկալեց մարդկային իրաւունքներու հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Քայսա Օլոնկրէնը, որուն հետ տեսակցութեան ընթացքին Լիբանանի յանձնառութիւնը յայտնեց զէնքի մենաշնորհին, միաժամանակ ողջունելով լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք եւրոպական որեւէ աջակցութիւն: Նախագահը վստահեցուց, որ լիբանանեան բանակը կը շարունակէ տեղակայուիլ Լիթանիէն հարաւ, պահանջելով որ իսրայէլեան ուժերը քաշուին սահմանի լիբանանեան բռնագրաւեալ կէտերէն:

Լիբանանեան բանակի հրամանաար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ, իր կարգին, «օրուան հրահանգ» մը ուղղեց զինուորներուն, որուն մէջ վստահեցուց, որ հրամանատարութիւնը կ’ըմբռնէ այս փուլին երկրին մէջ տիրող արտակարգ պայմանները: Ան հաւաստիացուց, որ բանակը կը շարունակէ գործադրել հարաւի մէջ տեղակայումին ծրագիրը, ինչպէս համաձայնեցուած էր քանի մը ամիս առաջ: «Բանակը միաժամանակ կը շարունակէ հետապնդել ահաբեկիչները, երկրին ապահովութիւնը վտանգողները եւ թմրանիւթերու վաճառականութեամբ զբաղողները», հաւաստիացուց զօրավար Հայքալ:

 

ՍԱԼԱՄ. «ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԻՆՔ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՈՉ ՎԱԽԻ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ անկախութեան տօնին առթիւ ուղերձ մը արտասանեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին: Ան շեշտեց, որ պետութիւնը կը կառավարուի վստահութեան ամրապնդումով, ոչ թէ վախով: «Մեր հայրենիքը կորսնցուցած է շատ հնարաւորութիւններ, սակայն տակաւին ունի վերականգնումի գործօններ:

Պէտք չէ աւելի ժամանակ կորսնցնենք, այնպէս ինչպէս ըրինք Թայէֆի համաձայնութենէն ետք եւ հարաւի մէջ լիբանանեան բանակը չտեղակայելով», ցաւով նշեց Սալամ, շեշտելով որ աւելի լաւ երկիր ունենալու համար անհրաժեշտ է բռնութիւնը վանող եւ ուրիշը ընդունող քաղաքական նոր մշակոյթ մը: Խօսելով հարաւի վիճակին մասին, Սալամ վերահաստատեց Իսրայէլի հետ բանակցելու Լիբանանի պատրաստակամութիւնը, հաւաստիացնելով որ հարաւը ապօրինի զէնքէն ապազինելու աշխատանքը կը շարունակուի ըստ նախանշուած ծրագրին:

 

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԷՆ Ի ՎԵՐ 331 ՄԱՀ ԵՒ 945 ՎԻՐԱՒՈՐ

Առողջապահութեան նախարարութեան արտակարգ գործողութիւններու կեդրոնը յայտարարեց, թէ անցեալ տարուայ պատերազմը դադրեցուցած 28 Նոյեմբերի զինադադարէն ի վեր, իսրայէլեան հարուածներուն հետեւանքով Լիբանանի մէջ մահացած է 331 մարդ, իսկ վիրաւորներուն թիւը կը հատէ 945-ի սահմանը:

ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերը մինչ այդ յայտարարեցին, թէ զինադադարի յայտարարութենէն ի վեր սահմանային կապոյտ գիծէն հիւսիս գրանցուած է աւելի քան 7500 օդային եւ 2500 ցամաքային խախտում: «Խաղաղապահները լիբանանեան բանակին հետ ամէնօրեայ աշխատանք կը տանին կանխելու լարուածութեան աճը եւ վերականգնելու կայունութիւնը», յայտարարեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ: Ըստ յայտարարութեան, հարաւի մէջ նոյն ժամանակահատուածին յայտնաբերուած է 360 զինամթերանոց, որոնք յանձնուած են լիբանանեան բանակին: Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ յանձնակատար Ժանին Հենիս-Փլասքարթ գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ զինադադարի համաձայնութեան որոշ կէտերու գործադրութեան հարցով կայ զգալի յառաջընթաց, մինչ այլ յօդուածներ ընդհանրապէս չեն գործադրուած: Ան Լիբանանի գերիշխանութեան խախտում համարեց իսրայէլեան ռազմական աշխուժութիւնը, աւելցնելով որ հասած է բանակցութեան ժամանակը: ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը շեշտեց նաեւ, որ Լիբանան պէտք չէ ձգձգումի քաղաքականութիւն վարէ զէնքի մենաշնորհի եւ Իսրայէլի հետ երկխօսութեան հարցերուն մէջ:

 

ԱՐՏԵՐԿՐԷՆ 152 ՀԱԶԱՐ ԸՆՏՐՈՂ

Լիբանանի առնչակից մարմինները կը շարունակեն սկզբունքով Մայիս 2026-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները: Արդէն անցած է ընտրութեան մասնակցիլ փափաքող եւ արտերկրի մէջ բնակողներուն առցանց գրանցումի ժամկէտը: Արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռեժժի յայտնեց, որ 151.985 մարդ անունը գրանցած է համապատասխան կայքէջին վրայ: Ներքին գործերու նախարար Ահմատ Հաժժար իր կարգին վերահաստատեց, որ ընրութիւնը պիտի կայանայ որոշուած թուականին՝ յառաջիկայ Մայիսին, արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութիւնը համարելով հիմնական:

 

ԼԻԲԱՆԱՆ-ՍՈՒՐԻԱ ՀԱՄԱԳՈՐԱԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՈՒՄ

Փոխվարչապետ Թարէք Միթրի պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուէր Դամասկոսի մէջ, ուր տեսակցեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաայի հետ՝ քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ զարգացնելու հնարաւորութիւնները՝ յանուն երկու երկիրներու շահերուն ու  զանազան ոլորտներու մէջ կայունութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդումին:

Միթրի տեսակցութիւններ ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործերու եւ արդարադատութեան նախարարներուն հետ ու քննարկեց բանտարկեալներուն եւ անհետ կորսուածներուն թղթածրարները, սահմանագծումի հարցը եւ դատական համագործակցութեան միջոցները: Որոշուեցաւ արագացնել սահմանագծումին ուղղութեամբ ընթացող աշխատանքները, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել սահմանի զոյգ կողմերու բնակչութեան իրաւունքները:

 

ՆՈՒՀ ԶԱԱՅԹԷՐ ԱՅԼԵՒՍ ԱԶԱՏ ՉԷ

Տարիներ երկարած ջանքերէ եւ բազում զոհեր մատուցելէ ետք, լիբանանեան բանակը վերջապէս ձերբակալեց Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ թմրանիւթերու արտադրութեան եւ վաճառականութեան մեծագոյն ցանցերէն մէկուն ղեկավար Նուհ Զաայթէրը:

Բանակը 20 Նոյեմբերին յայտարարեց, որ Պեքաայի հիւսիսային Պաալպէք-Քնէյսէ ճամբուն վրայ գործադրուած ապահովական դիպուկ գործողութեամբ մը հետախուզական ծառայութիւնը ձերբակալած է հարիւրաւոր յուշագրերով հետապնդուած լիբանանցի Ն. Զ.-ն, որ թմրանիւթերու արտադրութեան ու վաճառականութեան կողքին կ’ամբաստանուի նաեւ զէնքերու վաճառականութեան, զէնքի ուժով գողութիւններու, լիբանանեան բանակին եւ քաղաքացիներու բնակարաններուն վրայ կրակ բանալու, փրկագինի դիմաց մարդ առեւանգելու եւ այլ յանցանքներով: Ձերբակալուած Զաայթէր յանձնուած է դատական առնչակից մարմիններուն՝ հետաքննութիւնը շարունակելու համար:

 

ԼԻԲԱՆԱՆ՝ ՁԻԹԱՊՏՈՒՂԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀ

Լիբանանի Երկրագործութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ, Երկրագործական արդիւնաբերութիւններու գրասենեակի նախագահ Մարիամ Իտ մասնակցեցաւ Ձիթապտուղի միջազգային խորհուրդի 122-րդ նիստին, որ տեղի ունեցաւ Սպանիոյ Քորթոպա քաղաքին մէջ, մասնակցութեամբ 21 պետութիւններու՝ ներառեալ Եւրոպական միութեան պատուիրակութիւնը, արաբական 9 պետութիւններ, Իրանի եւ լատինամերիկեան շարք մը երկիրներ:

Ժողովին ընթացքին Մարոք ընտրուեցաւ Խորհուրդի 2026-ի նախագահը, իսկ Լիբանան դարձաւ փոխնախագահ՝ նախապատրաստուելով 2027-ին առաջադրուելու նախագահի պաշտօնին: Ժողովականները քննարկեցին ձիթապտուղի ոլորտին վերաբերող համաշխարհային մարտահրաւէրները, չափանիշերու բարելաւումը եւ այս ոլորտին մէջ աշխատողներուն համապատասխան մասնագիտական վերապատրաստումը: Նշենք, որ Ձիթապտուղի միջազգային խորհուրդը կազմուած է 1956 թուականին, իսկ Լիբանան անոր անդամակցած է 1973-ին:

 

ՀԱՅԵՐ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

Փոխադարձ այցելութեամբ, Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ Պորիս Նաւասարդեան, Արեգ Քոչինեան, Նարեկ Մինասեան, Սամուէլ Մելիքսէթեան եւ Նայիրա Սուլթանեան ժամանեցին Պաքու, ուր հանդիպումներ կ’ունենան Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ, որոնք 22 Հոկտեմբերին այցելած էին Երեւան:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս ծիրին մէջ յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան առումով շատ կարեւոր է երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ վստահութեան փոխադարձ մթնոլորտի ձեւաւորումը: Սահմանային Կիրանց գիւղ այցելած ատեն նախագահը շեշտեց, որ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը ընդամէնը ժամանակի հարց է: «Մենք, քաղաքական պատասխանատուներս, պէտք է ապահովենք քաղաքական հոլովոյթը եւ իրաւական ձեւակերպումները, որպէսզի վստահութեան եւ խաղաղութեան իրավիճակ ունենանք», ըսաւ նախագահը:

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՆԻՇԸ

Հայաստանի ներքին գործերու նախարար Արփինէ Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ սպանութիւնները յանցագործութեան ընդհանուր կառուցուածքին մէջ կը կազմեն 0,2 տոկոս: Այս առումով կը շարունակեն գերակշռել կենցաղային բնոյթի սպանութիւնները, որոնք վերջին տարիներուն վտանգաւոր եւ կտրուկ աճի միտում չունին: Ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, Հայաստանի մէջ հարիւր հազար բնակչութեան հաշուով սպանութիւններուն միջին ցուցանիշը 2021-ին եղած է 2, 2022-ին՝ 1,9, 2023-ին՝ 1,8, իսկ 2024-ին՝ 2: Նշենք, որ հարիւր հազար մարդու հաշուով սպանութիւններուն միջազգային ցուցանիշը 5,8 է:

 

Share64Tweet40
Previous Post

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն AYP to ZED արուեստի ակադեմիայի

Next Post

Խմբագրական. Խաղաղութեան Կարօտ Մայրիները

Next Post
Խմբագրական. Խաղաղութեան Կարօտ Մայրիները

Խմբագրական. Խաղաղութեան Կարօտ Մայրիները

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.