AYP to ZED արուեստի ակադեմիան այս տարի հպարտութեամբ կը նշէ իր 20-ամեակը հաւաքական ցուցահանդէսով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 20 տարիներու ընթացքին աւարտած 89 շրջանաւարտներէն 46-ը՝ 83 գեղանկարներով: Հաւաքական այս ցուցահանդէսը արգասիքն է 20 տարիներու ստեղծագործական նուիրուածութեան, յարատեւութեան եւ լուրջ աշխատանքի: 2005-ին, քոյր եւ եղբայր՝ Մարալ եւ Ժիրայր Փանոսեանները, որոնք գեղանկարիչներ եւ մանկավարժներ են, հիմնեցին AYP to ZED արուեստի ակադեմիան:
Երկար տարիներ, ակադեմիան էական դեր ունեցաւ արուեստով հետաքրքրուած սերունդներուն մօտ՝ ըլլան անոնք երեխաներ, երիտասարդներ թէ տարեցներ, որոնք ոչ միայն ստացան ակադեմական պատրաստութիւն, այլ՝ արուեստի արհեստագիտական գիտելիքներ, ինչպէս նաեւ իրենք զիրենք արտայայտելու լայն հնարաւորութիւններ: Յառաջիկայ այս ցուցահանդէսին մէջ պիտի ներկայացուին 46 շրջանաւարտներու գործեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի ցուցադրէ երկու ստեղծագործութիւն՝ երկու տարբեր թեմաներու շուրջ:
Մարալ Փանոսեանի ընտրած թեմաներէն առաջինը արուեստագէտները կը մղէ խորապէս անդրադառնալու կանանց ստանձնած շինիչ աշխատանքներուն, իրագործումներուն եւ դաստիարակչական մարզին մէջ իրենց ունեցած բացառիկ դերերուն, ինչպէս նաեւ` կանացի իրաւունքներուն: Երկրորդ թեման սիրոյ բազմազան դրսեւորումն է, ինչպէս՝ ռոմանթիկ, ընկերային, նաեւ սէր հայրենիքի, ծնողաց, ընտանիքի, արդարութեան, բնութեան եւ այլն: Բոլոր աշխատանքները կը ներկայացնեն անձնական վերլուծումներ, որոնք կը դառնան ներշնչող:
Ժիրայր Փանոսեանի առաջադրած նիւթերը ներշնչուած են բանաստեղծութիւններէ, նաեւ՝ երաժշտական ու արուեստի այլ ստեղծագործութիւններէ: Ժիրայրին երկրորդ թեման արուեստագէտները կը հրաւիրէ երեւակայելու եւ ըստ այնմ ներկայացնելու իրենց ապագայ արուեստանոցը, կամ՝ ծաղիկներու գեղեցիկ համադրում մը իրենց պատկերացումով: Այս հաւաքական ցուցահանդէսը կը ներկայանայ իբրեւ յարգանքի տուրք՝ ակադեմիային փոխանցած հարուստ ժառանգութեան, հաստատելով անոր բեղուն դերակատարութիւնը որպէս արուեստի կեդրոն, որ երկու տասնամեակներէ ի վեր կը ծաղկի գեղեցիկ ստեղծագործութիւններով: Կը հրաւիրենք ձեզ միանալու այս բացառիկ տօնակատարութեան, ուր արուեստը եւ հմտութիւնները կը միաձուլուին:
Ցուցահանդէսի օրեր.
- Բացման հանդիսութիւն՝ Հինգշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2025:
- Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ Կիրակի, 23 Նոյեմբեր 2025:
- Ցուցահանդէսի վայր՝ Espace Dadour, Galerie D‘art, Ժալ էլ Տիպ:

