Հ.- Երկու տասնամեակ առաջ հիմնադրեցիք «AYP to ZED» ակադեմիան։ Երբ այսօր կը նայիք այդ ճանապարհին, ի՞նչ զգացում կը յառաջանայ աւելի՝ յոգնութեա՞ն, թէ՞ բաւարարութեան։
Մարալ – Երկու տասնամեակէ ետք մեր աքատեմիին ճանապարհը կը դիտեմ յոգնութեան եւ բաւարարութեան խառնուրդով՝ մօտ 20% յոգնութիւն, 80% խոր բաւարարում։ Սկիզբը դժուար էր, ստեղծեցինք մեր սեփական մեթոտը, որուն վրայ պիտի հաստատուէր ամբողջ աւանդոյթը։ Ժամանակը մեզի սորվեցուց ճիշդ ընթացքը եւ այսօր արդիւնքները շօշափելի են։ Առաջին օրէն ստեղծեցինք թեթեւ, ուրախ ու ստեղծագործական մթնոլորտ, պէտք է բոլորը շատ հանգիստ զգան, որովհետեւ մէկը պրկուած վիճակի մէջ արուեստով չի կրնար զբաղիլ: Միշտ երաժշտութիւնը ներկայ է աշխատանքի ընթացքին եւ այդ հաճելի մթնոլորտին մէջ իսկապէս շօշափելի արդիւնք կը ստանանք կրթական հասկացողութեամբ: Նոյն ոճով կը շարունակենք արդէն 15 տարիէ եւ աշխատանքը օրէ-օր աւելի խօսուն ու արդիւնաւէտ կը դառնայ։ Ես միշտ զգացած եմ որ իսկապէս օրհնուած եմ: Աստուած տուած է այնպիսի հնարաւորութիւն որ ասպարէզս ե՛ւ իմ նախասիրածս ըլլան միեւնոյն ատեն հասոյթի աղբիւր: Օրհնուած կը զգամ, քանի որ այդ շատ սիրած բանս, կեանքի ամենագեղեցիկ իրականութիւնն է, արուեստ, որ բարիի, գեղեցիկի, ճշմարիտի, եւ ազնիւի ճանապարհն է, որ մեզի կը հասցնէ ամբողջական իրականութեան, նոյնիսկ կը հասցնէ Աստուծոյ:
Ժիրայր – Մեր յոգնութիւնը ուրախ յոգնութիւն է, կը տեսնենք արդիւնք, կը փոխանցենք մեր գիտելիքները նոր սերունդներու եւ աշակերտներու, այդ գոհունակութիւնը մեզ կը վերակենդանացնէ։ Շաբաթը չորս օր անոնց հետ կ’ապրինք եւ ցուցահանդէս կը կազմակերպենք: Ուրախ ենք, որ կը յոգնինք։
Հ.- Յուսախաբութեան շրջան ունեցա՞ք յատկապէս հիմնադրման առաջին տարիներուն:
Ժիրայր եւ Մարալ – Սկիզբը յուսախաբութիւն գրեթէ չունեցանք, դժուարութիւններ եղան, բայց՝ աննշան։ Միւս կողմէ ալ չէինք սպասեր, որ աքատեմին այսքան արագ պիտի տարածուէր։ Մեր նպատակն էր երեք տարուան մէջ հասնիլ 40 աշակերտի, եւ այդ պարագային մեզ յաջողած պիտի համարէինք։ Բայց առաջին ամիսը ունեցանք 37 աշակերտ, երկրորդը՝ 90, իսկ չորրորդը՝ արդէն 150 եւ waiting list։ Տարի մը ետք թիւը հասաւ 217-ի։ Այդ անսպասելի աճը մեր ամբողջ առօրեան դարձուց աքատեմին եւ միակ ասպարէզը՝ առանց այլ եկամուտի կարիքի։
Այս թիւը գրեթէ կայուն մնաց մինչեւ այսօր, աւելի թիւ չենք կրնար ընդունիլ որպէսզի բոլորին հետ առանձին-առանձին կարենանք զբաղիլ: Առաջին տարուան այդ հսկայական արձագանգը մեզ խանդավառեց՝ աւելի լուրջ, աւելի կազմակերպուած եւ աւելի նուիրուած ընթացքով շարունակելու համար։
Հ.- Այս 20 տարիներուն ընթացքին ձեր ակադեմիան վերածուեցաւ արուեստի իսկական ընտանիքի։ Ի՞նչն էր այն հիմնական պատճառը, որ իրեն տուաւ այսքան երկար ու պտղաբեր շունչ։
Ժիրայր – Մարալը եւ ես երկուքս ալ միեւնոյն բանին կը հաւատանք: Երբ Մարալը աքատեմիին յառաջդիմութեան համար առաջարկ մը տայ ես անմիջապէս կը համաձայնիմ եւ հակառակն ալ ճիշդ է, որովհետեւ մենք կը մտածենք բարելաւման մասին: Այդ պատճառով աշակերտութեան թիւը պահեցինք կայուն, որակը մեզի համար առաջնահերթ է։ Մեզի շատ օգնեց նաեւ մեր ծնողներէն ստացած արուեստի հանդէպ սէրը, ինչպէս նաեւ մեր ուսուցիչներէն ստացած փորձառութիւնը:
Մարալ – Մեր յաջողութեան պատճառներուն մէկը այն է, որ որոշումները արագ եւ ինքնուրոյն կը կայացնենք։ Չկան երկար վարչական ընթացքներ, հաշուետու չենք ոեւէ մէկուն: Ինչ որ կը մտածենք, անմիջապէս կը ծրագրէնք ու կը գործադրենք։ Անոր կ’աւելնայ նաեւ ծնողներու աջակցութիւնը՝ երեխաները դուրս բերելու համար արհեստագիտական խաղերէն ու տանելու խաղաղ, ստեղծագործ միջավայր։ Իսկ մեծերու պարագային, այսինքն 18 տարեկանէն վեր, արուեստի հանդէպ հետաքրքրութիւնը շատ մեծ է: Ես ու Ժիրօն կը խոնարհինք Լիբանանի ժողովուրդին առջեւ՝ արուեստի հանդէպ իրենց ունեցած այս լուրջ եւ մեծ սիրոյն համար: Մենք չէինք պատկերացներ այս մեծ սէրը հանդէպ նկարչութեան եւ հաւանաբար այլ մարզերու մէջ նաեւ՝ երաժշտութեան եւ պարի, թատրոնի եւ այլն: Խօսքս չի վերաբերիր միայն հայկական հասկացողութեան, այլ ընդհանուր է: Երբ կ’ըսեմ լիբանանցի, մենք բաւական մեծ թիւով ոչ-հայ աշակերտներ ունինք: Իրենք մեզ խանդավառեցին, իրենց խանդավառութեամբ մենք խանդավառուեցանք, նորութիւններ մտցուցինք եւ այդպիսով բարգաւաճեցաւ եւ հասաանք լաւ արդիւնքի:
Հ.- Ցուցահանդէսին մասնակցող 46 արուեստագէտները կը ներկայացնեն տարբեր սերունդներ ու մտածողութիւններ։ Ինչպէ՞ս կը բնորոշէք այս բազմազանութեան ընդհանուր ոգին:
Մարալ – Ես օրինակով մը պիտի պատասխանեմ: Մեր մօտ աշակերտեց տիկին Սարար Մաալուֆը, Հայկազեան համալսարանի հոգեբանութեան բաժնի երկարամեայ տնօրէնուհին, որ 60-ը անց տարիքիվ չորս տարի շարունակ կու գար իր բարեկամուհիին՝ տիկին Էլսա Մաքլարտիի հետ, որ նոյնպէս ուսուցչուհի էր Հայկազեանէն ներս: Կը նստէր դասարանին մէջ 18-20 տարեկան պատանիներու հետ։ Ան ինծի կը հարցնէր՝ ինչպէ՞ս հնարաւոր է, որ երկու սերունդներ միասին երեք ժամ կ’ուսանին եւ երկուքն ալ նոյնքան հանգիստ ու ուրախ կը զգան։ «Եթէ մենք ուրախ ըլլանք, կ’ըսէր, իրենք պէտք չէ այս մթնոլորտը սիրեն: Եթէ իրենք ուրախ ըլլան՝ մենք պէտք չէ հանգիստ զգանք»: Տիկինը համոզուած էր, որ գաղտնիքը մեր՝ քոյր-եղբօր ցուցաբերած վերաբերմունքին մէջն է։
Արուեստը տարիք չի ճանչնար: Մենք իւրաքանչիւրին ամբողջ հանգիստը կու տանք, որ իւրաքանչիւրը իր տարիքին, իր խառնուածքին, իր մտածելակերպին նկատմամբ իր արտայատութիւնը տայ: Պատանիներն ու երիտասարդները ազատօրէն կ’արտայայտեն իրենց աշխարհը, նոյն ատեն իրենց քով նստած 60 տարեկան աշակերուհիին ալ՝ ի՛ր ներաշխարհը արտայայտելու:
Ժիրայր – Ունինք 17 տարեկանէն մինչեւ 20-22 տարեկան խումբ մը: Իսկ միւս խումբն ալ 40-էն վեր են եւ ընդհանրապէս իգական սեռի պատկանող, հոն կան նաեւ քանի մը տղամարդ: Տարիքային տարբերութիւնը պիտի զգացուի, ցուցահանդէսի եկողը պիտի նշմարէ ատիկա: Օրինակ, նիւթերէն մէկը երգ մը տեսողականի վերածելն էր: Տարեցներէն մին Ֆէյրուզը ընտրեց, իսկ երիտասարդ աշակերտ մը՝ Թէյլըր Սուիֆթը: Երկուքն ալ լսողականէ տեսողական կրցան դարձնել, սակայն ամէն մէկը իր ժամանակի նախասիրութեամբ: Մեծահասակ տիկիններէն Սարեանի մասին համադրում մը կատարեցին, իսկ աւելի երիտասարդուհի մը վերջերս Ֆրանսա գացած եւ Գլոտ Մոնէի աթելիէն դիտած էր եւ այդ նկարեց: Մօտեցումը նոյնն է, սակայն ամէն մէկուն ըմբռնումը տարբեր է եւ վերջաւորութեան, սակայն, նոյն տեղը կը միանան:
Հ.- Վերջին քսան տարիներուն ի՞նչ փոփոխութիւններ տեսաք երիտասարդ սերունդին մօտ արուեստի ընկալման մէջ։
Մարալ – Արդէն 42 տարի է, որ պատանիներու հետ կը գործեմ եւ այս տարիներուն անոնք մնացին զգացումի, երեւակայութեան եւ ստեղծագործական ներուժի հանք։ Երբ ճիշտ նիւթ ու մղում տաս, պատանին անմիջապէս աշխարհ մը կը բանայ քու առջեւդ, երբեմն այնպիսի սահմաններու կը հասնին, որ մեզ իսկ կը զարմացնեն։ Այդ պատճառով չեմ ընդունիր այն կարծիքը, թէ այսօրուայ սերունդը անտարբեր է: Պատանին նման է ծծումբի՝ որքան տաս ինք շատ աւելին կու տայ քեզի: Միշտ եղած են լեցուն, միշտ եղած են զարմացնող, պատրաստակամ՝ բանալու նոր հորիզոններ, նոր մտածելակերպ, յանդգնութիւն, քաջութիւն, ստեղծագործական ոգի: Իրենց կը նմանցնեմ այն ձիերուն, որոնք բացարցակապէս չես կրնար սանձել: Արուեստի մէջ այդպէս տղաք եւ աղջիկներ ունինք, որ մենք նիւթը կ’առաջարկենք եւ մեր տուած նիւթիով մենք կը շշմինք, թէ կարելի՞ էր այս նիւթով այդքան տեղ հասնիլ: Տիեզերքէն անդին պատկերացումներ կ’ընեն երբեմն, որ մեզ կը շշմեցնեն: Ատոր համար կ’ըսեմ ես բացարձակապէս չեմ ծերանար եւ պիտի չծերանամ, ես շատ երիտասարդ պիտի մահանամ, որովհետեւ ամբողջ կեանքս սանձարձակ ներաշխարհով պատանիներու հոգիներուն հետ է: Կարեւորը ինչպէ՞ս կրնաս բանալ զիրենք: Ուսուցիչը միշտ բանալին է, այդ դուռը մէյ մը որ բացիր՝ ինք ազատ պիտի թռչի այդ դուռէն դուրս, կարեւորը այդ կախարդական բանալու կերպը պէտք է գիտնալ: Մեր աքատեմիէն ներս այդ ներաշխարհներու դռներու բանալիները ունինք, մանաւանդ պատանիներու եւ երիտասարդներու մօտ:
Տիկիններուն քով ալ շատ լաւ ստեղծագործական աշխատանքներ ունինք, սակայն կեանքի հասունութեան մէջ որ մտած են, դարձած են աւելի հաւասարակշիռ, աւելի քաղաքական մօտեցումով: Երիտասարդը ատիկա չունի, երիտասարդին առջեւ դաշտը բաց է, երիտասարդը սանձարձակ ձիու պէս պիտի վազէ նոյնիսկ եթէ տեղ մը պիտի զարնուի: Ինք պիտի վազէ՛: Սակայն հասուն կինը զգոյշ է, գիտէ որ եթէ վազէ կրնայ զարնուիլ, անոր համար ետքայլ կ’ընէ: Սակայն պատանին եւ երիտասարդը բացառիկ որոշում կայացնող՝ ե՛ւ ճշդող ե՛ւ քայլող: Մենք այդպիսի խենթերու պէտք ունինք:
Ժիրայր – Լիբանանը յոյժ թերի է մշակութային ենթակառոյցներով։ Չունինք թանգարաններ, պատկերասրահներ, հանրային պարտէզներ, ուր կարելի է աշակերտը տանիլ ու ստեղծել իրական կապ արուեստի հետ։ Երկրին պայմանները չեն օգներ, որ անոնք աւելի զարգանան: Մեր այս ցուցահանդէսին մեծ մասը թերեւս աշակերտին երկրորդ ցուցահանդէսն է՝ շրջանաւարտ հանդէսէն ետք: Հեռաւոր անկիւնները գտնուող «կալերիներ»ն ալ կը ցուցադրեն այնպիսի գործեր, որ ժողովուրդէն շատ հեռու է: Փաստօրէն մեր ըրած գործը ձեւով մը այդ բացը գոցելն է նաեւ:
Հ.- Ցուցահանդէսը կարծես երկխօսութիւն մըն է եղբօր եւ քրոջ միջեւ։ Ինչպէ՞ս կը գտնէք այդ համատեղ ստեղծագործական ներդաշնակութիւնը։
Ժիրայր – Ցուցահանդէսին մասնակիցները երկուական աշխատանքով կը ներկայացնեն վերջին երկու տարուան ստեղծագործութիւնները՝ մէկը Մարալին հետ մշակուած, միւսը՝ իմ։ Իմ առաջադրած նիւթերէն էին՝ արուեստագէտի կերպարը (նկարչի, երաժիշտի կամ գրողի) եւ գոյութիւն ունեցող արուեստի գործ մը. օրինակ՝ գիրքի մը կողքը կամ պար մը տեսողական լեզուի փոխադրելը։ Ոգեւորիչ եղաւ երրորդ ընտրանքը՝ իրենց ապագայ աշխատանոցը պատկերացնելը։ Արժէ ընդգծել, որ մեր ցուցահանդէսներուն այցելուները միշտ կը զարմանան, որ աշակերտներէն ոչ մէկը կը նմանի մեզի կամ իրարու: Իւրաքանչիւրը ունի իր ոճը, որովհետեւ ամէնուն հետ առանձնայատուկ աշխատանք տարուած է։
Մարալ – Եւ այդ աշխատանքին մէջ կը փորձենք պահել ամէն մէկուն ինքնուրոյնութունը: Ոչ թէ միայն մեզի պէտք չէ նմանին, նաեւ իրենք իրարու պէտք չէ նմանին, որովհետեւ ստեղծագործութիւնը շատ անձնական է, մէկը միւսին ըսելիքը բացարձակապէս չի կրնար ըսել: Մէկը միւսին զգացածը չի կրնար զգալ: Այնպէս որ եթէ գործին մէջ այդ ինքնուրոյնութիւնը չերեւի, կը նշանակէ մենք ձախողած ենք արդէն: Եթէ տեսնենք, որ կրկնութիւն կայ, կը նշանակէ մենք ձախողած ենք: Մեր աշակերտները մեզի համար թիւ չեն: Անոնցմէ ամէն մէկը իր էութեամբ խառնուածք մըն է, որուն մասին մենք կը քննարկենք: Շատ հետաքրքրական բան մը պիտի յիշեմ հոս, անցեալ նոր տարուան Ծնունդի գիշերը հրաւիրուած էինք մեր հարազատներուն մօտ: Կէս գիշերէն ետք՝ ժամը 1:30-ին վերադարձանք եւ մինչեւ առտուայ 3:30-4:00-ը Ժիրօն եւ ես զրուցեցինք եւ անդրադարձանք որ ամբողջ նիւթերնիս աշակերտները կամ աքատեմին է: Աքատեմին մեզի համար հաճելի թեմա է, եւ ոչ թէ 20 տարի նոյն բանը կ’ընենք՝ զզուեցանք կամ ձեւ մը կը փնտռենք անկէ դուրս գալու: Մեր առօրեան է, մեր կեանքն է, անոր համար մեր երկխօսութիւնները աքատեմիի զարգացման համար միշտ գոյութիւն ունի, հակառակ անոր, որ Ժիրոյին ստեղծագործական աշխարհը, նիւթերը եւ ոճը բնաւ կապ չունին իմ ստեղծագործական աշխարհիս ոճին, նիւթերուն եւ ուղիին հետ: Մեր փոքր տարիքէն մինչեւ այսօր ամէն մէկս տարբեր խառնուածքի տէր ենք, բայց ամէն մէկս իր աշխարհն ու իր ուղին ունեցած է: Պէտք է անպայման իրար նմանող անձեր չըլլանք, որ կարենանք իրար հետ ներդաշնակուիլ եւ գործ մը մէջտեղ բերել, ընդհակառակը՝ կրնանք զիրար լրացնել, եւ մեր պարագային կարծէք այդ եղաւ, որ կրցանք նոյն աշխատանքը ընել, մէկս միւսին բնաւ չխանգարել, եւ ամէն մէկս մէկ ուղութեամբ տանիլ աշակերտը, եւ աշակերտը վերջաւորութեան հոն է որ պիտի որոշէ ուր կը կենայ: Կարեւորը վերջաւորութեան ինքզինք պիտի գտնէ:
Հ.- Կը հաւատա՞ք, որ այսօրուան դժուար ու արագընթաց աշխարհին մէջ արուեստը դեռ կրնայ հոգեւոր ապաստարան դառնալ։ Ի՞նչ պատասխան ունի «AYP to ZED»ը այս ժամանակակից սուր պահանջին։
Մարալ – Արուեստը միշտ եղած է եւ պիտի մնայ մարդկային հոգիի ապաստարանը։ Այսօրուան արագ, յաճախ նաեւ ժխտականութիւններով լեցուն աշխարհին մէջ այն միակ տարածքն է, ուր մարդը տակաւին կրնայ ինքզինք մաքուր ու հանգիստ զգալ։ Ճիշդ է, ժամանակակից շարժումները երբեմն խաթարած կամ աղաւաղած են արուեստի պատկերացումը, բայց ով իր կեանքին մէջ իսկապես ներգրաւած է արուեստը, անոր մէջ կը գտնէ հոգեկան հաւասարակշռութիւն ու խաղաղութիւն։ Եթէ այս դրական ուժը գոյութիւն չունենար, աշխարհի ներդաշնակութիւնն ու համաչափութիւնը վաղուց կորսուած կ’ըլլար։
Ժիրայր – Կարգ մը տիկիններ, որոնք կ’աշակերտեն մեր քով, իրենց հարազատները՝ նոյնիսկ զաւակները կ’արձանագրեն որ գան ու փոխուին: Իրենց իսկ վկայութեամբ կ’ըսեն, որ տեսակ մը therapy (բուժում) է: Ոմանք կու գան զարգացնելու իրենց նկարչական ձիրքերը: Սակայն այս պարագային սխալ պիտի ըլլար անոնց արգիլել եւ ըսել՝ մի՛ գծեր քանի որ արուեստը ունի իր օրինաչափութիւնները եւ այլն: Վերջին հինգ տարիներուն Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած բացասական անցուդարձերը ստեղծեցին diagonal (անկիւնային) գիծեր: Եւ այս գիծերը ստեղծեցին սուր անկիւններ: Եւ մեր հոգեկան այս սուր անկիւններուն պատճառով միշտ ջղային ենք, անհամբեր ենք, չենք բաւարարուիր եւ այլն: Երբ կը գծեն, այդ 3 ժամը որ կու գան նկարչութիւն կ’ընեն, այդ սուր անկիւնները կը դառնան կոր, կը յղկուին եւ ամբողջ իրենց հանգիստը կը վերագտնեն ու տարբեր, թարմացած մթնոլորտով կը մեկնին աքատեմիէն:
Հ.- Եթէ այս 20-ամեայ ուղին մէկ նախադասութեամբ պիտի բնորոշէիք, ի՞նչ կ’ըսէիք ձեր աշակերտներուն ու ապագայ արուեստագէտներուն։
Մարալ – Նպատակի կամ յաջողութեան հասնելու միակ ձեւը յարատեւելն է: Կեանքի մէջ շատ խոչընդոտներ կան: Երբեմն նիւթական, երբեմն ապահովական եւ այլն: Այդ խոչընդոտները յաղթահարել պէտք է: Եւ եթէ կեանքին մէջ իսկապէս կը սիրես, պէտք է յետապնդես եւ յարատեւես: Ոչինչ կրնայ տեղ հասնիլ եթէ մեծ սիրով կամ կապուածութեամբ չյարատեւես: Միայն յարատեւելն է որ մէկը կը հասցնէ հոն՝ ուր որ պէտք է հասնի իր լրումին եւ ամբողջական յաջողութեան: Եւ չընկրկիլ: Կեանքի պայմանները երբեմն չեն օգներ: Դուն քեզի պիտի օգնես: Այնպէս որ 20 տարին եթէ վերնագրի մը տակ պիտի դնենք՝ մեծ սէր եւ յարատեւութիւն:
Ժիրայր – Ես հետեւեալը կ’ըսեմ դիմացինիս: Մտածէ՛ քանի որ կեանքը լեցուն է: Միեւնոյն ատեն կեանքը դժուար է: Պէտք է դիմացինը լսել գիտնալ: Մարդիկ կան որ անընդհատ կը խօսին, մտիկ չեն ըներ: Կեանքը հեւք մըն է եւ պէտք է օրուան ընթացքին այդ հեւքին մասին մտածելու ժամանակ գտնել:
Հ.- Ի՞նչ չափանիշերով ընտրուեցան ցուցադրուող 83 կտաւները:
Մարալ – Ցուցադրուող 83 կտաւները ընտրուեցան ոչ թէ նիշերով կամ մրցութային չափանիշերով, այլ մասնակցութեան ու յանձնառութեան հիմքով։ Մեր 89 շրջանաւարտներէն շուրջ 65-70 հոգի՝ անոնք որ մեզի հետ մնայուն կապի մէջ մնացին, հրաւիրուեցան: Անոնցմէ 46-ը ընդառաջեցին, պատրասուեցան ու երկու տարուան ընթացքին ստեղծեցին իրենց երկուական գործերը։ Մենք բոլորը ներառեցինք՝ առանց մակարդակային զտման: Մեզի համար համեստ աշխատանքներն ալ նոյնքան արժէքաւոր են, որովհետեւ գիտենք ստեղծողին կեանքի պայմանները ու պայքարը։ Այս ցուցահանդէսին մէջ պիտի երեւին ե՛ւ ուժեղ, ե՛ւ աւելի պարզ գործեր, բայց բոլորը անկեղծ ստեղծագործական քայլեր են։ Վաճառքի պարագային ալ ամբողջ հասոյթը կը մնայ հեղինակներու որոշումին: Մենք չմիջամտեցինք, ուղղակի խորհրդատուի դերով կ’ուղղենք գիներու սահմանումը։
Հ.- Մէկ նախադասութեամբ ինչպէ՞ս կ’արտայայտէք այս հաւաքական ցուցահանդէսին գաղափարական էութիւնը։
Ժիրայր – Այս ցուցահանդէսը վերջին երկու տարուայ պատահարներուն՝ Լիբանանի եւ շրջանային անմարդկային իրադարձութիւններուն դէմ ընդվզում մըն է: Աշակերտական նկարչականէն դուրս բան մըն է: Նախկին ցուցահանդէսներէն կը տարբերի իր համարձակութեամբ: Մենք շրջանաւարտներուն լրիւ ազատութիւն տուինք որ աւելի պատկերաւոր դուրս գան իրենց գործերը:
Մարալ – Այս ցուցահանդէսը չորս տարուան ուսումնական ծրագրի աւարտական ու դասական ցուցադրութիւնը չէ: Այս անգամ ներկայացուած են ամբողջովին ազատ, բաց եւ ընդարձակ թեմաներ։ Իմ կողմէ առաջարկուած երկու հիմնական առանցքները՝ «Կինը» եւ «Սէրը», իրենց մէջ կը պարունակեն բազմաշերտ աշխարհ մը։
Կինը՝ իր բազմաթիւ դերերով, իրագործումներով ու ուժերով, նաեւ միշտ լսուած՝ իրաւունքներու պահանջքով։ Իսկ սէրը՝ իր բազմերանգ դրսեւորումներով՝ զոյգերու մէջ, ընտանիքին ու ծնողքին հանդէպ, հայրենիքին, բնութեան, ընկերային կեանքի եւ աւանդութիւններու նկատմամբ։
Հ.- Իբրեւ եզրափակիչ պատգամ, ի՞նչ կը ցանկաք յղել մեր ընթերցողներուն։
Մարալ – Մեր աքատեմիի առանձնայատկութիւնը այն է, որ կը ջանանք աշակերտին բնատուր ինքնուրոյնութիւնը պահպանել ու զարգացնել։ Ասիկա այսօրուան կրթական հոսանքներուն մէջ իսկական արժէք մըն է։ Անձնապէս խորունկ երախտագիտութեան զգացում ունիմ այս յոբելենական օրուան առիթով։ Շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ արժանացուց մեզի աքատեմիին 20-ամեակը տօնելու բերկրանքին։ Շնորհակալ եմ նաեւ ձեզի այս ընդարձակ ու սիրալիր հարցազրոյցին համար, ինչպէս նաեւ «Արարատ» օրաթերթին՝ մեր աշխատանքին հանդէպ ցուցաբերած ուշադրութեան եւ աջակցութեան համար։
Ժիրայր – Խօսքս կը փոխանցեմ նախ մեր ընթերցողներուն։ Շատ անգամ կը լսեմ մարդիկ, որոնք կը ցանկան ցուցահանդէսներու երթալ, բայց կը տատանին՝ չգիտնալով ինչպէս սկսիլ կամ ուր երթալ։ Կ’ուզեմ առաջնորդել, եթե առիթը ունին՝ թող այս ցուցահանդէսը ըլլայ իրենց առաջին կայանը։ Շատերը կը նշեն, թէ «չենք հասկնար»։ Թերեւս առաջին այցելութենէն յետոյ այդպէս թուի։ Բայց երբ երկրորդ տարին դարձեալ գան ու համեմատեն նախորդ գործերը նորերուն հետ, արդէն կը սկսին տեսնել զարգացումը, լեզուն, տարբերութիւնը։ Երրորդ այցելութենէն ետք ինքնաբերաբար փորձառութիւնը կուտակուած կ’ըլլայ։ Ճշմարիտ գնահատումը կարելի է միայն դիտումով։ Շատ կարեւոր է որ ցուցահանդէս դիտեն, քանի որ հեռուստացոյցէն կամ ընկերային ցանցերէն ցուցադրուածները աղէտալի են:
Յատուկ շնորհակալութիւն ձեզի եւ «Արարատ»-ի ամբողջ անձնակազմին։ Ձեզի ծանօթ է արդէն՝ ես ու հայրս միշտ «Արարատ» կը կարդայինք, եւ այն մեր տան մշտական ներկայութիւնն էր։ Ուստի ի սրտէ կը մաղթեմ նոր յաջողութիւններ ու անխափան շարունակութիւն «Արարատ»-ին»։

