ՍԱԼԱՄ. «ՆԵՐԴՐՈՒՄ ՉԿԱՅ ԱՌԱՆՑ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ»
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ զգուշացուց, թէ օտարերկրեայ ներդրումները Լիբանան պիտի չվերադառնան առանց անվտանգութեան ամրապնդումին: «Այդ նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է պետութեան տիրապետութիւնը հաստատել երկրի ամբողջ տարածքին», շեշտեց վարչապետը:

Խօսելով ներքին ելեւմտական թղթածրարներուն մասին, վարչապետը վստահեցուց, որ աւանդատէրերը ժամանակի ընթացքին պիտի ստանան իրենց դրամատնային աւանդները, իսկ անոնք, որոնց հարստութիւնը կուտակուած է ապօրինի միջոցներով, պէտք է հաշուեյարդարի ենթարկուին եւ բանտ մտնեն: Վարչապետը ընդունեց բանտէն վերջերս ազատ արձակուած Հանիպալ Քազզաֆին ու դատապարտելով անոր հետ պատահած ապօրինութիւնը, շեշտեց թափանցիկ հետաքննութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
ԱՅՆ ՀԸԼՈՒԷԻ ՄԷՋ ԾԱՆՐ ՀԱՐՈՒԱԾ
Համասին պատկանող մարզումի համալիր մը հարուածելու խորագրին տակ, իսրայէլեան օդուժը նախանցեալ գիշեր դաշտ մը թիրախաւորեց Սայտայի մօտակայ պաղեստինեան Այն Հըլուէ գաղթակայանին մէջ: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ հարուածը պատճառած է առնուազն 13 մահ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ, իսկ Համաս պնդեց, որ զինուորական որեւէ գործունէութիւն չի ծաւալեր գաղթակայաններուն մէջ, նշելով, որ ռմբակոծուած դաշտը պատանիներու խաղավայր մըն էր:

Իսրայէլեան բանակը վերսկսաւ զգուշացումներով կառոյցներ թիրախաւորել Լիբանանի մէջ: Բանակի բանբերին կողմէ հրապարակուած զգուշացումներէն կարճ ժամանակ ետք, իսրայէլեան օդուժը երէկ հարուածեց Այնաթա, Շհուր, Տէյր Քէյֆա եւ Թէյրֆըլսէյ գիւղերուն մէջ գտնուող կառոյցներ, պնդելով որ անոնք Հըզպալլային կողմէ կը գործածուին հարաւի մէջ վերատեղակայուելու համար: Իսկ Թիրի գիւղին մէջ ինքնաշարժի մը թիրախաւորումին պատճառով նիւթական վնասներու ենթարկուեցաւ դպրոցականներ փոխադրող հանրակառք մը: Հըզպալլա, իր կարգին, ազգային պարտականութիւն համարեց իսրայէլեան ոճիրներուն դէմ միացեալ կեցուածքի որդեգրումը եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով դիմադրութիւնը: «Պետական այրերը պէտք է իմանան, որ թշնամիին նկատմամբ թոյլ վարուելակերպը զայն աւելի վայրագ կը դարձնէ», ահազանգեց Հըզպալլա: Իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է պահանջէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստի գումարում՝ քննարկելու համար զինադադարի շարունակական խախտումները եւ վերահաստատելու Լիբանանի իրաւունքները:
ԲԱՆԱԿԷՆ ԶՈՀԵՐ ՊԱԱԼՊԱՔԻ ՄԷՋ
Լիբանանեան բանակը յայտարարեց, թէ Պաալպաքի Շարաունէ թաղամասին մէջ կատարուած խուզարկումներուն ընթացքին հրաձգութեան ծանր փոխանակում տեղի ունեցած է թմրանիւթերու վաճառականներուն եւ զինուորներուն միջեւ, որուն հետեւանքով սպաննուած է զանազան ոճիրներու հարցով հետպնդուող գլխաւոր կասկածելի մը, որ մասնակցած էր չորս զինուորներու սպանութեան: Ըստ բանակի յայտարարութեան, զործողութեան ընթացքին զոհուած է նաեւ երկու զինուոր:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն ցաւակցեցաւ զոհուած զինուորներու հարազատներուն ու շեշտեց, թէ ոչինչ կրնայ խոչընդոտել բանակին առաքելութիւնը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ այսօր նախատեսուած է եռակողմանի հանդիպում Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Յորդանանի ուժանիւթի նախարարներուն միջեւ: Անոնք պիտի քննարկեն Սուրիոյ վրայով Յորդանանէն Լիբանան ելեկտրամատակարարումի հնարաւորութիւնը: Վերջերս, Յորդանանի ուժանիւթի նախարար Սալէհ Խարապիշա յայտնած էր, որ Ապտալլա Բ. թագաւորը յանձնարարած է ամրապնդել Լիբանանի հետ տնտեսական համագործակցութիւնը՝ ներառեալ ելեկտրամատակարարումն ու կազամատակարարումը: Ան իր լիբանանցի պաշտօնակից Ճօ Սատիին տեղեկացուցած է, որ ենթակառոյցներու ամբողջացումին պարագային Ամման պատրաստ է ելեկտրականութիւն հայթայթելու Լիբանանին:
ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ-ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ՆՈՐ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ պաշտպանական նոր համաձայնութիւն մը կնքած է Սէուտական Արաբիոյ հետ, համոզում յայտնելով որ շուտով պիտի կնքուի նաեւ հիւլէական ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան գործարք մը:

Սպիտակ տան մէջ Սէուտական Արաբիոյ Մոհամմատ պըն Սալման գահաժառանգ իշխանը ընդունած ատեն Թրամփ շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու մէջ սէուտական ներդրումներուն համար, աւելցնելով որ Իրանին պիտի չթոյլատրուի տիրանալ հիւլէական զէնքի: Սէուտցի գահաժառանգ իշխանը իր կարգին յայտնեց, որ իրենց ներդրումները 600 միլիոն տոլարէն պիտի բարձրացնեն մէկ թրիլիոնի:
ԿԵԱՆՔԸ ՅԱՂԹԵՑ ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏԻ ՄԷՋ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ իր գլխաւորած քաղաքական ուժը յաղթանակ տարաւ Վաղարշապատի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, իսկ ընդդիմութիւնը պարտուեցաւ, «որովհետեւ Քաղաքացիական պայմանագիրը կը խօսէր կեանքի մասին, իսկ ընդդիմութիւնը՝ ափոքալիփսի մասին»:

Վարչապետին համաձայն, մարդիկ պարզապէս ընտրեցին կեանքը եւ այդպէս պիտի ընտրեն 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Յիշեցնենք, որ Վաղարշապատի մէջ տեղի ունեցած քաղաքապետական ընտրութիւններուն արդիւնքով, իշխող կուսակցութիւնը շահեցաւ 33 աթոռներէն 19-ն եւ պիտի կարենայ առանձին նշանակել քաղաքապետ, մինչ ընդդիմադիր ուժերը միասնաբար ստացան 14 աթոռ:
ՇՈՒՏՈՎ՝ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ
Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանտանեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումին հոլովոյթը շուտով դրական արդիւնքներ պիտի տայ: Իսթանպուլի մէջ ընթացող ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին, Խանտանեան ուրախութեամբ յայտնեց Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատումին մասին:

Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Անքարա զանազան մակարդակներով կը շարունակէ երկխօսութիւնը Երեւանի հետ: Իսկ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով Պաքուի հետաքրքրութիւնը յայտնեց՝ արագացնելու Հայաստանի հետ կնքուած Թրամփի ուղիի (TRIPP) գործնականացումին աշխատանքները: Ան ամերիկացի արտաքին գործերու փոխնախարար Ալիսըն Հուքերի հետ քննարկեց հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան հոլովոյթին մանրամասնութիւնները:
ՖԻՏԱՆ. «ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԱԼ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ ԻՐ ՍԱՀՄԱՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ»
«Մենք պատրաստ ենք Հայաստանի հետ կարգաւորելու յարաբերութիւնները, երբ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրուի», յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտան։
Ֆիտան Հայաստան-Ատրպէյճան եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման համար ընդգծած է Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ Հայաստանի հարաւով նախատեսուած հաղորդակցային ուղիի հարցերը, որոնք «տեղ չեն գտած Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրուած բնագրին մէջ»։
«Այդ զգայունութիւններու յաղթահարմամբ եւ Ատրպէյճանի հետ վերջնական համաձայնագրի կնքումէն յետոյ Թուրքիան ալ կը բանայ իր սահմանային դռները Հայաստանի հետ»,- նշած է Ֆիտան։
Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը համոզմունք յայտնած է, որ «Հայաստանի՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան համար այդչափ պատրաստակամ ըլլալու ամենամեծ դրդապատճառը այն է, որ կը նկատէ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով թրքական կողմին կամքը»։
Մանրամասնելով Թուրքիոյ՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով չշտապելու դրդապատճառները՝ Ֆիտան փորձած է զանոնք հիմնաւորել Հարաւային Կովկասի մէջ սառեցուած հակամարտութիւն թոյլ չտալու ցանկութեամբ։
ԱՐՇԱԿ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Արշակ արք. Խաչատուրեան որպէս վկայ հարցաքննուեցաւ շուրջ ամիս մը առաջ տարածուած անպատշաճ տեսագրութիւններուն հարցով ընթացող հետաքննութեան ծիրին մէջ:

Ըստ փաստաբան Արսէն Պապայեանին, սրբազանը հարցաքննութեան ընթացքին վերստին շեշտած է, որ նշեալ տեսագրութիւնները որեւէ կապ չունին իր հետ: Յիշեցնենք, որ համացանցին վրայ տարածուած սեռային բնոյթի տեսագրութիւնները օրին վերագրուեցան Մայր աթոռի դիւանապետին, թէեւ ան ժխտեց առնչութիւնը:
ՎԻԳԷՆ ԷՕԼՃԷՔԵԱՆ ԾԱՆՐ ՎԻՃԱԿԻ ՄԷՋ
Պաքուի մէջ բանտարկուած լիբանանահայ Վիգէն Էօլճէքեանի կողակիցը յայտնած է, որ շուրջ հինգ տարիէ ի վեր ազատազրկուած Վիգէնին հետ վերջապէս հաղորդակցութեան ընթացքին իմացած է, որ հայ գերին այլեւս չի կրնար քալել, իսկ ատրպէյճանցիները կը մերժեն անոր տալ բժիշկին նշանակած դեղերը: Ըստ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի համացանցային էջին, Վիգէն անօգնական, յուսահատ վիճակի մէջ է եւ ոեւէ մէկուն հետ խօսելու, օգնութիւն խնդրելու հնարաւորութիւն չունի:

