Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Նոր Գիրքեր. «Արդարացի Պատերազմի Տեսութիւնը»

Աւետիս Ռազմիկ (Երեւան)

November 20, 2025
in Մշակութային
0
Նոր Գիրքեր. «Արդարացի Պատերազմի Տեսութիւնը»

Լուրջ, խորունկ, ընդգրկուն եւ յոյժ այժմէական նիւթ մը ուսումնասիրած է Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Մովսէս վրդ. Սարգսեանը: Քրիստոնէութեան մօտեցումը պատերազմին, Աստուածաշունչի մէջ անդրադարձումները սպանութեան վերաբերեալ, քրիստոնեայ հայրերու կամ աստուածաբաններու տեսակէտերը պատերազմական գործողութիւններու շուրջ եղած են հիմնական քննարկումները այս մենագրութեան, որ լոյս տեսած է 2021-ին, Սբ. Էջմիածնի հրատարակչութենէն:

Շուրջ հարիւր քառասուն սկզբնաղբիւրներու, աղբիւրներու եւ գիրքերու վրայ հիմնուած այս գիտական աշխատասիրութիւնը միայն կրօնագիտութեան կամ աստուածաբանութեան առնչուող գործ չէ, այլեւ ան ունի իրաւական, քաղաքական եւ փիլիսոփայական հէնք՝ քանզի պատերազմի երեւոյթն ինքնին կը յուզէ ընկերութեան բոլոր շերտերը՝ տակաւին պատմութեան հնագոյն շրջաններէն մինչեւ մեր օրերը:

Սոյն գիրքը կը բաղկանայ երեք գլուխներէ, ունի ներածութիւն մը, ապա՝ վերջաբան մը եւ օգտագործուած գրականութեան ցանկը: Ներածականին մէջ կը ծանօթանանք գիրքի բովանդակութեան հիմնական կէտերուն. թէ ի՛նչ հարցեր եւ ինչո՞ւ արծարծուած են այս ուսումնասիրութեամբ, կը պարզաբանէ հեղինակը. դիպուկ է հեղինակի միտք բանին՝ «Մեր ժամանակներում յատկապէս կարեւոր է գիտակցել, թէ ինչ է ասում Աստուածաշունչը զինուորական ծառայութեան վերաբերեալ, քանի որ հասարակութեան որոշ խմբեր տարածում են այն ստայօդ միտքը, թէ իբր քրիստոնեաներին արգելւում է մասնակցել պատերազմի, ծառայել բանակում եւ նոյնիսկ զէնք վերցնել: Միեւնոյն ժամանակ փորձեր են արւում արդարացնել նման պատկերացումներն աստուածաշնչեան մէջբերումներով»: Ահա յստակ թիրախը այս հատորին:

Հատորին երեք գլուխները հետեւեալներն են՝ «Պատերազմ եւ զինուորական ծառայութիւն», «Արդարացի պատերազմի դոկտրինը» եւ «Ինքնապաշտպանութիւնը որպէս արդարացի պատերազմի հիմք»:

Առաջին գլուխը իր չորս բաժիններով, հպանցիկ ակնարկ մըն է այն դէպքերուն, տեսակէտերուն եւ պատգամներուն, որոնք կը վերաբերին պատերազմին եւ զինուորական ծառայութեան, արտայայտուած Հին եւ Նոր Կտակարաններուն մէջ, Վաղ Քրիստոնէութեան ժամանակաշրջանին, Քրիստոսի հետեւորդներուն կողմէ կամ եկեղեցւոյ հայրերու միջոցաւ: Հին Կտակարանին մէջ պատերազմ, մարտ, կռիւ կամ ընդհարում բառերուն կը հանդիպինք 315 անգամ: Հեղինակը, Բ. Օրինաց գիրքէն սկսելով, կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս Մովսէս մարգարէն իսրայէլացիները կ’առաջնորդէ յարձակողական կամ «սուրբ» պատերազմի՝ բնաջնջելու համար սուրբ երկիր ապրողները: Ապա, Ելից, Ղեւտացւոց, Թագաւորաց, Յեսուի, Յոբայ, Թուոց գիրքերէն, բազմաթիւ մարգարէներէ մէջբերումներ կը կատարուին պատերազմը արդարացնող՝ եթէ կը կատարուին Աստուծոյ միջնորդութեամբ: Գիրք Ժողովողին կ’ըսէ՝ «Ժամանակ սիրելոյ, եւ ժամանա՛կ ատելո՛յ: Ժամանակ պատերազմի, եւ ժամանա՛կ խաղաղութեան»: Իսկ Սաղմոսին մէջ՝ «Դու ինձ պատերազմելու զօրութիւն տուիր, դէմս ելնողներուն ոտքերուս տակ գցեցիր»: Այնուհետեւ, կը հետեւինք Նոր Կտակարանին մէջ տեղ գտած հատուածներուն, ուր Քրիստոսն ու իր աշակերտները, ինչպէս նաեւ առաքեալները իրենց Թուղթերով կը խօսին զէնք վերցնելու, պայքարելու կամ կռուելու մասին:

Ուշագրաւ է, որ կը մեկնաբանուի նաեւ Բարի ու Չար ուժերու բախումը եւ «տրամաբանական է, որ քրիստոնեաները ստիպուած են յանուն արդարութեան, յանուն բարու յաղթանակի, երբեմն նաեւ ուժի կիրառումով դիմակայել ու յաղթել չարին եւ նրա կամակատարներին»: Աւելի վերջ արդէն անցնելով հայ իրականութեան, կը գրուի Գրիգոր Լուսաւորչի բանակի ծառայութեան, սպարապետ Վաչէ Մամիկոնեանի նահատակութեան, Մանուէլ Մամիկոնեանի կտակին, Սբ. Սարգիս, Սբ. Գէորգ, Ատովմեանց զինուորներուն, Հայ Եկեղեցւոյ մէջ խաչվառ դրօշի օրհնութեան արարողութեան, հայկական զինուած ուժերուն, յիշեցնելով որ՝ «Քրիստոսի Եկեղեցին այս աշխարհի վրայ կոչւում է «զինուորեալ Եկեղեցի», որի յաղթութեան նշանն է խաչվառը»:

Երկրորդ գլուխը համապարփակ վերլուծութիւն է պատերազմի եւ խաղաղութեան փիլիսոփայական եւ իրաւական մօտեցումներուն: Թէ հինէն ի վեր երկիրներ կամ մեծ մտածողներ ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս մտածած են պատերազմի մասին. բոլորը ջատագովներն են խաղաղութեան՝ ինչպէս կրօնները, Աստուածաշունչը. սակայն՝ «Հին Յունաստանի եւ Հռոմի փիլիսոփաները սովորեցնում էին եղբայրութիւն եւ բռնութիւնից հրաժարում, իսկ պատերազմը համարում էին խաղաղութիւնը պահպանելու միջոց». «ստոիցիզմը քարոզում էր բոլոր մարդկանց հաւասարութեան, եղբայրութեան եւ սիրոյ գաղափար, ըստ որի՝ տիեզերքը մի պետութիւն է, իսկ բոլոր մարդիկ՝ նրա քաղաքացիները»: Այս առումով պատերազմի գաղափարին եւ էութեան շուրջ զարգացած են գաղափարական չորս ուղղութիւններ՝ պացիֆիզմ, միլիտարիզմ, ռէալիզմ եւ արդարացի պատերազմ: Իհարկէ, իւրաքանչիւրն ունի իր արդարացումն ու տեսաբանները:

Իսկ որո՞նք են անոնց սկզբունքները.- Պացիֆիզմը պաշտպանն է ամէն գնով խաղաղասիրութեան, կտրուկ դէմ է ուժի կիրառումին: Սա հակապատերազմական շարժում է, որ կը ժխտէ պատերազմները առ հասարակ: Այս ուղղութիւնը ունի բազմադարեայ աւանդոյթ, ըստ որու՝ պատերազմները, վերջ ի վերջոյ պէտք է վերացուին: Անոր գլխաւոր խոշոր փիլիսոփաներն են՝ Էրազմ Ռոթերտամցին (1469-1536), Սեբաստիան Ֆրանքը (1499-1542) եւ Էմանուէլ Քանթը (1724-1804): Ըստ իրենց՝ հակամարտութիւնները պէտք է լուծել բանակցութիւններու սեղանին շուրջ: Այս եզրոյթը ընդհանրացաւ 1902-էն ետք, երբ խաղաղութեան վեհաժողովի ժամանակ ֆրանսացի մասնակիցներէն մէկը զայն արտայայտեց՝ ի հակադրութիւն պատերազմին: Միւս կողմէ՝ պացիֆիզմի յստակ տարրեր կան վաղ Քրիստոնէութեան ժամանակաշրջանին, յատկապէս Պօղոս առաքեալի մօտ: Կրօնական պացիֆիզմը պայմանաւորուած է պատերազմին կրօնական եւ հոգեւոր դիմադրութեամբ: Անոնք կը դրուատեն ոչ-բռնի դիմադրութիւնը: Ուշագրաւ է, որ պացիֆիստները նախայարձակին կամ թշնամիին համար կ’օգտագործեն «ընդդիմախօս» բառը: 20-րդ դարուն եւս, այս ուղղութիւնը ունեցաւ աշխոյժ կազմակերպութիւններ, ինչպէս՝ Հաշտեցման Միջազգային Եղբայրութիւնը, Միջազգային Քրիստոնէական Ծառայութիւնը: Կրօնական պացիֆիստ էր ռուս մեծ գրող Լեւ Թոլսթոյը: Գիրքին հեղինակը կը նշէ պացիֆիստական միջազգային կարգ մը շարժումներ, դէպքեր եւ դէմքեր՝ Մահաթմա Կանտիի շարժումը (Հնդկաստան), Մարթին Լուտեր Քինկ (ԱՄՆ), պաղեստինեան Ինթիֆատան, ափրիկեան, արժանթինեան, չինական շարժումները եւ այլն: Ապա կը դիտարկէ նաեւ պացիֆիզմին թոյլ եւ ուժեղ կողմերը:

Միլիտարիզմը պատերազմը կը համարէ միանշանակ դրական երեւոյթ: Ռազմամոլութեան համազօր այս վարդապետութիւնը ներողամտութեամբ կը վերաբերի պատերազմին: Անոր հիմքը ազգայնամոլութիւնն է: Անոնք, գիտակցելով հանդերձ պատերազմի սարսափելի հետեւանքներուն, համոզուած են որ այդ կորուստները կը փոխհատուցուին պատերազմին ձեռքբերումներով: Ըստ իրենց, պատերազմը կը հոգեփոխէ մարդկանց. տղաքը կը դառնան տղամարդ. պատերազմին մասնակիցները կը սկսին զգալ եւ գնահատել իրենց անհատականութիւնն ու արժանապատուութիւնը: Պատերազմը կը զարգացնէ բնաւորութեան ուժեղ եւ կայուն որակներ: Պատերազմին դաժանութիւնը անոր մասնակիցներուն կը սորվեցնէ կարգապահութիւն, սեփական ուժերու վստահութիւն, նուիրուածութիւն, հաւատարմութիւն, պատասխանատուութիւն եւ քաջութիւն: Անոնք կը թուեն պատերազմին օգուտները տուեալ պետութեան՝ նիւթական եւ ընկերային առումներով: Միլիտարիզմի ջերմ պաշտպան էր Պենիթօ Մուսոլինին, որ կը գովաբանէր ֆաշիզմը՝ մերժելով պացիֆիզմը, զայն համարելով պայքարէ խուսափում եւ վախկտութիւն՝ անձնազոհութեան դիմաց:

Քրիստոնէական ռէալիզմը ի յայտ եկած է 20-րդ դարու 30-ական թուականներուն բողոքական աստուածաբանութեան մէջ եւ դարձած ամերիկեան քաղաքական ռէալիզմին գաղափարական հիմքը: Ըստ իրենց՝ բարոյականութիւնը անհատներու համար է եւ ոչ պետութեան: Անոնք պատերազմը որակելով հանդերձ «դժոխք», զայն կը համարեն շահոյթ՝ տարածքային եւ նիւթական իմաստներով: Անոր անուանի տեսաբաններէն են Ռէյնհոլտ Նիբուրը, Սիմէոն Ֆրանքը, որոնք կ’արդարացնեն պատերազմներուն նպատակը՝ քրիստոնէական թէզերով: Անոնք կ’ընդգծեն միջազգային իրաւունքի եւ պայմանագրերու համար որպէս յաղթաթուղթ՝ ռազմական ուժը: Ասոնք գաղափարական մօտիկութիւն ունին ֆաշիստներուն եւ նացիստներուն հետ:

Արդարացի պատերազմի տեսութիւնն ունի ենթաբաժիններ՝ պատերազմ սկսելու արդարացիութիւն, արդարացի կերպով պատերազմի վարում եւ արդարացիութիւն պատերազմի աւարտին: Այս ուղղութեան համար հիմնարար տեսութիւններ ունին միջնադարեան երկու մեծագոյն աստուածաբանները՝ Սբ. Օգոստինոս Երանելին եւ Թովմա Աքուինացին: Հոս քննարկուած են պատերազմին արդարացի հիմքը, արդար նպատակը, յաջողութեան հաւանականութիւնը, համաչափութեան սկզբունքը, արգիլուած զէնքերու հարցը, տարբերակումը կռուողներու եւ անմեղներու, մարդասիրական օգնութիւնը ռազմագերիներուն, վնասակար միջոցներու անթոյլատրելիութիւնը, հալածանքի քաղաքականութեան բացառումը, իրաւունքներու հարցը, խտրականութեան երեւոյթը, պատժամիջոցներու տրամաբանութիւնն ու սահմանները, դատաիրաւական սկզբունքները, փոխհատուցման պայմանները, պատերազմէն ետք վերականգնումի ընթացքն ու տրամաբանութիւնը: Հակառակորդի մարտիկը սպաննե՞լ թէ՞ ոչ, ահա հարց մը եւս: Օրինակ կայ նաեւ Աստուածաշունչէն՝ Դաւիթի եւ Գողիաթի դրուագով: Թունդ կաթոլիկ Թ. Աքուինացիի տեսութիւնները կը մնան այժմէական, պատերազմի շուրջ Քրիստոնէութեան մեկնաբանման առումով:

Վերջին գլուխը կը վերաբերի ինքնապաշտպանութեան՝ որպէս արդարացի պատերազմի հիմք: Տարբեր հեղինակներ տուած են ինքնապաշտպանութեան չափորոշիչները՝ իրաւական եւ բարոյական կողմերէ դիտուած: Մէջբերուած են ՄԱԿ-ի եւ միջազգային կառոյցներու օրէնքները ինքնապահպանութեան արդար խնդիրին: Միւս կողմէ, հետաքրքրական է նաեւ ուրիշներու պաշտպանութեան պատրուակով ռազմական միջամտութիւններու փաստը: Սա արդէն միջազգային քաղաքականութեան ոլորտին պատկանող երեւոյթ է՝ յաճախադէպօրէն պատահող: Գիրքի վերջաբանին մէջ կը կարդանք՝ «խաղաղութիւն հաստատելու եւ ապահովելու համար Քրիստոսի հետեւորդները պէտք է պատրաստ լինեն պատերազմելու, եթէ տուեալ պատերազմն արդարացի է, միեւնոյն ժամանակ նրանք պէտք է պատրաստ լինեն մղելու այն արդար ձեւով, որպէսզի հնարաւոր լինի ստեղծել արդար եւ խաղաղ իրավիճակ ազգերի միջեւ»:

Նշենք, որ գիրքի շապիկին տեղադրուած է նշանաւոր գեղանկարիչ Էդուարդ Իսաբէկեանի «Աւարայրի Ճակատամարտը» տպաւորիչ գործը:

Share67Tweet42
Previous Post

Լուրեր. 20 Նոյեմբեր 2025

Next Post

Ձեռնարկի Մը Հետքերով

Next Post
Ձեռնարկի Մը Հետքերով

Ձեռնարկի Մը Հետքերով

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.