Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Փիլիսոփայական Մտորումներ-31. Աստուած Չարիքը Ստեղծողը Չէ

Սուրէն Շէրիք

November 18, 2025
in Յօդուածներ
0
Փիլիսոփայական  Մտորումներ-31. Աստուած Չարիքը Ստեղծողը Չէ

Եթէ Աստուած բարութեան խորհրդանիշն է եւ ամենակարող, ինչո՞ւ չարիք գոյութիւն ունի աշխարհի վրայ։  Քրիստոնեաներու , ինչպէս նաեւ հրեաներու թէ մահմետականներու համար այս հարցումը եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ ճակատագրական։ Առաջին  ակնարկով բացայայտ ճշմարտութեան հաստատումն է, թէ չարիքը միշտ ներկայ է ամէնուրեք, ճշմարտութիւն մը, որ կը հակասէ Աստուծոյ գոյութեան։

354-430 թուականներու միջեւ ապրած փիլիսոփայ Սուրբ Օգոստինոս (Saint Augustin) այս հարցումին պատասխանը գտած ըլլալ կը թուի․ անոր համաձայն Աստուած ստեղծած է այն ինչ որ կայ, սակայն Ան չարիքը չէ ստեղծած, որովհետեւ չարիքը նիւթեղէն չէ, ան չգոյութիւն է, պակասութիւն, գոյութեան մը թերութիւնը, ինչպէս գողը, որուն կը պակսի պարկեշտութիւնը։ Սակայն պէտք է բացատրել թէ ինչո՞ւ Աստուած ստեղծած է Տիեզերքը, այնպէս մը,  որ ֆիզիքական թէ բարոյական թերութիւնները գոյութիւն ունենան, չարիքը ծնանելով։ Ս․ Օգոստինոսին պատասխանը այս հարցումին հետեւեալն է․ մարդիկ բանական արարածներ են եւ այս ուղղութեամբ Աստուած իրենց պարգեւած է  «ընտրելու ազատութիւն»ը։ Այս է պատճառը որ Աստուած ազատ ձգեց Ադամը, ընտրելու համար չարը, փոխանակ բարին։ Նոյնիսկ առանց Աստուածաշունչի հետեւելու, Ս․ Օգոստինոսի պատճառաբանութիւնը համոզիչ է, քանի որ բանականութիւնը մտածելով ընտրութիւն կատարելու կարողութիւնն է։

Եթէ Ս․ Օգոստինոսի շրջանէն ի վեր բազմաթիւ քրիստոնեայ փիլիսոփաներ չարիքի գոյութեան իրողութենէն ձերբազատուիլ փորձած են` փիլիսոփային պատճառաբանութիւնները իւրացնելով, 18-րդ դարու սկովտիացի մտածող Տէյվիտ Հիւմ վերոյիշեալ գաղափարախօսութեան ընդդիմացած է, այս վերջինին տկարութիւնը մատնանշելով, մինչեւ իսկ քննադատելով քրիստոնեայ կրօնքը այս ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն` պնդել որ հիւանդութիւնը, զոր օրինակ, առողջութեան բացակայութիւնն է, բառախաղի կը նմանի, քանի որ նոյնիսկ եթէ հիւանդութիւնը բանի մը չգոյութեան հետեւանքն է, այսուհանդերձ հիւանդին տառապանքը իրողութիւն է։

Անոնք որոնք Աստուծոյ գոյութեան ուղղութեամբ կասկածներ ունին,  Տէյվիտ Հիւմի հիմնաւորումը կրնան ընդունիլ, իսկ անոնք, որոնք Ատուծոյ գոյութեան հաւատացած են, Ս․ Օգոստինոսի պատճառաբանութեան կրնան վստահիլ։

Վերոյիշեալ  խորհրդածութիւնները հիմնուած են Աստուծոյ ստորոգելիներ կապելով, մինչդեռ 12-րդ դարուն ապրած հրեայ փիլիսոփայ Մոյիզ Մայմոնիտ կ՛առաջադրէ` ըսելով․ «Մենք չենք կրնար ըսել թէ Աստուած բարի է կամ ամենակարող, որովհետեւ այս որակականները ստորոգելիներ են եւ կը միտին սահմանելու զԱստուած, մինչդեռ Ան սահմանելի չէ»։ Մայմոնիտի համաձայն, Աստուծոյ վերագրուած որակումները ընդունելի կ՛ըլլան միայն երբ այս վերջինները կը համարուին որպէս զոյգ ժխտում․ այսպէս, «Աստուած ամենակարող է» բանաձեւը պէտք է ընկալուի եւ հասկցուի «Աստուած անկարող չէ» բանաձեւին տակ։ Ինչպէս այն ծանօթ խաղի պարագային, երբ մասնակիցները պէտք է լուծումը գտնեն՝ մեկնելով պահուած իրեղէնին ոչ թէ ինչ ըլլալը, այլ ինչ չըլլալը առաջարկելով։ Աստուծոյ պարագային տարբերութիւնը այն է, որ ճշմարտութեան հասնելու համար ժխտումներն են որոնք մեզ կ՛առաջնորդեն, հետեւաբար չենք կրնար հաստատել դրական առումով, որ ինչ է Աստուած։

Գալով 17-րդ դարուն ապրած փիլիսոփայ Սբինոզայի, Աստուած ամէն նիւթեղէնի պատճառն է, այս նիւթեղէնը Աստուածն է կամ բնութիւնը։ Այս ուղղութեամբ, ըստ իրեն, Աստուած մարմնական գոյութիւն չէ։ Սբինոզայի տեսութիւնը յաճախ ներկայացուած է որպէս համաստուածութիւն, գաղափար` ըստ որուն՝ Աստուած բնութիւնն իսկ է, ինչպէս բնութիւնը` Աստուած։ Համաստուածութեան գաղափարը աստուածաբաններու կողմէ քննադատուած է, այդ գաղափարը անուանելով անաստուածութեան քօղարկուած մէկ ձեւը։ Սակայն երբ Սբինոզա կը պնդէ, որ Աստուած ամէն ինչի պատճառն է, ըսել կ՛ուզէ՝ պարզապէս ամէն ինչ իր բացատրութիւնը կը գտնէ Աստուծոյ գաղափարին մէջ։

Share63Tweet40
Previous Post

Պօղոս Քիւրտեան. «Լիբանանի Շուկան Ոչ Մէկ Ազդեցութիւն Կրնայ Ունենալ Ոսկիի Վերիվայրումներուն Վրայ»

Next Post

Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն. Թանգարանային Փոխգործուն Նոր Ցուցադրութիւն

Next Post
Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն. Թանգարանային Փոխգործուն Նոր Ցուցադրութիւն

Խապրիկներ Նոր Հաճըն Աւանէն. Թանգարանային Փոխգործուն Նոր Ցուցադրութիւն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.