Վերջին ամիսներուն ոսկիի շուկան կը շարունակէ աննախադէպ վերելք արձանագրել՝ շփոթի մատնելով թէ՛ «մետաղներու թագուհի»ին դիմաց ծնրադրող-ներդրողները եւ թէ՛ առեւտուրի հետ առնչակից ընդարձակ խաւերը։ Ի՞նչ է այս անակնկալ թռիչքին խորքը եւ ո՛ւր կը միտի հասնիլ ոսկի–արժեթուղթ փոխյարաբերակցութիւնը։
Այս հարցերուն շուրջ էր մեր գործընկեր Պերճ Արապեանի կատարած հետաքրքրական զրոյցը՝ Լիբանանի վարպետ ոսկերիչներու եւ գոհարագործներու սենտիքայի նախագահ, գործադիր դատարանի եռեակ դատաւորներէն, ինչպէս նաեւ Վարձակալներու եռեակ յանձնախումբի իրաւասու անդամ, յարգարժան պրն. Պօղոս Քիւրտեանի հետ։
(Ա.)
Հ.- Ի՞նչ են գլխաւոր պատճառները ոսկիի արժէքին արագ եւ մեծ քայլերով բարձրացումին։
Պ.- Ամէն անգամ որ անկայունութիւն մը ստեղծուի աշխարհի տնտեսական, առեւտրական, ֆինանսական, բայց մանաւա՛նդ քաղաքական կեանքէն ներս, մարդիկ, որպէս ապահովութիւն կամ փրկութեան լաստ, կ’ապաւինին արժէքաւոր մետաղներուն, գլխաւորաբար ոսկիին։
1700-ական թուականներէն, մինչեւ այն ատեն որ աշխարհի ներքին կամ արտաքին, փոխանակումները կ’ըլլային մետաղեայ դրամանիշով՝ ոսկի, արծաթ, պրոնզ կամ նոյնիսկ պղինձ, ամէն բան կայուն էր։ Համաշխարհային առեւտուրն ու ոսկին թղթադրամին հետ կապուելէ ետք է որ սկսան վերիվայրումները։ նոյնիսկ հո՛ն, երբ թղթադրամը ծածկուած էր ոսկիով, ամէն բան կայուն մնաց։ Համաշխարհային պատերազմներէն առաջ եւ վերջ ոսկին պահած էր իր կայունութիւնը։ Միայն երկու աշխարհամարտերուն միջեւ էր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Great Deepression հետեւանքներուն պատճառաւ 1934-35-ին 70% բարձրացում մը արձանագրեց, բայց մնաց կայուն, նոյնիսկ մինչեւ 1970-ական թուականներու սկիզբը։
Հ.- Այսօրուայ դրութեամբ, կը կարծէ՞ք թէ մէկը իր ունեցած ոսկին պէտք է ծախէ։
Պ.- Ոսկին ծախելն ու գնելը ուղղակիօրէն կախում ունի ենթակային պայմաններէն։ Ենթակային պայմաններն են որ կ՛որոշեն այդ մէկը։ Սակայն, միշտ յանձնարարելի է պահե՛լ ոսկին, օգտագործելու համար միայն երբ խիստ կարիքը ներկայանայ։
Օրինակով խօսինք։ Տարիներ առաջ, երբ ոսկիին օնսը 500 տոլար էր, եթէ մէկը յարկաբաժին մը պիտի գնէր, միջին հաշուով, յարկաբաժինի մը գինը 7-8 քիլօ ոսկի էր։ Ենթական եթէ ոսկի գնած եւ պահած է մինչեւ այսօր, նոյն յարկաբաժինը կրնայ գնել 1-1,5 քիլօ ոսկիով։ Հետեւաբար, եթէ ոեւէ մէկը յարմարութիւնը ունի ոսկի գնելու, յանձնարարելի է գնել եւ պահել ցնոր տնօրինութիւն, մինչեւ յոյժ կարիք մը ներկայանայ իրեն եւ ստիպուի ծախել։
Բոլոր ներդրումներուն մէջ, ամէնէն ձեռնտուն եւ մատչելին ոսկին է։ Այլ շահաբեր ներդրումները ունին իրենց մե՛ծ անպատեհութիւնները։ Օրինակ, հողաշերտ մը կարելի չէ՛ մէկ տեղէն ուրիշ տեղ փոխադրել կամ մէկ երկրէն ուրիշ երկիր։
Աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնը կարելի է ոսկին փոխադրել եւ դիւրաւ ալ վաճառել։
Հ.- Կը կարծէ՞ք թէ ոսկին մեծ անկումի կրնայ ենթարկուիլ։
Պ.- Համաշխարհային պուրսայի խաղերը ոչ ոք կրնայ կռահել։ Այդ մէկը կրնան գիտնալ միայն Նիւ Եորքի պուրսային ետին եղող «ուժերը», մեծ դրամատէրերը եւ «մեծամեծները»։ Բայց այսօրուայ դրութեամբ, մինչեւ այն ատեն որ ոսկիի առեւտուրը կապուած է ամերիկեան տոլարին, իսկ տոլարին վիճակը շա՜տ անկայուն է, ոսկիի մեծ անկում մը հաւանական չեմ գտներ։
Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին, ամբողջ աշխարհը քայքայուած էր, բացի Ամերիկայէն։ Տոլարը ընդունուեցաւ որպէս համաշխարհային դրամանիշ, իսկ Նիւ Եորքը՝ աշխարհի գլխաւոր Պուրսան։ Երկրորդ կու գար անգլիական տիրապետութեան տակ գտնուող Հոնկ Քոնկի Պուրսան, իսկ երկուքին միջեւ՝ Պէյրութը՝ իր փառքի օրերուն։ Ժամերու տարբերութեան պատճառաւ, երբ Նիւ Եորքի եւ Հոնկ Քոնկի պուրսաները փակ կ’ըլլային, աշխարհը կը հետեւէր Պէյրութի զարգացումներուն, նոյնիսկ ոսկիի պարագային, անշուշտ փոքր համեմատութեամբ։ Գլխաւորը է ու կը մնայ Նիւ Եորքը։
Նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու պետական գիտցուած կամ յայտարարուած պարտքը, որ 34-37 թրիլիոն տոլարի կը հասնի, միւս կողմէ, BRICS-ի երկիրներուն սերտ գործակցութիւնը , որոնք աշխարհի բնակչութեան աւելի քան կէսն են այսօր եւ աշխարհի արդիւնաբերութեան մօտ 40 առ հարիւրը, ամերիկեան տոլարի պահանջքը զգալիօրէն նուազած ըլլալով , ոսկիի անկումին հաւանակութիւնը շա՜տ-շատ քիչ է, բոլորովին անհաւանական է չըսելու համար։
Ի՛մ կարծիքով, ոսկիի արժէքին բարձրացման սահման չկայ այլեւս, առաստաղը բաց է եւ անորոշ։
Հ.- Վերջերս, պետական–պաշտօնական հրաւէրով Օմանի Սուլթանութիւն գտնուեցաք։ Կրնա՞ք որոշ լուսաբանութիւններ տալ թէ ի՞նչ առիթով էր, ինչպիսի՞ հարցեր արծարծուեցան հոն։
Պ.- Լիբանան–Օման տնտեսական համագումար մը կազմակերպուած էր Օմանի Սուլթանութեան մէջ, 7-28 Հոկտեմբեր 2025-ին, Լիբանանի տնտեսութեան նախարարի կողքին կար հանգամանաւոր պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէի նաեւ ես։ Ընդհանուր հանդիպումներու շարքին ունեցայ անհատական տեսակցութիւններ եւս։ Անոնցմէ գլխաւորներէն մէկը Օմանի Սուլթանութեան առեւտուրի, աշխատաւորութեան եւ տնտեսական բարգաւաճման նախարարին Քայս Պըն Մոհամմատ Ալ-Եուսեֆի հետ։ Նախարարին հետ արծարծեցինք գլխաւորաբար երկու օրակարգ։
1․- Բոլոր արաբական երկիրներու մասնակցութեամբ, Արաբական լիկայի հովանաւորութեան տակ, կազմել ոսկերչական արհեստին հետ առնչուած համախմբում մը։ Լրջօրէն հետաքրքրական գտնելով մեր ծրագիրը, նախարարը խնդրեց որոշ մանրամասնութիւններ եւ լուսաբանութիւններ փոխանցեմ իրեն։
2․- Թէ ինչպէ՞ս կրնանք յառաջխաղաց մը ունենալ լիբանանեան ոսկեղէնի մարզին մէջ, ուղղակի գործակցելով Օմանի շուկային հետ։ Առայժմ իրենց գործակցութիւնն ու կապը Արաբական Ծոցի երկիրներուն վրայով է։
Օմանի աշխո՜յժ եւ զարգացած նախարարը, շատ շահեկան գտնելով առաջարկները, խնդրեց գրաւոր ներկայացնել երկուքն ալ, որպէսզի կարելի ըլլայ գործնական քայլեր առնել գործադրութեան համար։
Ասոր կողքին, նախարարը խնդրեց նաեւ հանդիպում մը ունենամ Օմանի պետութեան ոսկեղէնի պատկան մարմիններուն եւ ընդհանուր տնօրէնին հետ։ խնդրանքը կատարեցինք։
Մեր տեսակցութիւններուն ընթացքին, իրենց ուշադրութեան յանձնեցի որ Օմանի շուկային մէջ վաճառուող ոսկեղէնները միօրինակ, հնդկական ճաշակով են միայն։ Ոչ մէկ ձեւով կրնան գոհացնել եւրոպացի կամ այլ զբօսաշրջիկները։ Առաջարկեցի որ սկսին ուղղակի գործակցիլ Լիբանանի գործարարներուն հետ, որոնք կարողութիւնն ու փորձառութիւնը ունին գոհացնելու թէ՛ արեւելեան, թէ՛ արաբական եւ թէ՛ արեւմտեան ճաշակները։ Խորհուրդ տուի նաեւ որ յաճախորդներուն սկսին վաճառել ոչ միայն ոսկի մետաղով ոսկեղէններ, այլ նաեւ ադամանդակուռ գոհարեղէններ։ Զիրենք տեղեկացուցի թէ լիբանանեան ձեռավարձքերը շատ աւելի յարմար են քան այլ երկիրներունը, հետեւաբար տեղացին կամ զբօսաշրջիկը պատճառ մը աւելի պիտի ունենայ իր գնումները Օմանի շուկայէն ընելու։
Երբ ուզեցին ունենալ ոսկեղէնի հետ կապուած մեր երկրին օրէնքները, խնդրանքը շրջելով առաջարկեցի որ ինծի տան իրենց երկրին օրէնքները, որպէսզի կարենամ սերտել եւ տալ իմ աւելի քան 55 տարուայ փորձառութէնէս եկած կարծիքն ու գաղափարները։ Անմիջապէս կատարեցին խնդրանքս։
Առաջարկեցի նաեւ իրենց ոսկի կամ ադամանդ զննող գերարդիական մեքենաները փոխադրել օդակայան, որպէսզի կարենան հսկել եւ կանխել որեւէ խաբէութիւն, նախքան ոսկեղէնին երկիր մուտք գործելը եւ ոչ թէ անկէ ետք։
Մեր գործօն կապերը պիտի շարունակենք որպէսզի միասնաբար կարենանք իրագործել վերոնշեալ գաղափարներն ու ծրագրերը։
Հ.- Այսօր ոսկիին գինը կախեալ է միջազգային պուրսաներու խաղերէն։ Կը հաւատա՞ք, որ փոքր երկիրներ կամ տեղական շուկաներ, ինչպէս Լիբանանը, կրնան ազդեցութիւն ունենալ այդ հոսանքներուն վրայ։
Պ.- Բացարձակապէ՛ս, կտրուկ կերպով Ո՛Չ։ Լիբանանի շուկան ոսկեղէնի արտադրութեան շուկայ է, եւ ոչ մէկ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ոսկիի վերիվայրումներուն վրայ։
Որոշ, փոքր մակարդակի դեր մը ունեցած է Պէյրութի պուրսան 1975-էն առաջ, բայց ո՛չ մեծ մաշտապով։ Լրիւ կորսնցուցած ենք այդ դերը։ Շրջանի այլ երկիրներ փոխարինեցին Պէյրութը, բայց գլխաւորը է՛ ու կը մնայ Նիւ Եորքը։
Հ.- Որպէս փորձառու ոսկերիչ եւ Սենտիքայի նախագահ, կը կարծէ՞ք թէ այսօրուան անկայուն միջավայրը երկարաժամկէտ կը մղէ նոր ներդրողներ դէպի ոսկի, թէ՞ հակառակը՝ պիտի վախցնէ զանոնք։
Պ.- Աշխարհաքաղաքական անկայուն վիճակը եւ միջազգային պուրսաներէն ներս ստեղծուած իրաւիճակը գլխաւոր պատճառն է։ Կը մղէ դրամատէրերն ու դրամագլուխ ունեցող գործատէրերը որ իրենց ունեցած կանխիկ գումարները փոխարինեն արժէքաւոր մետաղներով, անշուշտ գլխաւորաբար ոսկիով։
Միջազգային շուկան միշտ ալ ապրած է նմանօրինակ իրավիճակներ։ 1980-ականի սկիզբներն ալ ոսկին ունեցաւ շատ արագ բարձրացում, բայց հետագային ալ՝ շատ արագ անկում մը։ Պէտք է ընդունիլ որ այսօրուան պայմանները բոլորովին տարբեր են, անկումը՝ անհաւանական։
Ընդհանուր կացութիւնը պատճառ է որ մարդիկ ուղղուին դէպի ոսկի, նախ որպէսզի կարենան իրենց ունեցուածքին գնողական արժէքը պահել եւ ապա որպէս ապահովութեան լաւագոյն միջոց եւ ո՛չ որպէս շահաբեր ներդրում։
(շարունակելի)

