Հայ մարդուն ոտնակոխուած բարոյականը (morale) 44-օրեայ պատերազմի պարտութենէն ետք աւելի վատթարացաւ՝ ականատես ըլլալով վերջին քանի mu ամիսներու պետութիւն-եկեղեցի փոխադարձ ցեխարձակումներուն:
Ամէն ինչ սահման ունի՝ կ’ըսէ հայկական առածը, եւ այդ սահմանը անցած ըլլալ կը թուի Էջմիածնի գահակալը՝ ըստ վարչապետ Փաշինեանի, որ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք չէր ուզած բանալ Գարեգին Բ.-ի խնդրայարոյց ծրարը:
2018 թուականի Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, նախկին իշխանութեան պարագլուխները անհետացան եւ մնաց անոնց գործակից Էջմիածնի աթոռին նստած գահակալը: Անոր ընտրութեան օրը կը համընկնէր Ազգային ժողովին մէջ թափուած արիւնին` Կարէն Դեմիրճեանի ու Վազգէն Սարգսեանի եւ այլոց:
Պատերազմի մէջ արիւնով ձեռք բերուած յաղթանակները կը փառաբանուին, իսկ արիւնով թաթախուած յաղթանակները սրբատեղիներու մէջ թախիծով կը յիշուին:
Մեր ժողովուրդի մեծամասնութեան կողմէ փսփսուքներով շրջանառուող եւ տարածուող կասկածելի ընտրութիւնը կաթողիկոսին եւ անոր անվայել կենցաղը կուսակրօնութեան ուխտին հանդէպ, դարձան պոռթկումի առարկայ վարչապետ Փաշինեանի եւ անոր համակիրներուն կողմէ, երբ Սուրբ Էջմիածնի գահին նստած կաթողիկոսը քաղաքական բեմ ելաւ իշխանափոխութիւն առաջ քշելով, եւ իր եպիսկոպոսաց դասին ահաբեկչութեան դաս տալու թելադրանքով յանցաւոր դարձաւ:
Նախկին վարչակարգի մունետիկները միամտաբար կը շարունակեն բարբաջել, թէ պետութիւնը իրաւունք չունի միջամուխ ըլլալու եկեղեցւոյ հարցերուն: Անոնք կը մոռնան կամ չեն ուզեր ընդունիլ, որ եկեղեցին դարձաւ կողմ պետութեան դէմ՝ իշխանափոխութիւն պահանջելով Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք: Անոր կողմէ հրահրուած եւ քաղաքական դաշտ իջած «Սրբազան պայքարը»-ը սրբապղծեց մեր սուրբ եկեղեցւոյ համբաւը: Երբ Հայաստանը կեղեքող նախկին իշխանաւորներուն ամէն տեսակի հնարքներն ու ճիգերը ապարդիւն մնացին իշխանափոխութիւն յաջողցնելու, դիմեցին իրենց գործընկեր Գարեգին Բ.-ին, որպէսզի եկեղեցին դարձնեն գործակից իրենց, եւ հոս է, որ եկեղեցականներ անջատուեցան մեր սուրբ եկեղեցւոյ ուխտէն ու խորհուրդէն եւ դադրեցան անոր հովանիին արժանի ուխտեալներ ըլլալէ:
Ցաւալի է այս վիճակը եւ վնասաբեր մեր ազգային արժանապատուութեան ու բարոյականին: Լուծում մը պէտք է գտնել՝ դուրս գալու համար այս վիճակէն:
Պետութիւն-եկեղեցի առճակատումը ունի երկու դերակատար:
Պետութիւնը լծուած է Հայաստանը «Երրորդ աշխարհ»-ի փտածութեան վիճակէն դուրս հանելուն եւ զայն դարձնելու արդիական, զերծ՝ կաշառակերութենէ եւ հնամաշ քանդիչ ու աւերիչ սովորութիւններէ: Ամէն օր կը կարդանք լուրեր, թէ մարդիկ կը ձերբակալուին՝ յաճախ փտածութեան դէմ պայքարի մեղադրանքներով: Նախկին իշխանութիւններուն օրօք պետութիւնը իրենց ագարակը դարձնողները այժմ կը մատնանշուին, կը հարցաքննուին եւ կը բանտարկուին: Հայաստանի մէջ 2018-ին տեղի ունեցած յաջող յեղափոխութեան շնորհիւ այս իշխանութիւնը բարեկարգումներ կատարեց բոլոր բնագաւառներէ ներս: Ամէն սփիւռքահայ ցաւով կը դիտէր հայրենի գիւղերու խղճալի վիճակը՝ անցեալին երբ հայրենիք կ’այցելէր: Հիմա գիւղական բնակավայրերու մէջ բացուած են շուրջ 200 մանկապարտէզներ ու դպրոցներ եւ կառուցուած են դէպի գիւղեր տանող բարեկարգ ճամբաներ:
Ընդդիմադիր կողմի անձերէն մին վերջերս քննադատած էր իշխանութիւնը՝ ըսելով, թէ փոխանակ դպրոց եւ ճանապարհ բանալու, պէտք է գործարան բանալ: Յատկանշական է Հայաստանի տնտեսութեան նախարարին գրառումը այս մասին, որ կ’ըսէ. «Դպրոց գնացած ու կրթուած մարդուն հնարաւոր չէ շահագործել ու կոպեկներով աշխատցնել: Հնարաւոր չէ իր ձայնը գնել ընտրութիւններում, իսկ չկրթուած, հետեւաբար խոցելի մարդու դէպքում, ցաւօք, հնարաւոր է»:
Մեր Եկեղեցին ալ ունի պարտաւորութիւններ բարեկարգումներ կատարելու:
Եկեղեցականները պարտաւոր են շահիլ հայրենի ժողովուրդին վստահութիւնը:
26 տարի մամոնայի հանդէպ սիրահարութիւն դաւանող, բռնատիրութեամբ աջ ու ձախ անբասիր եկեղեցականներ կարգալոյծ ընող եւ շահախնդրութեամբ ուրիշի հաշուոյն քաղաքականութիւն խաղացող գահակալի մը պէտքը չունի մեր սուրբ ու մայր եկեղեցին: Ամէն հայ գոց աչքով կը տեսնէ իր եկեղեցին, բայց բաց աչքով ալ կը տեսնէ սրբապիղծները իր եկեղեցւոյն:
Փաշինեանի իշխանութիւնը քննութեան պիտի ենթարկուի Յունիս 2026-ին Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններով:
Մեր շնորհալի եկեղեցականները քննութեան պիտի ենթարկուին յառաջիկայ ամիսներուն՝ յաղթահարելու համար անհանդուրժելի բռնապետութեան մը իրենց պատճառած վախը, յօգուտ իրենց եկեղեցիի մաքրագործումին եւ իրենց կոչումին ու ուխտին՝ վերջ դնելով այս ազգային բարոյականութեան

