Տեսանք, որ Պաղտատի մէջ կը գործեն հայկական չորս եկեղեցիներ։
Այժմ մեր հայեացքը դարձնենք դէպի երկրին միւս քաղաքները ու շարունակենք եկեղեցիներու թուումը։
5) Պասրայի Ս. Աստուածածին եկեղեցի. այս ալ շատ հին եկեղեցի մըն է՝ Պաղտատի նոյնանուն եկեղեցիին նման, կառուցուած շուրջ երեք դար առաջ, 1736-ին, մեծահարուստ Պետրոս աղա Սէթաղայեանի ծախքով։ Վաճառաշահ Պասրան կը գտնուի երկրին հարաւային ծայրամասը եւ շատ մօտ է Քուէյթին (նահանգը սահմանակից է)։

Մեծ Եղեռնի տարիներուն քաղաքէն ոչ-հեռու գտնուող Նահր Օմարի հայկական երբեմնի գաղթակայանի բնակիչները, աւելի ուշ, թթխմորը դարձան Պասրայի նոր գաղութին, որ ունեցաւ իր համայնքային աշխոյժ կեանքը՝ դպրոցով եւ մշակութային ձեռնարկներով (մինչեւ 2003)։ Եկեղեցին գործուն է, քանի որ տակաւին փոքրաթիւ գաղութ մը կը գոյատեւէ այնտեղ։ 1973-ին բացումը կատարուած էր Պասրայի ազգ. գերեզմանատան Ս. Յովհաննու Կարապետ մատռան եւս՝ երբ հոն հովիւ էր Սեպուհ վրդ. Սարգիսեանը (այժմ առաջնորդ Թեհրանի հայոց)։
6) Մուսուլի Ս. Էջմիածին եկեղեցի, որ սկզբնապէս շինուած է 1857-ին ու համայնքին ծառայած աւելի քան դար մը։ Այնուհետեւ, նոյն վայրին մէջ շինուած է նոր եկեղեցի մը, նոյն անունով, 1968-ին։ 2000-ականներու սկիզբը սակայն ձեռնարկուեցաւ տարբեր թաղամասի մը մէջ մէկ այլ եկեղեցիի մը շինութեան։ Բայց համայնքը չվայելեց զայն, որովհետեւ նորաշէն տաճարին շինարարական աշխատանքները հազիւ աւարտած էին՝ երբ 7 Դեկտեմբեր 2004-ին անիկա թիրախ դարձաւ անարգ ռմբահարումի մը։ Յաջորդող օրերուն ալ թալանուեցաւ…։

Այնուհետեւ, Մուսուլի ապահովական վիճակը չբարելաւուեցաւ։ «Տաէշ»-ի ծայրայեղական իսլամիստ ահաբեկիչները իրենց վերահսկողութեան տակ առին քաղաքը 2014-ի Յունիսին՝ սարսափ տարածելով ամէնուրեք։ Բոլոր քրիստոնեաները խոյս տուին Մուսուլէն։ Տեղւոյն հայոց Ս. Էջմիածին հին եկեղեցին եկուոր ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ օգտագործուեցաւ իբրեւ բանտ ու շէրիաթական դատարան, իսկ նորակառոյց եկեղեցին շարունակեց մնալ կիսովին աւերուած…։ Բարեբախտաբար 2017-ին «Տաէշ» հեռացաւ քաղաքէն ու Իրաքի պետութիւնը կրկին տէր դարձաւ Մուսուլին։ Այսօր, սակայն, հայ գաղութ չկայ հոն։
Մուսուլը վարչական կեդրոնն է հիւսիսարեւմտեան Նինուէ նահանգին, որ սահմանակից է Սուրիոյ։
7) Քերքուկի Ս. Աստուածածին եկեղեցի. բոլորովին նորակառոյց է այս աղօթատեղին ալ, շինուած՝ պետական յատկացումներով, 2015-ին։ Տեղւոյն հայերը, որոնք ընդհանրապէս աշխատած են քարիւղի արդիւնաբերութեան մարզին մէջ, նախապէս ալ ունեցեր էին իրենց սեփական եկեղեցին, նոյն անունով, որ կու գար 1950-ական թուականներէն։

Քերքուկ կը գտնուի Պաղտատէն ուղիղ գծով 250 քիլոմեթր դէպի հիւսիս, քրտական ինքնավար շրջաններէն անմիջապէս առաջ։
*
Քրտական Ինքնավար Մարզին մէջ ունինք հինգ եկեղեցիներ, բոլորն ալ՝ նորաշէն։
8) Զախոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցի. շատ սիրուն, կարմրաւուն տուֆ քարերով կառուցուած հայաոճ ու աչքառու եկեղեցի մըն է այս, որուն շինութիւնը աւարտեցաւ տակաւին հազիւ երկու տարի առաջ։ Զախօն սահմանամերձ է Թուրքիոյ եւ կը գտնուի հիւսիսային Տհոք նահանգին մէջ, Խապուր գետի երկու ափերուն վրայ։

Հինէն քրտախօս հայ գաղութ մը կար այստեղ, իր համեստ եկեղեցիով, դպրոցով ու համայնքային մարմիններով։ Հայ ընտանիքներէն շատեր հոս եկած են սահմանին միւս կողմը գտնուող թրքական Շրնաք եւ Սղերդի Տհէ գիւղաւաններէն։ Այսօր Զախոյի մէջ կ’ապրին շուրջ 1100 հայեր։
9) Տհոքի Ս. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցի. հայաոճ ճարտարապետութեան սիրուն նմոյշ մըն է այս եկեղեցին՝ հիւսիսային Տհոք նահանգի նոյնանուն քաղաքին մէջ, որ կը գտնուի Զախոյէն 55 քիլոմեթր դէպի հարաւ։ Կառուցուած է 2008-ին։ Կարելի է ըսել, թէ ամբողջ գաղութը նորակազմ է, քանի որ 2000 թուականէն առաջ հազիւ քառասուն հայ ընտանիքներ կ՛ապրէին այնտեղ։

Գաղութը ստուարացաւ՝ երբ շրջակայ միւս նահանգներէն հոսք մը սկսաւ դէպի Տհոք՝ ապահովական նկատառումներով։ Եկեղեցին երախտագիտութեամբ կը յիշէ իր գլխաւոր բարերար Սարգիս Աղաճանը, որ Քրտական Ինքնավար Մարզի ելեւմտից նախարարն էր շրջան մը։ Այսօր Տհոքի մէջ կ’ապրին շուրջ 500 հայեր։
10) Էրպիլի Ս. Խաչ եկեղեցի. այս նորաշէն եկեղեցիին մեծահանդէս օծումը կատարուեցաւ 2019–ին։

Կողքին կը գտնուի համայնքային կեդրոն մըն ալ։ Էրպիլը, Տհոքի նման, բոլորովին նորակազմ գաղութ է։ Հայաստան հիւպատոսարան մը ունի այստեղ: Հոս կ’ապրին շուրջ 600 հայեր։
11) Աւզրուկ գիւղի Ս. Վարդան եկեղեցի. այս գիւղը հիմնուած էր 1933-ին, Վասպուրականէն գաղթած հայ ընտանիքներէ։ Կը գտնուի Զախոյէն 25 քիլոմեթր հարաւ, Տհոքէն՝ 35 քիլոմեթր դէպի հիւսիս-արեւմուտք։

Շրջան մը գրեթէ դատարկուած էր հայութենէ, սակայն այսօր շուրջ 450 հայ կ’ապրի այստեղ, ընդհանրապէս` քրտախօս։ Նոր եկեղեցին կառուցուած է 2001-ին։
12) Հաւրէզք գիւղի Ս. Սարգիս եկեղեցի. հիւսիսի այս հայկական գիւղը կազմուած էր Մեծ Եղեռնէն ետք՝ երբ Նահր Օմարի վրանաքաղաքէն (Պասրայէն 40 քիլոմեթր հիւսիս) բազմահարիւր հայ գաղթական ընտանիքներ հայդուկապետ Լեւոն փաշա Շաղոյեանի առաջնորդութեամբ բերուած ու տեղաւորուած էին այստեղ, 1927-28 թուականներուն։ Գիւղը բարգաւաճ էր մինչեւ 40-ական թուականներ։

Այնուհետեւ, տնտեսական ու կլիմայական ինչ-ինչ պատճառներով՝ գիւղացիներէն շատեր հեռացան հոսկէ։ 1975-ին Սատտամի վարչակարգը, հակաքրտական քաղաքականութեան մը ծիրին մէջ, դատարկել տուած էր Հաւրէզքը, գրեթէ քանդած զայն։ Սատտամի տապալումէն ետք, 2006-էն սկսեալ, հայ ընտանիքներէն ոմանք վերադարձան իրենց բնօրրանը, աւելի ուշ ալ իրենց միացան անապահով այլ նահանգներէ հեռացած բազմաթիւ իրաքահայեր…։ Գիւղը կրկին շէնցաւ։ Հարկ տեսնուեցաւ գիւղին մէջ կառուցել Ս. Սարգիս անունով նոր եկեղեցի մը, 2010-ին։ Այսօր շուրջ 400 հայ կ’ապրի այտեղ, մեծամասնութեամբ` հայախօս։
*
Չմոռնանք Հայ Կաթողիկէ համայնքն ալ։ Ան Պաղտատի մէջ ունի երկու եկեղեցի՝ Ս. Սիրտ Յիսուսի (շինուած 1937-ին) եւ Նարեկի Տիրամայր (շինուած 2001-ին)։ Համայնքը երրորդ եկեղեցի մըն ալ ունէր սուրիական սահմանէն ոչ-հեռու Սինճար քաղաքը (Նինուէ նահանգ, Մուսուլէն դէպի արեւմուտք), ուր Մարտինէն գաղթող կաթողիկէ հայերու զանգուած մը կար հինէն իվեր։ Եկեղեցին կը կոչուէր Ս. Գէորգ, հիմնուած էր 1930-ին։ «Տաէշ»-ի հետեւորդները քանդած են զայն հիմա…։

Հայ Աւետարանականները խիստ սակաւաթիւ են Իրաքի մէջ։ Անոնք աղօթատեղի մը բացած են Պաղտատ 2003-ին։

