Կիրակի, 16 Նոյեմբեր 2025-ի կէսօրուան առաջին ժամուն, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի լուսաշող խորանին դիմաց, ծաղկեպսակներով պատուած դագաղին շուրջ հաւաքուած էր անսովոր հոծ բազմութիւն մը՝ հարազատներ, մտաւորականներ, ուսուցիչներ, աշակերտներ, գրասէրներ, որոնք եկած էին իրենց վերջին հրաժեշտը մատուցելու այն մարդուն, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր արեւմտահայերէնի ճակատագիրին։
Դամբանականը, որ արտասանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեանը, բարձրացուց նորոգ հանգուցեալ Արմենակ Եղիայեանի վաստակը՝ օրհնելով այն մտաւորականը, որ չէր յոգներ մեր լեզուն պաշտպանելէ, ուղղելէ, մաքրելէ։ Ան նշեց, որ Արմենակ Եղիայեանը ոչ միայն գիտնական էր, այլ՝ բարոյական հեղինակութիւն, որուն ներկայութեամբ իսկ լեզուն կը դառնար աւելի մատչելի, աւելի պայծառ, աւելի արժանապատիւ։
Կ’ըսեն՝ «անփոխարինելի մարդ չկայ»։ Բայց այս խօսքը կ’արժէքազրկուի այն պահուն, երբ կը կորսուի հայոց լեզուի պահապան մը: Եւ բժ. Եղիայեան այդ անփոխարինելիներէն էր։ Անոր հեռացումը ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլեւ ամբողջ սփիւռքահայութեան մօտ պիտի ձգէ տեւական բաց մը, որուն հետեւանքները շատ չանցած պիտի զգացուին՝ անոր չգրած յաջորդ գրութեան, չուղարկած ուղղութեան, չսրբագրուած մէկ նախադասութեան մէջ։
Եւ ինչ անարդար զուգադիպութիւն: Իր մահուան օրը ինք դարձեալ կանգնած էր ուղղութեան ու ճշգրտման անդադրում ծառայութեան մէջ։ Իր վերջին յօդուածը՝ գրուած մահէն քանի մը ժամ առաջ, լեզուին ծառայելու իր վերջին արարքով, նուիրուած էր «Արարատ» օրաթերթին, ուր կը սրբագրէր արեւելահայերէնէ «սխալ ու ապիկար կիրարկութեամբ» ներմուծուած «արգելափակել» բառին գործածութիւնը։ «Աջակցութիւնը վերացական հասկացութիւն մըն է, եւ իբր այդպիսին ո՛չ կ’արգելափակուի, ո՛չ կը բանտարկուի, ոչ ալ… կը բռնուի, որ տանիս ծակ մը խոթես զայն»,- կը գրէր լեզուագէտը: Ապա, դիպուկ օրինակով կը հիմնաւորէր անոր ճիշդ կիրարկութիւնը:
Այսպէս փակուեցաւ ուղեցոյց մը, որուն էջերը տակաւին կը շնչեն եւ դեռ երկար պիտի շնչեն։ Մաղթենք, որ տոքթոր Արմենակ Եղիայեանի օրինակով գտնուին մամուլի ու գիրի սպասաւորներ, որոնք նախանձախնդիր ըլլան բծախնդրօրէն վեր պահելու արեւմտահայերէնի ճիշդ գործածութեան դրօշը:

