7-21 Նոյեմբեր 2025-ին Սէուտական Արաբիոյ Ռիատ քաղաքը հիւրընկալեց Իսլամական Համերաշխութեան մրցաշարքը, ուր Լիբանանի հաւաքականին պատուիրակութիւնը 18 մարզիկներով ելոյթ ունեցաւ 7 մարզաձեւերու մէջ՝ սեղանի թենիս, լող, wushu, ծանրաբարձութիւն, ըմբշամարտ, ճիւտօ եւ մուայ թայ։ Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով մուայ թայի մարզաձեւը ներառուած էր մրցաշարքին, ուր Լիբանանի հաւաքականի կազմին մէջ ընդգրկուած էր Հ.Մ.Մ.-ական Ծովակ Ալեքի Քէօշկէրեանը: Վերջինս 44-50 քիլոկրամի քաշային դասակարգի մրցումներուն Լիբանանի համար արձանագրեց պատուաբեր արդիւնք՝ նուաճելով մուայ թայի կանաց պրոնզ մետալը:

Շաբաթ, 15 Նոյեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Ռիատէն վերադարձող Լիբանանի մարզական պատուիրակութիւնը ժամանեց Ռաֆիք Հարիրի միջազգային օդակայան, ուր պատուոյ սրահին մէջ լիբանանեան ողիմպիական ընտանիքը ջերմօրէն դիմաւորեց զանոնք։ Ընդունելութեան ներկայ էին Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի առաջին փոխնախագահ Մազէն Ռամատան, Գործադիր գրասենակի անդամ եւ Արաբական ազգային ողիմպիական կոմիտէներու միութեան գործադիր քարտուղար Հասան Ռուստոմ, Գործադիր կոմիտէի անդամ Ուասիմ Իսմայիլ եւ լրատուական խորհրդական Հասան Մուհյէտտին։
Դիմաւորողներուն միացան նաեւ Լիբանանի Մուայ թայի ֆետերասիոնի առաջին փոխնախագահ, գնդապետ Ամին Ապու Մուժահետ, ընդհանուր քարտուղար Քասեմ Նունու, Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանի Վարիչ մարմինի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի։

Օդակայան ժամանած էին նաեւ մետալակիր Ծովակի ընտանեկան հարազատները, տխրունիական եւ Հ.Մ.Մ.-ական ընկեր-ընկերուհիները։
Ճարտարապետ Մազէն Ռամատան, իբրեւ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահին եւ Գործադիր մարմինի ներկայացուցիչ, Ծովակ Քէօշկէրեանին յանձնեց ծաղկեփունջ մը՝ շնորհաւորելով թէ՛ մարզուհին, թէ՛ Մուայ թայի ֆետերասիոնը։ Ան ընդգծեց, որ մետալին հիմք եղած են Ծովակին կամքն ու հաւատքը, ինչպէս նաեւ անոր գերազանց նախապատրաստական աշխատանքները։ Ռամատան վստահեցուց, որ Ողիմպիական կոմիտէն շարունակ զօրավիգ պիտի կանգնի բոլոր մարզիկներուն՝ թոյլ տալով որ անոնք միջազգային մրցահարթակներուն վրայ նուաճումներ իրագործեն։
Ի պատասխան շնորհաւորանքներուն, Ծովակ Քէօշկէրեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէին՝ մրցաշարքին մասնակցութիւնը ապահովող աջակցութեան եւ նպաստաւոր պայմաններու համար։ Ան յատկապէս երախտագիտութիւն յայտնեց պատուիրակութեան վարչակազմին՝ մասթըր Սամի Քեպլաուիին եւ Ուիսամ Շերիէին, ինչպէս նաեւ Մուայ թայի լիբանանեան ֆետերասիոնի նախագահին եւ անդամներուն։ Մարզուհին նշեց, որ պիտի շարունակէ իր պատրաստութիւնները՝ ապագայ մրցաշարքերուն աւելի բարձր մակարդակով ներկայացնելու իր հայրենիքը եւ բարձրացնելու Լիբանանի անունը միջազգային մարզահարթակներուն վրայ։

