ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԳՆԴԱԿԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն ստորագրեց խորհրդարանական ընտրութիւններուն օրէնքը բարեփոխելու վերաբերող շտապ օրինագիծը qորհրդարան փոխանցելու որոշումը, որպէսզի քննարկուի երեսփոխաններուն կողմէ եւ կայացուի անհրաժեշտ որոշումը: Աուն որոշումին կցեց կառավարութեան 6 Հոկտեմբերի նիստի ընթացքին ընդունուած համապատասխան որոշումը:

Երէկ Պաապտա այցելեց նաեւ Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Միշէլ Իսան, որ ունի լիբանանեան արմատներ: Իսա Աունին փոխանցեց իր ամերիկցի պաշտօնակիցին ողջոյնը եւ ուրախութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ ծառայելուն համար, շեշտելով որ իր պարտականութիւնն է աւելի խորացնել բոլոր ոլորտներուն մէջ երկկողմանի համագործակցութիւնը:
ՍԷՈՒՏՑԻՆԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
Յայտարարելով Լիբանանի հետ առեւտրական կապերու վերականգնումը, երէկ Պէյրութ այցելեց սէուտցի պատուիրակ Եազիտ պըն Ֆարհանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Վերջինս շեշտեց, որ Լիբանան բոլոր արաբներուն երկիրն է եւ համագործակցութեան ձեռք կը մեկնէ բոլորին: Ան յիշեցուց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ իր յարաբերութիւնը երբեք չէ ընդհատուած:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց սէուտական պատուիրակութիւնը եւ քննարկեց լիբանանեան արտադրանքը վերստին Սէուտական Արաբիա արտահանելու ծրագիրը: Ան շեշտեց, որ առնչակից բոլոր կառոյցներէն պահանջած է արագօրէն լուծել սէուտական կողմին հետ համագործակցութեան խոչընդոտները:
ՆՈՅՆԻՍԿ ԵՈՒՆԻՖԻԼ ՄՏԱՀՈԳ Է
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն արտաքին գործերու նախարարէն պահանջեց ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն պատուիրակութեան միջոցաւ շտապ բողոք ներկայացնել իսրայէլեան սահմանային ոտնձգութիւններուն նկատմամբ: Լիբանանեան բանակին հրամանատարութիւնը ահազանգեց, թէ իսրայէլեան ուժերը կը շարունակեն խախտել Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ խաթարել երկրին կայունութիւնը, խոչընդոտելով լինանանեան բանակը երկրի ամբողջ տարածքին տեղակայելու ծրագիրը: «Բանակը կը շարունակէ համակարգել բարեկամ երկիրներուն հետ, պահանջելով անյապաղ վերջ տալ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն եւ ամէնօրեայ խախտումներուն, ինչպէս նաեւ միջամտել ու վերջ տալ խախտումներուն, որոնք կը համարուին փխրուն իրավիճակի վտանգաւոր մագլցում»:
ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու բանբեր Քանտիս Արտէլ մտահոգութիւն յայտնեց իսրայէլեան շարունակական խախտումներուն եւ Լիբանանի հարաւային շրջաններու ռմբակոծութեան առնչութեամբ: Ան հաւաստիացուց, որ խաղաղապահները պիտի շարունակեն դիտարկել իրավիճակը, հակառակ բազում մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն: Արտէլ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր պիւտճէն կրճատելու որոշումին պատճառով, ԵՈՒՆԻՖԻԼ սկսած է կրճատել Լիբանանի հարաւային շրջանին մէջ ծառայող իր խաղաղապահ զինուորներուն թիւը:

ԵՈՒՆԻՖԻԼ-էն մասնագէտներու խումբ մը եւ լիբանանեան բանակէն պատուիրակութիւն մը այցելեցին սահմանային գօտիիի այն հատուածը, ուր իսրայէլեան սահմանային պատը հատած է սահմանը եւ խախտած կապոյտ գիծը: ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի մասնագէտները այցելութեան ընթացքին յստակօրէն արձանագրեցին, որ իսրայէլեան կողմը հատած է սահմանային կապոյտ գիծը եւ պատին մէկ հատուածը կառուցած լիբանանեան հողի վրայ՝ խախտելով երկրին գերիշխանութիւնը:
ՔԱՍԷՄ. «ՎԵՐՋ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐՈՒՆ»
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասէմ կոչ ուղղեց յարգելու խորհրդարանական ընտրութիւններուն օրէնքը եւ վերջ տալու խորհրդարանին նիստերը խափանելու փորձերը, քննադատելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին վրայ յարձակողները: «Լիթանիէն հարաւ բանակին տեղակայումը զիջում է, բանակցելու պատրաստակամութիւնը զիջում է եւ Թոմ Պարրաքի մշակած փաստաթուղթին սկզբունքները որդեգրելը զիջում է: Մենք մաս կը կազմենք կառավարութեան եւ կ’ուզենք, որ յաջողի, սակայն սխալ է զիջումներու ճամբով ընթանալը», ահազանգեց Քասէմ եւ յիշեցուց, որ խնդիրը Հըզպալլան չէ, այլ՝ իսրայէլեան բռնութիւնը: Ան կառավարութեան կոչ ուղղեց մշակելու Իսրայէլին դիմակայելու ծրագիր մը, նշելով որ Դիմադրութիւնը քննադատողները կ’ընդունին, որ Լիբանան յանձնուի Իսրայէլին եւ դրուի միջազգային վերահսկողութեան տակ:
ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԷՆ
Հարիսայի Լիբանանի Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասումին նուիրուած երախտագիտական պատարագ մը: Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ պատարագը միայն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար չէ, այլ կը համախմբէ Լիբանանի բոլոր եկեղեցիները:

«Այս օրհնեալ լեռան վրայ, ուր կը միաւորուին հաւատքը, հայրենիքը, երկինքն ու Մայրի ծառը, կը հաւաքուինք երախտագիտական աղօթք մատուցելու առ Աստուած, որ մեզի շնորհեց արք. Մալոյեանը սրբադասելու շնորհքը», ըսաւ կաթողիկոս-պատրիարքը: Ան դիտել տուաւ, որ լիբանանցիները յոգնած են պառակտող լեզուաոճէն եւ միասնականութիւն կ’ուզեն:
ՔՐՏԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ՎԵՐԱՏԵՂԱԿԱՅՈՒՄ
Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ կը քաշուի Իրաքի հիւսիսային շրջանէն, նկատի առնելով Թուրքիոյ հետ սահմանային բախումներու հրահրումին վտանգը:

Ըստ յայտարարութեան, քրտական ուժերը տեղակայուած են աւելի յարմար վայրերու մէջ, որպէսզի նպաստեն խաղաղութեան հոլովոյթի յաջողութեան: Յիշեցնենք, որ կուսակցութիւնը 26 Հոկտեմբերին յայտարարած էր իր բոլոր ուժերը Թուրքիայէն Իրաքի հիւսիսային հատուած փոխադրելու մասին:

