Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

LEBSPORTS-ի Հարցազրոյցը Հ.Մ.Մ.-ի Ֆութպոլի Խումբի Գլխաւոր Մարզիչ Արա Մաթոսեանի Հետ

November 15, 2025
in Մարզական
0
LEBSPORTS-ի Հարցազրոյցը Հ.Մ.Մ.-ի Ֆութպոլի Խումբի Գլխաւոր Մարզիչ Արա Մաթոսեանի Հետ

Հ.- Coach Արա, կ’ողջունենք ձեզ LEBSPORTS-ի մէջ։ Երկրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ ստանձնած էք պատուաբեր անցեալի ժառանգութիւն ունեցող Հ.Մ.Մ.-ի խումբին մարզչական պաշտօնը: Նոր տարեշրջանի սեմին ի՞նչ կրնաք ըսել Հ.Մ.Մ.-ի նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ նպատակներուն մասին։

Պ.- Առաջին հերթին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի եւ ձեր կայքէջին այս հարցազրոյցին առիթով: Իրականութեան մէջ տակաւին նախապատրաստական լուրջ աշխատանքներու չենք սկսած: Պարզապէս ստուգողական հաւաքի շրջանի մէջ ենք, ուր բարեկամական մրցումներով կը հրաւիրենք այն ֆութպոլիստները, որոնք յարմար կը նկատենք: Ինչպէս նշեցիք, Հ.Մ.Մ.-ը պատուաբեր անցեալի ժառանգութիւն ունեցող ակումբ մըն է, պէտք է ձգտիլ իր բնական դիրքին՝ Ա. դասակարգ հասնիլ: Ինչպէս անցեալ տարեշրջանին, յոյսով եմ, որ այս տարի եւս, մնալով մեր պատասխանատութեան գիտակցութեան վրայ, ձեռք կը բերենք այնպիսի արդիւնքներ, որոնց կարօտը ունէինք վերջին վեց տարիներուն:

Որպէս մարզչական խմբակ կամ ֆութպոլիստներ, կը յուսանք լաւ արդիւնքներ ապահովել եւ բարձրանալ Բ. դասակարգ, արդարացնելով վարչութեան եւ համակիրներուն յոյսերը:

 

Հ.- Ի՞նչ տարբերութիւն պիտի ըլլայ անցեալ եւ յառաջիկայ տարեշրջաններուն միջեւ: Ինչի՞ մէջ կը կայանային անցեալ տարուան բացթողումները, որոնք նկատի առնելով լուծումներ պիտի բերէք:

Պ.- Մենք ունէինք որակեալ ֆութպոլիստներ, սակայն մրցաշրջանի ընթացքին մեծ եղաւ Հ.Մ.Մ.-ի մարզիկներուն վնասուածքներու տոկոսը, որ բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ խումբի արդիւնքներուն վրայ: Օրինակներ տալով թուարկեմ ՝ երթի խաղերուն վնասուածք ստացաւ Հասան Ժապէրը, որմէ ետք՝ ռմբարկու Ալի Շահլան, captain Միրին, նոյնպէս captain Մօսթին: Վնասուածք ունեցան նաեւ մեր բերդապահները: Միւս կողմէ, ինչպէս ձեզի յայտնի է, անցեալ տարեշրջանին երկիրը անցաւ ապահովական եւ տնտեսական զանազան ցնցումներէ: Ախոյեանական մրցումներուն ընդառաջ մենք չկրցանք լաւապէս նախապատրաստուիլ, բաւարար ժամանակ չունէինք: Ինչ կը վերաբերի այս տարուան, պէտք է ըսել որ ունինք լաւ խումբ, միեւնոյն ժամանակ մեր պահեստայիններն ալ լաւ են:

 

Հ.- Այսինքն պահեստայինները կրնա՞ն փոխարինել հիմնական խաղցողներուն, այս փոխարինման հարցը, որպէս գլխաւոր մարզիչ, ձեզի մտահոգութիւն պիտի չպատճառէ՞:

Պ.- Կրնամ ըսել՝ քիչ մըն ալ աւելի լաւ են: Քանի մը անակնկալներ պիտի տեսնէք: Ունինք կարեւոր տարրեր, ինչպէս captain Մուման, captain Ֆաքիհը, բերդապահներ՝ Պոպը եւ Զուզու Մըքտատը: Ունինք նաեւ տղաներ, որոնք հրաւիրեցինք «Անսար»-ի եւ «Ահըտ»-ի երիտասարդական խումբերէն, ինչպէս՝ Համատա Համուտը, Ալի Թըրմոսը, Ալի Սիսին եւ այլն:

 

Հ.- Փաստօրէն այսօր խումբը փորձառու եւ երիտասարդ ֆութպոլիստներու համադրում մըն է:

Պ.- Այո՛, կը փորձենք երիտասարդ եւ փորձառու այս խառնուրդէն մրցունակ խումբ մը ստանալ:

 

Հ.- Որքանո՞վ պինդ է ձեր յարաբերութիւնը մարզիկներուն հետ:

Պ.- (Ծիծաղելով) Այս հարցումը պէտք է ուղղել իրենց՝ մարզիկներուն:

 

Հ.- Ձեր պատգամը Հ.Մ.Մ.-ի բազմաթիւ համակիրներուն, որոնք պայմաններու բերումով տարիներէ ի վեր կը բացակային:

Պ.- Կոչ կ’ուղղեմ իրենց վստահելու մեզի: Ինչպէս որ անցեալ տարի բնաւ չհիասթափեցուցին մեզ, թող շարունակեն զօրավիգ կանգնիլ Հ.Մ.Մ.-ի խումբին, քանի որ իրենք խումբին 12-րդ մարզիկն են, 11-ը դաշտին վրայ են, իսկ 12-րդը՝ թրիպուններուն վրայ: Առանց մեր համակիրներուն՝ արդիւնքի չենք կրնար հասնիլ: Եւ յուսամ որ մենք ալ կ’արդարացնենք մեր վրայ դրուած բոլորին յոյսերը ու այս տարի «երկրորդ» կը բարձրանանք եւ միասնաբար կը տօնենք:

Share78Tweet49
Previous Post

Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Հիմնադրութեան 32-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ս. Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք

Next Post

Լուրեր. 18 Նոյեմբեր 2025

Next Post
Լուրեր. 18 Նոյեմբեր 2025

Լուրեր. 18 Նոյեմբեր 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.