Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Իրաքահայութիւնը Կը Փայլի Իր Նորաշէն Եկեղեցիներով – 1

 Լ. Շ.

November 15, 2025
in Գաղութային
0
Իրաքահայութիւնը Կը Փայլի Իր Նորաշէն Եկեղեցիներով – 1

Շատեր պիտի զարմանան, եթէ յիշեցնենք, թէ Իրաքի հայութիւնը դարաւոր ներկայութիւն ունի այդ հողերուն վրայ, կազմուած ու կազմակերպուած ըլլալով Մեծ Եղեռնէն 250, 300 տարի առաջ։

Պաղտատի հայոց աւագ եկեղեցիին՝ Ս. Աստուածածինի, ԺԷ. դարու առաջին կէսին կառուցուած ըլլալը ինքնին խօսուն վկայութիւնն է գաղութին հնութեան։    

Բաւական ուսումնասիրուած, բանասէրներու ու պատմագիրներու ուշադրութեան արժանացած գաղութ է Իրաքը։ Դեռ քանի մը տարի առաջ, 2017-ի Մայիսին, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի «Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ը եռօրեայ գիտաժողով մը կազմակերպած էր Իրաքի հայերուն մասին, բազմաթիւ հետաքրքրական զեկոյցներու ներկայացումով։ Այդ զեկոյցները աւելի ուշ հրատարակուեցան առանձին հատորով ալ (2021)։

Պաղտատի չարաբաստիկ ու խռովիչ դէպքերէն ետք Հայաստան հաստատուած իրաքահայ մտաւորական մը՝ դոկտ. Սեդա Օհանեան, վերջին տարիներուն երկու գիրքեր դրաւ ընթերցողներու սեղանին. «Իրաքի հայ համայնքը 20-րդ դարուն» (2016) եւ «Միջագետքի (Իրաք) գաղթօճախը վաղնջական ժամանակներէն մինչեւ 20-րդ դար» (2020)։ Հայաստանի Ազգային Արխիւը հրատարակեց «Իրաքահայ համայնքը 1915-1990-ական թուականներին, ըստ արխիւային փաստաթղթերի» ժողովածուն, դոկտ. Գոհար Աւագեանի աշխատասիրութեամբ (2018)։ Իրաքահայ այլ մտաւորական մը՝ Պետրոս Թովմասեան, իր մէկ գիրքին մէջ (2016) ուսումնասիրած ու հաստատած եղաւ, թէ Ապպասեան խալիՖաներէն երեքին մայրերը հայուհիներ էին…։

Ասոնք նորագոյն հրատարակութիւններ են։ Կան անշուշտ աւելի հիներն ալ։ Զորօրինակ՝

— «Ուղեգրութիւն Պաղտատից Էջմիածին 1812 թ.» (հեղ.՝ Սերովբէ Կարնեցի)։ Բնագիրը ֆրանսերէն է, որ հայերէն թարգմանութեամբ հանդերձ լոյս ընծայուած է Երեւան, 1968-ին։

— «Ճանապարհորդութիւն ի Բաբելոն ընդ Հայաստան յամի Տեառն 1847» (հեղ.՝ Բարունակ պէյ Ֆէրուհխան), Արմաշ, 1867։

— Եգիպտաբնակ երբեմնի ծանօթ բանասէր Արշակ Ալպօյաճեանի «Իրաքի հայերը» (Երեւան, 2003)։

— Տոքթ. Մովսէս Տէր Յակոբեանի «Իրաքահայ կեանքէն. Մուսուլ հասնող գաղթականութիւնը 1915-1918» (Պէյրութ, 1981)‎։

Ասոնց քովն ի վեր՝ մասնակի աղբիւրներ են Պաղտատի Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութեան յիսնամեակի յուշամատեանը (տպուած՝ Պէյրութ, 1976-ին) եւ Համբարձում Աղպաշեանի կազմած «Յուշամատեան Իրաքի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի» ժողովածուն (2016)։

Առօրեայ մամուլի, պարբերաթերթերու եւ հանդէսներու մէջ եւս մեծաթիւ նիւթեր կարելի է գտնել իրաքահայոց մասին։ Այս շարքէն՝ գո՛նէ յիշենք Կարօ Գէորգեանի «Ամէնուն Տարեգիրքը» (Պէյրութ), որուն 1957-ի թիւին մէջ վաթսուն էջանի պատկերազարդ ընդարձակ ակնարկ մը կայ Իրաքի հայ գաղութին անցեալի պատմութեան ու ներկային վրայ։

50-60 տարի առաջ, իր փառքի օրերուն, Իրաքի հայութեան թիւը կը հասնէր 25 հազարի (գերակշռող եղած են վասպուրականցիներն ու սղերդցիները)։ Այսօր այդ թիւին հազիւ մէկ հինգերորդը մնացած է երկրին մէջ…։ Գաղթը աւեր գործեր է այստեղ, ինչպէս աւելի ուշ պատահեցաւ Սուրիոյ պարագային ալ։ Ակներեւ եղած է նաեւ ներքին գաղթը կամ ըսենք՝ ընտանիքներու տեղափոխութիւնը երկրին հարաւային ու կեդրոնական անապահով շրջաններէն  (Պասրա, Պաղտատ, Մուսուլ) դէպի հիւսիս, քրտական ինքնավար նահանգները, ուր կազմուած են նոր համայնքներ։ Եւ այս համայնքներուն մէջ է, ահաւասիկ, որ վերջին տարիներուն ակնբախ դարձած է եկեղեցաշինական աննախընթաց շարժում մը։ Հայաոճ շա՛տ գեղեցիկ, գոհարանման տաճարներ կանգնեցուած են Քերքուկէն մինչեւ Տհոք ու Զախօ երկարող գիծին վրայ…։

Իրաքահայոց գաղութային կեանքին այսօրուան բո՛ւն յենասիւները իր եկեղեցիներն են ուրեմն։ Հիներն ու նորերը միասին վերցուցած՝ տասէ աւելի է անոնց թիւը, ու համայնքը կրնայ արդարօրէն հպարտանալ անոնցմով։ Թուե՛նք այդ եկեղեցիները մի առ մի։ Սկսինք մայրաքաղաքէն, որ կը գտնուի երկրին ճի՛շդ կեդրոնը.

1)   Պաղտատի առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին. կառուցուած է 1954–57, փոխարինելով ԺԹ. դարու կէսերուն շինուած նախկին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին։ Այս վերջինը գաղութին իբրեւ կեդրոն ծառայած է լման դար մը։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը վեհաշուք ու սիրուն տաճար մըն է, որուն ճարտարապետը լիբանանահայ Մարտիրոս Ալթունեանն է։ Գլխաւոր բարերարը՝ Սիմոն Ղարիպեանը։

2) Պաղտատի պատմական եւ դարաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ գաղութին առաջին աղօթատեղին է, կառուցուած՝ 1639-ին։ Այս թուականը պաշտօնապէս կ՛ընդունուի որպէս Իրաքի հայոց թեմի հիմնարկութեան տարեթիւ։ Աւանդազրոյցի ձեւով կը պատմուի, թէ երբ օսմանեան բանակը պաշարեց Պաղտատը (1638)` զայն պարսիկներէն գրաւելու նպատակով, լուրջ դժուարութիւններու, անյաջողութիւններու բախեցաւ։

 

Բանակին ծառայող պոլսեցի հայ ձուլագործ մը՝ Գէորգ Նազար/Նազարէթեան (կամ Կէօք-Նազար), Սուլթան Մուրատ Դ.-ին  առաջարկեց ձուլել նորովի մեծ թնդանօթ մը, որուն ռումբերը կրնային տապալել թշնամիին բոլոր ամրոցները…։ Այդպէ՛ս ալ եղաւ։ Հայ թնդանօթաձիգը պատրաստեց իր ձեռակերտ հրետանին, որուն շնորհիւ օսմանցիք ի վերջոյ  յաջողեցան գրաւել քաղաքը՝ զայն իրենց լուծին տակ պահելու համար մինչեւ 1917, անգլիացիներու մուտքը։ Սուլթանը գնահատեց Կէօք-Նազարի նուիրումը ու անոր խնդրանքին ընդառաջ երթալով՝ հող տրամադրեց պաղտատահայոց, որպէսզի իրենց սեփական եկեղեցին բարձրացնեն այնտեղ։ Ս. Աստուածածինը, որ ուխտատեղի է քրիստոնեայ բոլոր յարանուանութեանց հաւատացելոց համար առ այսօր, ա՛յդպէս կառուցուեցաւ։

3) Ս. Կարապետ եկեղեցի (Պաղտատ). կառուցուած է 1973-ին, հայաշատ Նորաշէն թաղամասի ազգային ծերանոցի շրջափակէն ներս, նպատակ ունենալով գոհացնել հոգեւոր կարիքները թէ՛ ծերանոցի մնայուն բնակիչներուն, թէ՛ շրջանի հայ հասարակութեան։ Եկեղեցւոյ բարերարուհին, ինչպէս ծերանոցինը, տիկ. Ռէճինէ Իսկէնտէրեանն է։

Եկեղեցին զգեցած է վանքի բնոյթ, քանի որ հոս տեղի ունեցած են Հայ Եկեղեցասիրաց Կազմի Ս. Գրոց դասընթացքներ, նաեւ՝ քահանայական թեկնածուներու պատրաստութեան վարժընթացներ։

4) Ս. Նահատակաց եկեղեցի (Պաղտատ). մատուռ մըն է, կառուցուած 1986-ին, ազգ. գերեզմանատան մէջ։

 

(շարունակելի)

Share64Tweet40
Previous Post

«ԱՐԱՐԱՏ»-ի Շնորհաւորական Բարեմաղթանքը «ՄԱՍԻՍ»-ի 45-Ամեակին

Next Post

Դաւիթ Անյաղթ

Next Post
Դաւիթ Անյաղթ

Դաւիթ Անյաղթ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.