Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԱՐԱՐԱՏ»-ի Շնորհաւորական Բարեմաղթանքը «ՄԱՍԻՍ»-ի 45-Ամեակին

November 15, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
«ԱՐԱՐԱՏ»-ի Շնորհաւորական Բարեմաղթանքը «ՄԱՍԻՍ»-ի 45-Ամեակին

«Արարատ»-ի տնօրէնութեան, խմբագրակազմին եւ ողջ պաշտօնէութեան անունով կը յայտնենք մեր ջերմագին շնորհաւորանքները «Մասիս» շաբաթաթերթին՝ հիմնադրութեան 45-րդ տարեդարձին առիթով։

Չորս տասնամեակէ աւելի «Մասիս»-ը իր անշեղ աշխատասիրութեամբ, գաղափարական հաւատարմութեամբ, որպէս ինքնատիպ ձայն կը շարունակէ իր մամլոյ ծառայողական առաքելութիւնը Ամերիկայի մէջ։ Այս երկար ուղին կերտուեցաւ ընթերցողներու ակնկալութիւնները արժեւորելով, կամաւորներու նուիրումով եւ խմբագրական հետեւողական աշխատանքով՝ համադրելով սփիւռքահայ իրականութեան խնդիրները, հայրենի լուրերը եւ աշխարհասփիւռ հայութեան մտահոգութիւնները։

Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցած 45-ամեակի հանդիսութիւնը վկայութիւնը եղաւ ոչ միայն «Մասիս»-ի անցնող պայծառ ուղիին, այլ նաեւ այն գնահատանքին, որ կը վայելէ ան ԱՄՆ-ի, Հայաստանի եւ սփիւռքեան կառոյցներու մօտ։ Տօնակատարութեան մասնակից էին հայ եւ ամերիկացի ներկայացուցիչներ, եկեղեցականներ, կուսակցական մարմիններ, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ գոնկրեսի անդամ Լորա Ֆրիտմընը, որուն կողմէ խմբագիր Գրիգոր Խոտանեանին շնորհուեցաւ «Գոնկրեսական Գնահատանքի Վկայագիր»։ Նշանակալի էր նաեւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Իսրայէլեանի ուղերձը, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան թեմի բարեջան առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի տեսերիզային պատգամը։ Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Փասատինայի Յովսէփեան վարժարանի ժրաջան տնօրէն՝ թատերագիր Շահէ Մանկրեան։

«Արարատ»-ը՝ իբրեւ համանման գաղափարական ուղի ունեցող երկօրեայ թերթ, կը գնահատէ իր ամերիկաբնակ գրչեղբօր՝ «Մասիս»-ի լրագրողական ընթացքը, ազգային-միութենական ծառայութիւնը եւ հայապահպանութեան մէջ ունեցած այն դերը, որ կը գերազանցէ սովորական մամուլի առաքելութիւնը։

«Մասիս»-ի խմբագիր ընկեր Գրիգոր Խոտանեանին եւ գաղափարակից ընկերներուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ, ընթերցողական աւելի լայն շրջանակ ու եւս տասնամեակներու լուսաւոր ուղի։

Շնորհաւոր 45-ամեակդ, «Մասիս»։

Share66Tweet41
Previous Post

Արեւմտահայերէնի Անփոխարինելի Կորուստը. Ոչ Եւս Է Բժ. Արմենակ Եղիայեան

Next Post

Իրաքահայութիւնը Կը Փայլի Իր Նորաշէն Եկեղեցիներով – 1

Next Post
Իրաքահայութիւնը Կը Փայլի Իր Նորաշէն Եկեղեցիներով – 1

Իրաքահայութիւնը Կը Փայլի Իր Նորաշէն Եկեղեցիներով - 1

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.