Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Դաւիթ Անյաղթ

Անի Թորանեան (Երեւան)

November 15, 2025
in Յօդուածներ
0
Դաւիթ Անյաղթ
Փիլիսոփայութիւնը պէտք է առաջնորդէ մարդը դէպի
ճշմարիտ գիտելիք եւ սորվեցնէ ինչպէս խուսափիլ չարէն։
                                                                                                   Դաւիթ Անյաղթ

 

 

Հայ փիլիսոփայական միտքի ամէնէն պայծառ դէմքերէն, որ ապրեցաւ ու ստեղծագործեց ԺԵ.-ԺԶ. դարերուն, հայոց համար մտաւոր կենսունակութեան եւ քաղաքական անկայունութեան դժուարին դարաշրջանին:

Անոր աշխատանքը կը ներկայացնէ դասական յունական փիլիսոփայութեան՝ նոր-պղատոնականութեան (Neoplatonism) եւ արիստոտելեան միտքի հետ հայ-քրիստոնէական հոգեւոր եւ մշակութային աւանդոյթներուն արտասովոր համադրութիւնը։

Այն ժամանակ, երբ Հայաստանը կը դիմակայէր իր դրացի հզօր կայսրութիւններու ճնշումներուն, փիլիսոփայական իմաստութեան պահպանումը դարձաւ ոչ թէ սովորական մտաւոր վարժանք, այլ մշակութային դիմադրողականութեան դրսեւորում:

Այս հակիրճ ակնարկը փորձ մըն է լոյս սփռելու Դաւիթ Անյաղթի կեանքի, աշխատանքի եւ անգնահատելի ժառանգութեան վրայ՝ զայն դնելով իր պատմական միջավայրին մէջ, եւ անոր մօտեցումները բաղդատելով իր ժամանակակից միտքի մարդոց՝ Փրոքլեսի եւ Պոէթիոսի հետ, որոնց նպատակը նոյնպէս դասական փիլիսոփայութեան ներդաշնակումն էր զարգացող քրիստոնէական միտքին հետ։

Դաւիթ Անյաղթի Հայաստանը սուր հակադրութիւններու երկիր էր։ Արեւմուտքէն՝ Բիւզանդական կայսրութեան, արեւելքէն՝ Սասանեան Պարսկական կայսրութեան միջեւ տեղակայուած հայկական թագաւորութիւններուն ինքնիշխանութիւնը ենթակայ էր անընդմէջ սպառնալիքներու։

Այնուամենայնիւ, այդօրինակ աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներու պայմաններուն տակ, Հայաստանը կը սնուցէր կենսունակ քրիստոնէական ինքնութիւն մը, որ դարձաւ երկրին ազգային եւ մշակութային դիմադրողականութեան անկիւնաքարը։

Վանքերն ու տաճարային դպրոցները կը ծառայէին որպէս մտաւոր կեդրոններ, պահպանելով յունական փիլիսոփայական բնագրերը եւ խթանելով գիտական ​​աւանդոյթը, որ խորապէս կապուած էր կրօնական կեանքին։

Ե. դարուն ակներեւ էր Մաշտոցեան այբուբենին գործած հրաշքը, որ նպաստեց դասական յունարէն եւ ասորերէն բնագրերուն հայերէնի թարգմանութեան։

Բառ ու բանի ինքնօրինակ ծաղկումի այս շրջանը Դաւիթ Անյաղթին կարելիութիւն ընձեռեց ծանօթանալու Արիստոտելի եւ նոր-պղատոնականներու ստեղծագործութիւններուն, զայն հաստատելով փիլիսոփայական ժառանգութեան եւ ազգային ինքնութեան եզակի խաչմերուկին։

Անչափ կարեւոր էր գոյութիւն ունեցող մտաւոր մթնոլորտը, որ պարարտ հող հանդիսացաւ ցանկութիւններու եւ ձգտումներու զարգացման համար։

Հին իմաստութեան պահպանումը դարձաւ հայկական մշակութային եւ կրօնական կեանքի անբաժան մաս։

Ցաւօք, շատ քիչ բան գիտենք Դաւիթ Անյաղթի կեանքի մանրամասնութիւններուն մասին, սակայն, փոխարէնը, մեզի շատ բան կը փոխանցէ անոր մտաւոր ներկայութիւնը։

Դաւիթ Անյաղթ, գլխաւորաբար Արիստոտելի մասին մեկնաբանութիւններու միջոցաւ (որոնք ունէին նոր-պղատոնական միտքի հարուստ կառուցուածք) դարձաւ տրամաբանութեան եւ բնազանցութեան վարպետ։

Ան իր մօտեցմամբ շեշտը կը դնէր իրականութեան նուիրապետական կառուցուածքի, հոգիի խոյանքի եւ աստուածային իմացականութիւնը հասկնալու ձգտումին վրայ, որոնք բոլորը հիմնական կորիզն էին նոր-պղատոնական աւանդոյթի։

Դաւիթ Անյաղթ իր յոյն նախորդներէն տարբերեցաւ անով, որ նոր-պղատոնականութիւնը ան յարմարեցուց հայ-քրիստոնէական միաջավայրին։

Յոյներուն խիստ տրամաբանութիւնն ու բնազանցական խորքը պահպանելով հանդերձ, Դաւիթ Անյաղթին աշխատանքը առաւելաբար կը վերաբերի իր ժամանակակիցներուն բարոյական եւ աստուածաբանական խնդիրներուն։

Անոր տեսլականին մէջ իմաստասիրութիւնը ոչ թէ վերացական կամ մեկուսացուած նիւթ, այլ բարոյական կեանքի, հոգեւոր զարգացումի եւ մտաւոր յղկումի ուղեցոյց եղաւ յարատեւ ճնշումներու ենթարկուած իր ժողովուրդին համար։

Այս իմաստուն մարդը իր գրուածքներով կամուրջ նետեց իր ազգին ապրած իրականութեան եւ Յունաստանի դասական ժառանգութեան միջեւ։

– «Ով որ գէթ անգամ մը փիլիսոփայական խօսք կը տենչայ եւ պատեհ առիթ կ’ունենայ լոկ մատին ծայրով ճաշակելու անոր  քաղցրութիւնը, ան բոլոր երկրաւոր հոգերուն «մնաք բարեաւ» ըսելով, ողջախոհ մոլութեամբ անձնատուր կ’ըլլայ անոր» – գրած է ան։

Եւ քանի որ ամէն բան աւելի յստակ ու հասկնալի կը դառնայ համեմատութեան մէջ, այդ իսկ պատճառով օգտակար կը գտնեմ Դաւիթ Անյաղթը  բաղդատութեան մէջ դնել իր երկու ոչ-հայ ժամանակակիցներուն՝ իմաստասէրներ Փրոքլէսի եւ Պոէթիոսի հետ։

Բիւզանդացի նոր-պղատոնական  Փրոքլէս (412–485) մարմնացումն էր Դաւիթի աւանդած դասական փիլիսոփայական միտքին։

Փրոքլէս ուսումնասիրած էր իրականութեան նուիրապետական կառուցուածքները, աստուածային միտքի ծագումը եւ հոգիի խոյանքը։ Ան ընդարձակ մեկնաբանութիւններով հանդէս եկած է Պղատոնի, անոր երկերուն մասին, ինչպէս նաեւ մշակած է համապարփակ բնազանցական համակարգ մը։

Դաւիթ եւս կը պատկանէր այդ շրջանակին, սակայն, ի տարբերութիւն Փրոքլէսի, որուն փիլիսոփայութիւնը կառչած կը մնար հեթանոսական մտաւոր հորիզոնին, Դաւիթ այս գաղափարները  համադրած էր քրիստոնէական աշխարհայեացքին՝ անդրադառնալով իր մշակոյթին բնորոշ բարոյական եւ աստուածաբանական խնդիրներուն։

Հռոմէացի փիլիսոփայ Պոէթիոս (480–524) արեւմտեան համարժէքն է  այս համադրումին։ Ան կը ձգտէր հաշտեցնելու բանականութիւնն ու հաւատքը՝ Արիստոտելի տրամաբանութիւնը եւ նոր-պղատոնական գաղափարները փոխանցելով քրիստոնէական լսարանին։

Անոր «Փիլիսոփայութեան մխիթարութիւնը» աշխատութիւնը կ’արտացոլէ մարդկային տառապանքի, աստուածային կարգի եւ բարոյական կեանքի վերաբերող մտահոգութիւն, որ համահունչ է Դաւիթի մտահոգութիւններուն, թէպէտ ձեւաւորուած ըլլալով մշակութային եւ քաղաքական տարբեր  միջավայրի մը մէջ։

Երբ Պոէթիոս փիլիսոփայութիւնը կը գործածէր որպէս անձնական եւ հասարակական մխիթարութեան աղբիւր, Դաւիթ Անյաղթը աւելի համակարգուած եւ կեդրոնացած կը տեսնենք տրամաբանութեան եւ բնազանցութեան վրայ, երկու գործիք, որոնք կ’օգնէին աւելի լաւ ըմբռնելու աստուածային եւ բնական կարգը։

Այս երեք իմաստասէրները ուշագրաւ մտաւոր շարունակականութիւն մը կը կազմեն։

Հայաստանի,  Բիւզանդիոյ եւ Հռոմէական Արեւմուտքի փիլիսոփաները կը ձգտէին պահպանելու դասական իմաստութիւնը, ներգրաւելու քրիստոնէական միտքի մէջ եւ կիրառելու իրենց ժամանակներու հոգեւոր եւ բարոյական հրատապ հարցերու մէջ։

 

Մեծ է Դաւիթ Անյաղթին ազդեցութիւնը հայ փիլիսոփայական միտքին վրայ։

Թարգմանելով, մեկնաբանելով եւ ընդլայնելով Արիստոտելի եւ նոր-պղատոնականներու աշխատութիւնները, ան  ապահովեց հայ գիտութեան կապը ուշ անթիք մտածողութեան աւելի լայն հոսանքներուն հետ։ Անոր մեկնաբանութիւնները հիմնարար գրառումներ դարձան ապագայի հայ փիլիսոփաներուն համար, սերունդներու համար ձեւաւորելով տրամաբանութիւնը, բնազանցութիւնը եւ բարոյական աշխատանքը։

 

Աւելին, Դաւիթ Անյաղթին աշխատանքը կը մարմնաւորէ համընդհանուր փիլիսոփայական գաղափարներու յարմարեցումը պատմական եւ մշակութային որոշ դրոյթներու: Ան իր գործունէութեամբ ցոյց տուաւ, որ մտաւոր խստապահանջութիւնը կարելի է համադրել բարոյական եւ հոգեւոր զգայնութեան հետ։ Ցոյց տուաւ նաեւ, որ փիլիսոփայութիւնը կրնայ ծառայել ապրող մշակոյթին, ոչ թէ պարզապէս պահպանել վերացական ճշմարտութիւնները:

Անոր ժառանգութիւնը կ’արտացոլէ հայ գիտութեան տոկունութիւնը քաղաքական ճնշումներու, մշակութային սպառնալիքներու եւ պատմութեան վերիվայրումներու դիմաց։

Փաստօրէն, Դաւիթ Անյաղթ հանդէս եկաւ որպէս աշխարհներու միջեւ կամուրջ։ Կամուրջ՝ դասական յունական ժառանգութեան, հայ-քրիստոնէական մշակոյթի, տրամաբանութեան եւ բնազանցութեան վերացական ոլորտներու եւ իր ժողովուրդի բարոյական իրականութեան միջեւ:

Երկխօսութեան մէջ մտնելով իր ժամանակակիցներ՝ Փրոքլէսի եւ Պոէթիոսի նմաններուն հետ,  ան պատկերեց ուշ անթիք մտաւորականներու համընդհանուր որոնումները՝ պահպանել իմաստութիւնը, լուսաւորել մարդկային հոգին եւ  բանականութիւնը ներդաշնակել հաւատքին հետ:

Հայաստանի լեռներուն վրայ եւ վանքերուն մէջ, անկայունութեան եւ անորոշութեան պայմաններուն տակ, Դաւիթ Անյաղթ կրցաւ ապրեցնել փիլիսոփայական այն աւանդոյթը, որ կը յարատեւէ որպէս մտաւոր քաջութեան, մշակութային դիմադրողականութեան եւ միտքի անկրկնելի ուժի վկայութիւն:

Share63Tweet40
Previous Post

Իրաքահայութիւնը Կը Փայլի Իր Նորաշէն Եկեղեցիներով – 1

Next Post

Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Հիմնադրութեան 32-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ս. Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք

Next Post
Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Հիմնադրութեան 32-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ս. Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք

Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Հիմնադրութեան 32-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ս. Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.