Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Արեւմտահայերէնի Անփոխարինելի Կորուստը. Ոչ Եւս Է Բժ. Արմենակ Եղիայեան

November 15, 2025
in Գաղութային
0
Արեւմտահայերէնի  Անփոխարինելի Կորուստը. Ոչ Եւս Է Բժ. Արմենակ Եղիայեան

Միայն լիբանանահայութիւնը չէ որ կորսնցուց իր զտարիւն ու պատկառելի մտաւորականներէն վերջինը, այլեւ արեւմտահայերէ՛նն ալ որբացաւ քանի մը օր առաջ, երբ այս աշխարհէն լռիկ-մնջիկ հրաժեշտ առաւ բժ. Արմենակ Եղիայեանը, բոլորին ծանօթ նշանաւոր «տոքթոր»-ը։

Հիմա ո՞վ պիտի մատնանշէ մեր լեզուական թերութիւններն ու սխալները մեր թերթերուն մէջ։ Ո՞վ պիտի սաստէ հայ խմբագիրներն ու յօդուածագիրները` որպէսզի անոնք աւելի նախանձախնդիր ըլլան մեր ոսկեղնիկին նկատմամբ։ Ո՞վ պարզաբանումներ պիտի բերէ մեզի` արեւմտահայ քերականութեան առօրեայ խնդիրներուն կամ բարդ ու անծանօթ գաղտնիքներուն մասին։

Չկայ։ Հրապարակը ամայացաւ, անապատի վերածուեցաւ։

Հիմա մենք, իբրեւ մամուլի ու գիրի սպասաւորներ, որո՞ւն պիտի դիմենք այսուհետեւ` արեւմտահայերէնի քերականական սա կամ նա հարցին վերաբերեալ յստակ ու մեկին պատասխաններ ստանալու համար…։

Տոքթ. Արմենակին մահով կ`անհետանայ սփիւռքահայ այն հազուագիւտ լեզուաբաններէն մէկը եւս, որ տասնամեակներ շարունակ անդադար ծծեց բառարաններու եւ հայագիտական հին ու նոր հատորներու հիւթը ու իր հրաշալի մեկնաբանութիւններն ալ աւելցնելով անոնց վրայ` մատչելի ձեւով հրամցուց զանոնք հանրութեան, առանց երբեք յոգնելու, առանց ձանձրանալու, առանց յուսահատելու։

Հին շրջաններու Մխիթարեան երեւելի լեզուաբաններուն կրկնօրինակն էր կարծէք։

Հասած էր հասուն տարիքի մը։ 86 տարեկան էր, սակայն կը պահէր ակնբախ թարմութիւն մը։ Իր մտային պայծառութիւնը նախանձելի էր։ Լեզուաբանական գիտութեանց եւ հայ գրականութեան քալող հանրագիտարան մըն էր, որուն նմանօրինակը գրեթէ չկար մեր շուրջ, թերեւս չէինք ունեցած անցեալին եւս։ Իր «Ուղեցոյց»-ը, որ 800 էջանի կոթողային գործ մըն է, մտքի ու պրպտողական ճիգի եւ համադրումի անգերազանցելի աշխատանք մը պիտի մնայ, որ նաեւ պիտի անմահացնէ իր անունը։

Ինչ մեղք սակայն, որ լիբանանահայութիւնը չկրցաւ (կամ չխորհեցաւ) հրապարակային մեծարանքի մը կամ ժողովրդային սիրոյ արտայայտութեան մը ընդմէջէն գնահատել, հրապարակաւ պատուել իր այս մեծ զաւակը։ Ինչո՞ւ անտեսուեցաւ։ Առիթները չէին պակսեր բնաւ. ծննդեան 75-ամեակ մը, 80-ամեակ մը, յետոյ 85-ամեակ մը եկան ու անցան աննշմար…։ «Ուղեցոյց»-ին հրապարակումն անգամ խթան չեղաւ մեր «մշակութային» միութիւններէն մէկուն կամ միւսին` մտածելու, թէ անոր հեղինակը արժանի էր հրապարակային երախտիքի մը, ծափահարութեան մը, տաքուկ ողջոյնի մը…

Ափսո՜ս…։ Ուշ է այլեւս։ Բաժակը կոտրելէն ետք է որ միայն կ`անդրադառնանք անոր արժէքին։

Տոքթորը մեկնեցաւ։

Գո՛նէ չմոռցուի իր գործը։ Գո՛նէ մեր հայեացքը չհեռացնենք այն վիթխարի աշխատասիրութենէն, որ տոքթորին «Ուղեցոյց»-ը հանդիսացաւ եւ որուն էջերէն ամէն օր կրնանք շիթ մը գիտելիք սորվիլ, քայլ մը յառաջ երթալ հայերէնի մեր թերի իմացութեան մէջ։

 

Share68Tweet42
Previous Post

Ծովակ Քէօշկէրեան Ռիատի Մէջ Պրոնզէ Մետալակիր

Next Post

«ԱՐԱՐԱՏ»-ի Շնորհաւորական Բարեմաղթանքը «ՄԱՍԻՍ»-ի 45-Ամեակին

Next Post
«ԱՐԱՐԱՏ»-ի Շնորհաւորական Բարեմաղթանքը «ՄԱՍԻՍ»-ի 45-Ամեակին

«ԱՐԱՐԱՏ»-ի Շնորհաւորական Բարեմաղթանքը «ՄԱՍԻՍ»-ի 45-Ամեակին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.