Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ ընթացող Իսլամական պետութիւններու Համերաշխութեան խաղերուն ընթացքին Հ.Մ.Մ.-ական մարզիկ Ծովակ Քէօշկէրեան հասած է պատուաբեր արդիւնքի՝ Լիբանանին համար նուաճելով Մուայ Թայի մարզաձեւի կանանց մրցաշարքի պրոնզէ մետալը:
Այս հպարտառիթ նուաճումին առիթով, Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի Գործադիր մարմինը այսօր ի պատիւ Ծովակին պատշաճ ընդունելութիւն մը կը կազմակերպէ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ժամանումներու սրահին մէջ:

